İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հալէպ 2018 – Մաս 2

Մանուէլ Քէշիշեան

Սկիզբը՝ այստեղ

2018-ի սկիզբէն Հալէպի մէջ կազմուեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրաապետութեան 100 ամեակը ըստ արժանւոյն նշելու կոչուած կեդրոնական մարմին մը, որուն մաս կը կազմէին երեք հայ համայնքապետերը եւ գրեթէ բոլոր միութիւնները: Ամէն ինչ լաւ աւարտ ունեցաւ, տարուան ընթացքին միութիւններու բոլոր ձեռնարկները նուիրուեցան 100 ամեակին , մինչեւ գլխաւոր միջոցառումը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ հեռու մնացած միութիւնը ՝ միջնորդութեամբ Հ.Հ.ի գլխաւոր հիւպատոսին: Այստեղ յարկ է նշել, որ 2018 բարի էր նաեւ անով, որ գաղութի երկու ամենակարեւոր ուժերու՝ Հ.Բ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Յ.Դ.ի միջեւ կայացաւ հաշտութիւն՝ Մանուէլ Քէշիշեանի հեղինակած եւ Հ.Ե.Ը.ի Ադամաեան թատերախումբին հետ 2017 –ի  Նոյեմբերին բեմադրած «Է՜հ Հալէպ, Հալէպ» ներկայացումէն ետք, թիւրիմացաբար խզուած կապերը վերականգնեցան:

Նշենք, որ Հ.Հ.ի Հալէպի Գլխաւոր հիւպատոսը դրական մեծ դեր կը խաղայ գաղութի կեանքին մէջ ընդհանրապէս,  համերաշխութեան պահպանման մէջ մասնաւորապէս:

Ինչպէս համայն հայութեան, մեզի համար ալ մեծ նշանակութիւն ունեցաւ «Թաւշեայ» յեղափոխութիւնը, մանաւանդ երիտասարդներուն մօտ, որոնք մեծ ոգեւորութեամբ տոգորուեցան: Թէեւ որոշ կազմակերպութիւններու ղեկավարներ յաջողեցան իրենց հետեւորդներուն մէջ տարակուսանք սերմանել հայրենի նոր իշխանութեան հանդէպ: անոնք դիմեցին ամէն միջոցի, հրապարակային հայրենասիրական ելոյթներ կազմակերպեցին եւ ոգեշնչեցին իրենց դարաւոր զոհողութիւնները յանուն ազգին եւ հայրենիքին: Ընդհանուր առմամբ մինչեւ հիմա ալ մեր ղեկավարներէն ոմանք որոշ վերապահութիւն մը կը ցուցաբերեն նոր ղեկավարութեան հանդէպ, թէեւ բոլորն ալ մեծ սիրով ընդունեցին Սփիւռքի նախարարին այցը Հալէպ եւ անոր մասնակցութիւնը Հայաստանի նորագոյն հանրապետութեան Անկախութեան տօնին, զոր կազմակկերպած էր Հ.Հ. Գլխաւոր հիւպատոսութիւնը:

Հալէպահայութեան մեծ ոգեւորութիւն եւ հպարտութիւն պատճառեց նաեւ Յուլիս ամսուն  հայկական բանակի երիտասարդ, թիկնեղ սպաներուն այցը Հալէպ, որ ըստ իրենց բնութագրումին մարդասիրական էր, յետոյ պիտի գիտնայինք որ անոնք եկած էին հայկական բանակի Սուրիոյ մէջ խաղաղասիրական  մասնակցութիւնը կարգաւորելու:

Այս ամառ հալէպահայերը ուրախ էին, անոնցմէ շատեր Հայաստան այցելեցին, ուր բոլորն ալ հարազատներ կամ բարեկամներ ունին: Հալէպահայերը շատ կ’ուզեն Հայաստանի մէջ ապրիլ, բայց քանի մը «եթէ»ներ արգելք կը հանդիսանան. «եթէ»ները կը սկսին աշխատավարձերու սակաւութեան չափէն եւ կը հասնին տան վարձքերու մեծ չափերուն: սակայն միշտ ալ Հայաստան փոխադրուողներ կան, կան նաեւ Եւրոպա եւ Գանատա գաղթողներ, Միացեալ Նահանգներ գաղթողներ, ամենատարբեր երկիրներ գաղթողներ, իսկ վերադարձողնե՞ր: հատուկենտ են անոնք, մատներու վրայ համրուողներ: Նոյնիսկ Սուրիոյ ծովեզերքէն չեն ուզեր Հալէպ վերադառնալ, թէեւ ամրան մեծ թիւով նախկին հալէպահայեր եկան Հալէպ, սակայն բոլորն ալ խանութ-տուն- գրասենեակ ծախելու, վերջնականապէս խզելու կապը տակաւին սիրելի բայց անցանկալի այս քաղաքին հետ: Ոմանք ծախեցին իրենց ունեցածը, ուրիշներ նախընտրեցին սպասել գիներու բարձրացման:

Ծախուող բոլոր տուները արաբները կը գնեն, ո՞ր խենդ հայը կամ քրիստոնեան անշարժ գոյքի դրամ կը յատկացնէ անորոշ ապագայ ունեցող այս երկրին մէջ… ու մեր թաղերուն դիմագիծը ամբողջութեամբ կը փոխուի, մեր դրացիները հայերէ աւելի արաբներ կը դառնան, մեր առօրեայ կապը մասնագիտական յարաբերութիւններէ անդին կ’երթան, կը սերտանան եւ կը սկսին վերածուիլ ընտանեկան կապերու: Մեր թիւը կը շարունակէ նուազիլ, կը մեծնայ տարբերութիւնը աղջիկներու եւ տղոց թիւերուն, երիտասարդ տղաքը կը շարունակեն երկրէն հեռանալ, խուսափելու զինուորակած ծառայութենէն, անոնք  քանի մը տարի համալսարանի նոյն դասարանը կը մնան ապա աւարտելէ ետք վկայական չստանալու գնով կը հեռանան երկրէն:

Ու մենք կը շարունակենք ապրիլ. Կը պահենք մեր դպրոցները, մեր միութիւնները կը ջանան պահել իրենց գոյութիւնը, ռամկավարները իրենց Թէքէեան Մշակութային Միութիւնով լուսանցքէ դուրս են, ոչ մէկ գործունէութիւն, միմիայն ներկայ կը գտնուին այլ միութիւններու միջոցառումներուն: Հնչակեանները կը փորձեն ամէն գնով պահել իրենց Կիլիկեան Վարժարանը, Ն.Սերունդ Մշակութային Միութիւնը, ուր ներկայիս անոնց թատերախումբն ու պարախումբը ելոյթներ կը պատրաստեն: Պատնէշի վրայ են Հ.Ե.Ը.ն ու Համազգայինը, անոնք ունին երաժշտական եւ նկարչական դպրոցներ, պարախումբեր, թատերախումբեր, երգչախումբեր. Հայ երիտասարդաց Ընկերկացութեան Սենեկային Նուագախումբը միակն է ամբողջ Սուրիոյ մէջ: Պատկերացուցէք, այս բոլոր խումբերը այս տարի ելոյթներ ունեցան, նպաստելով ոչ միայն գաղութի աշխուժացման այլ հանդէս եկան բարձրարուեստ ելոյթներով, մանաւանդ Հ.Ե.Ը.ի Սենեկային նուագախումբն ու «Անդրանիկ» պարախումբը, վերջինիս ելոյթները կարելի է ընդունիլ որպէս բեմական նուաճում եւ բարձրաճակատ ներկայացնել այլ երկիրներու խստապահանջ հանդիսատեսին իսկ: Համազգայինը մեծ շուքով տօնեց իր իննսուն ամեակը ներկայութեամբ Պէյրութէն եւ Երեւանէն հիւրերու, Հայ Մարմնամարզական Ընդհանուր Միութիւնը քանի մը ձեռնարկներով նշեց իր պանծալի հարիւր ամեակը…

Այսինքն հաւաքական մեր կեանքը եռուն է Հալէպի մէջ:

Մեր երեք համայնքներուն մայր եկեղեցիները վնասուած էին: Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցիի իւրայատուկ փայտեայ աառաստաղը արդէն նորոգուեցաւ,  Նաւակատիքն ալ մեծ շուքով տեղի ունեցաւ: Հայ Առաքելական Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ նորոգութիւնը հասաւ իր աւարտին, Հայ Կաթողիկէ Գթութեանց Մայր եկեղեցիի նորոգութիւնները սկիզբ առին: Գաղութը կը վերականգնի , Գաղութի հաւաքական կեանքը առողջ է ու կը շարունակենք ապրիլ:        

Հապա՞ անհատական մեր կեանքը:

Կը շարունակենք օգնութիւններու ապաստանիլ, կը շարունակենք անորոշ ապագային վհատած առքերով նայիլ:

Այս ընթացքով չենք կրնար շարունակել. ջայլամութիւն չընենք եւ չըսենք, թէ գաղութը պիտի վերականգնի: Գաղութը պիտի չվերականգնի:  Երկու ճանապարհ կայ, երկուքէն մէկը պէտք է ընտրենք ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՕՐԷՆ, կամ ալ հաւաքականօրէն երկուքի պէտք է բաժնուինք եւ երկու ճամբով հաւասարապէս ընթանանք.

Առաջինը՝ օգնութիւն տալու փոխարէն գործ պէտք է հայթայթենք երիտասարդներուն, օգնութիւնը մեզ մուրացկան կը դարձնէ, իսկ գործը…

Հոգեբան ընկերուհի մը ունիմ որ կ’ըսէ.

-Մեծ, պզտիկ, կին, տղամարդ, ուսանած, չուսանած պէտք է աշխատին.աշխատանքի մեծ ծրագիրներ  պէտք է մշակուին եւ յաջողցնեն, հաւաքուած գումարները կը թափուին այս ձեւով եւ անօգուտ է ժամանակաւոր նիւթական օգնութիւնը, մինչ գործը, աշխատանքը թէ՛ նիւթական կ’ապահովէ եւ թէ՛ Հոգեկան գոհունակութիւն կ’ապահովէ:

Երկրորդը՝ Օգնել բոլորին Հայաստանի մէջ հաստատուիլ, օգնել նոյնիսկ եթէ յարկ ըլլայ որոշ համայնական կամ միութենապատկան կալուածներ ծախել, չէ՞ որ այս կալուածները վերջ ի վերջոյ գաղութին կը պատկանին, եւ եթէ գաղութը չքանայ կամ նօսրանայ, ի՞նչ ճակատագիր պիտի ունենան մեր կալուածները:

2018 տարին հասաւ իր աւարտին:

2019 թուականը բարի թող ըլլայ հայութեան եւ Հայաստանին եւ Արցախին համար:

Շնորհաւոր Նոր տարի:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 31 Դեկտ. 2018

https://www.civilnet.am/news/2019/01/01/Հալէպ-2018-Մաս-2/351476

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın