İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հիմա Ուժերը Հաւաքելու Ժամանակն Է

Նամակ երկրէն

Ընտրութիւնները վերջացան, այսօրուան էջը փակ է եւ վաղը, բառին իսկական առումով, նոր օր է Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն համար։

Նիկոլ Փաշինեանը եւ քաղաքական ուժերը աւարտին հասցուցին ազատ եւ մաքուր քուէարկութիւն մը, որ նաեւ կ՚աւետէ երիտասարդ ուժերու եւ մեծ թիւով նոր ու թարմ դէմքերու մուտքը Ազգային Ժողով։

Այսօր ժողովուրդը յայտնեց իր կամքը եւ երկրի ղեկը յանձնեց Նիկոլ Փաշինեանին, որ իրականութեան մէջ, հայ քաղաքական բեմի ամէնէն արժանի թեկնածուն է։ Ժողովուրդի վստահութեան քուէին արժանացած ղեկավարը։

Վերջացաւ նաեւ քարոզարշաւը եւ հայ քաղաքական բեմի բոլոր դերակատարները պէտք է այլեւս վերջ դնեն փոխադարձ ցեխարձակումներուն եւ յարգեն ժողովուրդին որոշումը։
Իսկ հայրենիքի նոր ղեկավարներուն կը սպասէ ծանր աշխատանք։ Երկիրը պէտք է բուժէ իր վէրքերը եւ արագ ոտգի կանգնելով՝ վերելքի ուղիներ որոնէ ու գտնէ։ Մեծ են յոյսերն ու ակնկալութիւնները, սխալելու լուսանցքը նեղ է եւ «մանեվրելու» շատ տեղ չկայ։ Բայց կայ կամք եւ վճռականութիւն՝ մէջտեղէն մաքրելու զարգացման եւ առաջընթացի խոչընդոտներն ու խցանուած սողանցքները՝ փտածութիւնը (կոռուպցիա), վատ արդարադատութիւնը, մենաշնորհները, հովանաւորչութիւնը եւայլն։

Հիմա բոլորս պէտք է ընդունինք նոր իրականութիւնը եւ ընտրութիւններուն լաւն ու վատը ուսումնասիրելէ ետք, իբրեւ քաղաքական ուժեր լծուինք պետականաշինութեան գործին։ Մեր 25 տարեկան երիտասարդ հայրենիքը մեծ մարտահրաւէրներու առջեւ է եւ համահայկական համախմբում է պէտք՝ մեր նոր Ազգային Ժողովին եւ կազմուելիք կառավարութեան շուրջ։

Խրախուսենք նաեւ, որ մեր երկրի նոր ղեկավարը՝ Նիկոլ Փաշինեանը, իր շուրջը համախմբէ «Իմ Քայլը» դաշինքէն դուրս գտնուող արհեստավարժ եւ բարի համբաւ ունեցող երիտասարդ ու նաեւ փորձառու մարդիկ, եւ զանոնք ներգրաւէ գործադիր իշխանութիւններուն մէջ։ Հիմա ուժերը համախմբելու եւ բոլորին կարողականութիւնը եւ ներուժը երկրի բարգաւաճման եւ հզօրացման ծառայեցնելու ժամանակն է այլեւս։

Իսկ նախկին «կումպացված», փտածութեան հետ առնչուած քաղաքական դէմքերը, որոնք մերժուեցան ժողովուրդին կողմէ, քաջութիւնը պիտի ունենան ընդունելու իրենց պարտութիւնը եւ պատասխանատւութիւն կրելու՝ անցեալի յանցագործ որեւէ գործունէութեան համար։

Վաղը կը սկսի հիմա, այս իսկ ռոպէին։ Ուրեմն յաջողութիւն մեր նոր ղեկավարներուն, յաջողութիւն՝ ընդդիմութեան ու յաջողութիւն նաեւ բոլոր արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերուն, որոնք պատրաստ են փակելու հին էջը եւ հայրենակերտման աշխատանքի լծուիլ՝ ինքնամաքրման եւ/կամ ինքնաճանաչման գործընթացը անցնելէ ետք։

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ ինծի։
rafdoud@aol.com


https://www.civilnet.am/news/2018/12/10/Հիմա-Ուժերը-Հաւաքելու-Ժամանակն-Է/350234

 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın