İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆԻԿՈՍԻՈՅ ՄԷՋ ԳԻՆԵՁՕՆ

Սփիւռքահայ մտաւորական Հրայր Ճէպէճեանի կողմէ հրատարակուած «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» անուանեալ գիրքը կը շարունակէ մտաւորական շրջանակներէ ներս անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Վերջին շրջանին Հրայր Ճէպէճեանի այս գիրքին համար կը կազմակերպուին զանազան շնորհանդէսներ։ Կը տեղեկանանք, որ անցեալ շաբաթավերջին գինեձօն մըն ալ տեղի ունեցած է Նիկոսիոյ մէջ։ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Կիպրոսի թեմակալ առաջնորդ Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած է ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուած է նաեւ Յունական Կիպրոսի խորհրդարանէն ներս հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան։

Հրայր Ճէպէճեանի հեղինակած գիրքին մասին խօսեցաւ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ կրթական մշակ ու նկարիչ Վարդան Թաշճեան։ Գիրքի խմբագիրը՝ Արտա Ճէպէճեան եւս ներկաներուն հետ բաժնեց իր խոհերը։

Գիրքի հեղինակը՝ Հրայր Ճէպէճեան հանդէս եկաւ շնորհակալութեան խօսքով մը։ Յայտագրի գործադրութեան աւարտին ան ջերմօրէն շրջապատուեցաւ ներկաներուն կողմէ, որոնց համար մակագրեց գիրքեր։


http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F4-12-2018-նիկոսիոյ-մէջ-գինեձօն

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın