İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլու երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներէ հոգեւոր առաջնորդներու հետ։ Գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավարը փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն հետ մէկտեղուեցաւ ճաշասեղանի մը շուրջ։ Քըլըչտարօղլուի տանտիրութեամբ Եշիլգիւղի «Ֆէնէր» ճաշարանին մէջ սարքուած սեղանին շուրջ էին Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Հրէից րաբունապետ Իսհաք Հալեւա, Ասորիներու պատրիարքական փոխանորդ Եուսուֆ Չեթին եւ փոքրամասնութիւններու շրջանակներէն այլ քանի մը դէմքեր։ Քըլըչտարօղլուի հետ էին նաեւ Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլու եւ ՃՀՓ-ի շրջանային մասնաճիւղի ղեկավարը։

Ճաշասեղանի շուրջ ծաւալուեցաւ անմիջական զրոյց մը։ Այս հանդիպումը չունէր մասնաւոր օրակարգ մը, պարզապէս Քեմալ Քըլըչտարօղլու փափաքած էր թարմացնել իր շփումը փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, նախապէս ալ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քըլըչտարօղլու զանազան առիթներով մէկտեղուած էր փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն հետ՝ նման ձեւաչափով հանդիպումներով։


http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/17-11-2018-եշիլգիւղի-մէջ-ճաշկերոյթ

 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın