Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, ուղեկցութեամբ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի, 10 նոյեմբեր 2018, շաբաթ, մեկնեցաւ Անտիոք։
Նորին սրբազնութիւնը հրաուիրուած էր «Վերածնունդ եւ երիտասարդութիւն» խմբակի (Տիրիլիշ վէ կենչլիք ֆետերասիոնու) կողմէ սարքուած ասուլիսի մը, որ տեղի ունեցաւ 11 նոյեմբեր 2018, կիրակի, ժամը 11.00-ին։ Սոյն հաւաքոյթին հրաւիրուած էր նաեւ նախկին նախարար Էկեմէն Պաղըշ։
«Վերածնունդ եւ երիտասարդութիւն» խմբակի կողմէ կազմակերպուած ասուլիսը Հաթայի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան կեդրոնին մէջ սկսաւ ժամը 11.15-ին։ Նորին սրբազնութիւնը կեդրոնի մուտքին դիմաւորուեցաւ Քումլուի գաւառապետ Էրճան Քայապաշըի կողմէ։ Բացման խօսքը կատարուեցաւ Քաղաքակրթութեանց երգչախումբի ատենապետ Եըլմազ Էօզֆըրատի կողմէ։ Առաջին բանախօսը՝ Անտիոքի Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ ատենապետ Ֆատի Հուրիկիլ շեշտեց, թէ Անտիոքը նուիրական վայր մըն է, ուր քաղաքակրթութիւններ կը հանդիպին իրարու։ Ապա արտայայտուեցաւ Անտիոքի հրեայ համայնքի ատենապետ Շաուլ Ճանենտիօղլու, որ մատնանշեց, թէ հրեայ համայնքի անդամներ Անտիոքի մէջ երկար տարիներէ ի վեր դրացի են մահմետականներու ու քրիստոնեաներու հետ։ Անտիոքի միւֆթիի ներկայացուցիչն ալ շեշտեց դրացնութեան կարեւորութիւնը։
«Վերածնունդ եւ երիտասարդութիւն» խմբակի ատենապետ Պերիվան Ալկըն ըսաւ, թէ սուրիացի 317 որբերու տէր կանգնելու եւ անոնց նուէրներ բաժնելու, սոյն ասուլիսը կազմակերպելու համար ժամանած էր Եւրոմիութեան նախկին նախարար Էկեմէն Պաղըշ, հակառակ այն իրողութեան, որ տակաւին քանի մը օրեր առաջ կորսնցուցած էր իր մայրը։ Նախարարին կ՚ընկերանար նաեւ Թուրքիոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը։
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Պատ-րիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ արտայայտուեցաւ հետեւեալ ձեւով՝ «Մեր այսօրուան փանէլի նիւթն է ապրիլ իրարու հետ։ Սակայն, երբ կամաց-կամաց սահմաններ կը վերանան քաղաքակիրթ երկիրներու միջեւ եւ ժողովրդավարութեան ճամբուն վրայ մեծ քայլեր կ՚առնուին, երբ կը շարունակուին երկխօսութիւններ ժողովուրդներու եւ կրօններու միջեւ, դեռ չենք կրցած սորվիլ իրարու հետ ապրիլը։ Ցաւ կը պատճառէ այս երկրին մէջ տակաւին կրօնական ազատութեան մասին խօսիլը։ Կրօնական ու ժողովրդական հատուածներու անջատումներ, ճիշդն ըսած՝ վրէժխնդրութեան ու ատելութեան զգացումները զանազան միջազգային ու տեղական հարթակներու վրայ խռովութեան ու հարցերու դուռ կը բանան»։ Նորին սրբազնութիւնը շարունակելով իր խօսքերը՝ ըսաւ. «Եթէ մեր փափաքն է իրարու հետ ապրիլն ու խաղաղութիւնը, առաջին քայլը պէտք է գայ պետութենէն։ Ապա անհատներ պէտք է շարունակեն այդ քայլերը։ Մենք՝ իբրեւ տարբեր հաւատքներու եւ ազգութեանց պատկանող համայնքներ, կրօնի, դաւանանքի, հաւատքի ու ազգութեան մեր պատկանելիութիւնը արտայայտելու ազատութիւնը ձեռք բերինք ԱՔ կուսակցութեան շրջանին։ Մինչեւ երէկ կրօնափոխութեան համար դիմում կը կատարուէր դատարան. իսկ այսօր կարելի է դիմել Բնակչութեան գրասենեակ (Նիւֆուս միւտիւրլիւղիւ) ու լուծել հարցը հինգ վայրկեանի մէջ։ Սկսաւ թուրք եւ իսլամ չեղող համայնքներու ձեռքէն գրաւուած գոյքերուն իրենց իրաւատէրերուն վերադարձը, արգիլեալ նիւթերու մասին խօսելու եւ վիճաբանելու ազատութիւնը։ Իրարու թշնամի ու ատելութեամբ լեցուած տարբեր կրօններու եւ ազգութեանց պատկանող ժողովուրդներ սկսան զիրար հասկնալ ու գիրկընդխառնուիլ»։
Ասուլիսի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Եւրոմիութեան նախկին նախարար Էկեմէն Պաղըշ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն եւ իր երախտապարտութիւնը յայտնեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ սրբազան հօր ու Անտիոքի փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուն։ Ան շարունակելով իր խօսքերը՝ ըսաւ, թէ իր նախարարութեան շրջանին հեռաձայնած էր Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ սրբազան հօր, որպէսզի հոգեւորականի մը նշանակումը խնդրէ Աղթամարի պտոյտի մը առթիւ, որուն պիտի մասնակցէին նաեւ դեսպաններ։ Իսկ Սրբազան հայրը պատասխանած էր, ըսելով, թէ նախարարի մը ու օտար դեսպաններու մասնակցութեան պատճառաւ ինք անձամբ պիտի մասնակցէր, փոխանակ հոգեւորական մը նշանակելու։ Այսպէսով, ապրուած էր յիշատակելի օր մը։ Նոյն օր, առաջին անգամն էր, որ ՓՔՔ-ի ահաբեկչութեան պատճառաւ նահատակուած 11 զինուորներու յուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակցած էին Եւրոմիութեան դեսպաններն ու Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը։ Այս ամէնը երկխօսութեան շնորհիւ էր։ Ինչպէս որ Մատըմաքի ու Կազիի մէջ, սինակոկի ու եկեղեցւոյ ահաբեկչութեան առթիւ, 6-7 սեպտեմբերի դէպքերուն միասնաբար կիսուած էին ցաւերը, յետ այսու պէտք էր կրկին զօրավիգ կանգնէինք իրարու։ Պաղըշ ըսաւ նաեւ, թէ Հանրապետութեան շրջանին առաջին վարչապետը, որ այցելեց հայերուն, յոյներուն ու հրեաներուն, Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն էր։ Յետոյ յիշեցուց նաեւ, թէ անցնող ամիսներուն Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը ներքին գործոց նախարարին ալ մասնակցութեամբ հոյակապ հիւրասիրութիւն մը կատարած էր իր սարքած իֆթարի սեղանով։ Ան շեշտեց նաեւ, թէ Անտիոքը հազարաւոր տարիներէ ի վեր Թուրքիոյ ու աշխարհին կը ներկայանար իբրեւ քաղաքակրթութեան քաղաք մը։ Նախարարը ըսաւ, թէ ինչպէս որ խաղաղ կը զգար ունկնդրելով Վելի էֆէնտիի եղանակներուն, նոյնպէս ալ՝ Թադէոս էֆէնտիի եղանակները եւ Օննօ Թունչի ու Կարօ Մաֆեանի եղանակները կ՚երգէր։ Ան վճռեց, թէ չունէինք ուրիշ ճամբայ, բացի իրարու տէր կանգնելէ եւ պիտի չկարենային յաջողիլ անոնք, որոնք կը ցանկային ատելութիւն սերմանել։ Նման օրինակներ էին 15 յուլիսն ու Կեզիի դէպքերը եւ իւրաքանչիւրը միասնութեան դէմ գործուած արարքներ էին։ «Հազարաւոր տարիներէ ի վեր միասին ենք ու պիտի շարունակենք նոյն միասնութիւնը», ըսաւ ան։
Ասուլիսի աւարտին յուշանուէրներ յանձնուեցան մասնակիցներուն։
Ապա, Ալթընէօզիւի գաւառապետութեան կողմէ ճաշասեղանով մը պատուասիրուեցան ներկաները։ Էկեմէն Պաղըշ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ու ընկերակիցները անցնելով Ալթընէօզիւ գտնուող Պոյնուեողուն առժամեայ կացարանը, այցելեցին Սուրիոյ գաղթականաց բնակավայրերը ու 317 սուրիացի որբերուն նուէրներ բաշխեցին։
http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F12-11-2018-հաթայի-մէջ-հաւաք
İlk yorum yapan siz olun