İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՖԷՆԷՐԻ ՄԷՋ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ

Ֆէնէրի յունաց պատրիարքարանին մէջ, Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ուքրայնայի նախագահ Փեթրօ Փորոշենքոն։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարք եւ Փեթրօ Փորոշենքօ ստորագրեցին համագործակցութեան վերաբերեալ համաձայնագիր մը։ Ստորագրման արարողութեան ընթացքին Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարք յայտարարեց, որ Ուքրայնայի Ուղղափառ եկեղեցւոյ լիակատար ինքնավարութեան շնորհուիլը պիտի նպաստէ ուքրանացի ուղղափառներու միաւորման։

Ռուս Ուղղափառ եկեղեցին շաբաթներ առաջ յայտարարած էր, որ խզած է կապերը Ֆէնէրի պատրիարքարանին հետ՝ որովհետեւ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարք չեղեալ համարած էր 17-րդ դարուն ընդունուած եկեղեցական որոշումը, որով Ուքրայնայի եկեղեցին կ՚անցնէր Մոսկուայի պատրիարքութեան հովանաւորութեան ներքեւ։

Նախագահ Փեթրօ Փորոշենքօ Ֆէնէրի յունաց պատրիարքարանը այցելելու առընթեր, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հետ ալ հանդիպում մը ունեցաւ։ Երկու նախագահները գլխաւորեցին Թուրքիա-Ուքրայնա Բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի ժողովը։


http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F5-11-2018-ֆէնէրի-մէջ-կարեւոր-համաձայնագիր

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın