Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ իր աւարտին հասաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով հերթական նստաշրջանը, որ տեղի ունեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ։ Ժողովներուն ատենապետեցին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան եւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ ու Վատիկանի մօտ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ ԳՀԽ քննարկեց յառաջիկային Ազգային-եկեղեցական ժողով գումարելու հարցը։ Սա ԳՀԽ-ի նախորդ ժողովներու քննարկումներու արդիւնքով առնուած որոշումներուն շարունակութիւնն էր։ Այս կապակցութեամբ զեկոյց մը ներկայացուց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան։ Քննարկումներու աւարտին որոշուեցաւ յառաջիկայ տարի կազմակերպել Ազգային-եկեղեցական ժողով։ Այս Ազգային-եկեղեցական ժողովը պիտի գումարուի՝ «Հայոց Եկեղեցին 21-րդ դարուն. ներկայ եւ ապագայ» խորագրին ներքեւ։ Ժողովականները քննութեան առին նաեւ Ազգային-եկեղեցական ժողովի օրակարգին մէջ ընդգրկուելիք հաւանական նիւթերը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան ԳՀԽ-ի նիստերուն ժամանակ զեկուցում մը ներկայացուց եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու մասին։ Ան ընդգծեց անհրաժեշտութիւնը եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները ընդլայնելու կրթական, մշակութային, ընկերային, առողջապահական եւ տնտեսական ոլորտներու մէջ՝ երաշխիքներ ապահովելու համար մեր ազգային-հոգեւոր անվտանգութեան եւ հայկական ինքնութեան պահպանման ուղղութեամբ։ Ժողովական հայրերը գոհունակութեամբ ընդունեցին զեկոյցը՝ թելադրելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատկան կառոյցներուն շարունակել զօրացնել գործակցութիւնը պետութեան հետ՝ ի խնդիր հայրենիքի պայծառութեան եւ ժողովուրդի շէն ու բարօր կեանքի։
Հայ ժողովուրդէն ծնունդ առած երկու խորհրդանշական մեծութիւններու՝ Կոմիտաս Վարդապետի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակի յոբելեաններուն կապակցութեամբ ԳՀԽ-ին զեկուցում մը ներկայացուց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Թանգարաններու տնօրէն Տ. Ասողիկ Քհնյ. Կարապետեան։ Այսպէս, ան տեղեկացուց, որ այս յոբելեաններու կազմակերպման համար ստեղծուած են պետական յանձնաժողովներ, որոնց մէջ ընդգրկուած է նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչը։ Լսելով այս զեկոյցը՝ ժողովական հայրերը կարեւոր նկատեցին, որ յիշեալ յոբելեանները պատշաճօրէն նշուին նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայ Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ թեմերէն ներս։
ԳՀԽ-ի անդամները քննութեան առին նաեւ Եւրոպայէ ներս եկեղեցական կառոյցներու վերակազմակերպման հարցը։ Այս կապակցութեամբ տեղեկութիւններ փոխանցեց Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան՝ ներկայացնելով Եւրոպայի երկիրներու հայկական համայնքներու համայնապատկերը՝ հայկական բնակչութեան վիճակագրութեամբ եւ եկեղեցական-վարչական կառոյցներէ ներս անոնց կարգավիճակով։
ԳՀԽ ողջունեց Եւրոպայէ ներս եկեղեցական կեանքի վերակազմակերպման նախաձեռնութիւնը՝ ի խնդիր ցամաքամասի թէ՛ աւանդական համայնքներու եւ թէ նորակազմ համայնքներու հոգեւոր-եկեղեցական կեանքի պայծառութեան։
ԳՀԽ-ի քառօրեայ նստաշրջանը աւարտին հասաւ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան խօսքով եւ իր կողմէ արտասանուած «Պահպանիչ» աղօթքէն վերջ ժողովը փակուեցաւ։
http://www.jamanak.com/content/եկեղեցական/3-11-2018-անկիւնադարձային-պահ
İlk yorum yapan siz olun