Ծովինար Հացագործեան
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 13-ին, Տիթրոյթի Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը, մեծ շուքով նշեց Համազգայինի 90-ամեակը եւ մասնաճիւղին 50-ամեակը, Համազգայինի ՝՝Արաքս՝՝ պարախումբի եւ սիրուած երգչուհի Սիպիլի մասնակցութեամբ, որ մասնաւորապէս ժամանած էր Պոլիսէն, ելոյթ ունենալու համար այս իւրայատուկ համերգին։
Ելոյթին բացումը կատարեց Տիթրոյթի Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան ատենապետուհի Շողեր Ուրլեան, որ խօսքը ուղելով մօտաւոր 600 ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր բարերարներուն իրենց աջակցութեան համար, մանաւանդ տէր եւ տիկին Հերման եւ Շուշան Խնդիրեաններուն (որ հովանաւորած էին այս ելոյթը), Հ․Յ․Դ․Ազատամարտ Կոմիտէին, որ թէ՛ բարոյապէս եւ թէ՛ նիւթապէս, միշտ նեցուկ կանգնած է Համազգայինին։
Ապա խօսք առաւ Համազգայինի Արեւելեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Արեւիկ Գաբրիէլեանը, որ նշեց Համազգայինի կարգ մը հիմնադիրներու՝ Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Համօ Օհանջանեանի եւ Գասպար Իփէկեանի հեռատեսութեան շնորհիւ է, որ այսօր գոյութիւն ունի մշակոյթ, որը պէտք է պահպանուի ամէն գնով։ Ան աւելցուց թէ մեր մշակոյթը կը յարատեւէ, որովհետեւ այսօր Համազգային ունի կարող եւ նուիրուած ընկեր-ընկերուհիներ, ինչպէս Տիթրոյթի Համազգայնականները։ Ան յատկապէս երախտագիտութիւն յայտնեց Տիթրոյթի մասնաճիւղի հիմնադիրներուն՝ Յովակիմ Մանուկեանին, Սեպուհ Թուխանեանին, Արա Ղարիպեանին, Սամուէլ Ասարեանին եւ Արփի Քիլեանին, որոնց տեսլականով Դեկտեմբեր 1967-ին հիմնուեցաւ Տիթրոյթի Համազգայինի մասնաճիւղը։ Ան իր խօսքը աւարտեց շեշտելով մշակոյթի կարեւորութիւնը հայապահպանման մէջ, եւ ընտանիքներուն պարտականութիւնը հայ մշակոյթը փոխանցելու յաջորդ սերունդներուն։
՝՝Արաքս՝՝ պարախումբին 130 պարման-պարմանուհիները ներկայացուցին ճոխ յայտագիր մը աւելի քան 25 Հայկական աւանդական եւ ժողովրդական պարերով, ինչպէս՛ Իլիկներու պարը, Քոչարի, Սարդարապատ եւ Կիլիկիա։ Անոնք նաեւ ընկերակցեցան Սիպիլին, պարելով անոր անզուգական ձայնին մեղեդիով։ Սիպիլի նուրբ ձայնը յագեցուց մշակութասէր ներկաներու հոգին։ Իսկապէս հիանալի էր դիտել բեմին վրայ զուգահերաբար պարող փոքրիկները եւ Սիպիլի հոյակապ երգեցողութիւնը։ Յայտագիրը վերջացաւ Գետաշէն երգով՛ Սիպիլի մեկնաբանութեաբ եւ բոլոր պարողներու մասնակցութեամբ։ Բեմի պատկերը փաստացի ապացոյցն էր, որ Հայ մշակոյթը կ՛ապրի եւ կը գոյատեւէ շնորհիւ մեր երիտասարդներուն։
Այս անզուգական երեկոն արդիւնքն էր Տիթրոյթի Համազգայինի վարչութեան երկար ամիսներու գնահատելի աշխատանքին։ Ինչպէս նաեւ պարուսոյցներ՝ Նայիրի Կարապետեանի եւ Տիգրան Գալընի անձնանուէր գործին, որոնք երկար ժամեր տրամադրելով, երիտասարդ պարողներուն մէջ կը սերմանեն հայկական աւանդոյթի սէրը պարի միջոցաւ։
Տիթրոյթի Համազգայինի այս ելոյթը, մասնաճիւղի վերջին ձեռնարկն էր 2018-ի տարեշրջանին։ Մասնաճիւղը բաւական աշխոյժ տարեշրջան մը ունեցաւ, Ապրիլին ցուցադրելով հայկական ձեռագործներ, որմէ ետք Ճորճ Աղճայեան ներկայացուց իր Արեւմտահայաստանէն ներս կատարած հետախուզումները։ Յուլիսին, ՝՝Արաքս՝՝ պարախումբը ելոյթ ունեցաւ Սմիթսոնեան Թանգարանի հայկական փառատօնին եւ Սեպտեմբերին, Հ․Յ․Դ Ազատամարտ Կոմիտէին հետ, ցուցադրեցին Արցախի պատերազմի մասին «Վերջին Բնակիչ» (The Last Inhabitant) ժապաւէնը, ներկայութեամբ բեմադրիչ՝ Ճիվան Աւետիսեանին, որ յատուկ ժամանած էր Հայաստանէն ժապաւէնի ցուցադրութեան առթիւ։
İlk yorum yapan siz olun