İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Կրօնաւորներու Պատուանուններ

Կաթողիկոսներու եւ Վեհապետերու տիտղոսը ՎԵՀԱՓԱՌ է,երբ անոնց խօսք կ՛ուղղենք կ՛ըսենք ՛՛Վեհափառ Տէր՛՛,երբ անոնց մասին կը գրենք կամ կը խօսինք  կ՛ըսենք ՛՛Նորին Սուրբ Օծութիւն՛՛ կամ ՛՛Նորին Օծութիւն Տէր ….(անունը)”,իսկ երբ նամակ կը գրենք նամակին վերջաւորութեան  կը գրենք ՛՛Մատչելով  ի համբոյր Վեհափառութեանդ օծեալ Սուրբ աջոյդ մնամ որդիական ակնածանօք՛՛:Իսկ միւ եկեղեցականներուն  գրութեան վերջաւորութեան  կը գրուի ՛՛ Մատչելով  ի համբոյր օծեալ Սուրբ աջոյդ մնամք որդիական ակնածանօք՛՛
Բոլոր կրօնաւորներուն պատուանուններէ վերջ ,անուններու առջեւ կը գրուի ՛՛Տէր՛,իսկ անուններէ վերջ,անոր աստիճանը եւ յետոյ ազգանունը(մականունը) :
Կաթողիկոսներու կամ բարձաստիճան եկեղեցականներու կրնայ ըսուիլ նաեւ իբր պատուանուն ՛՛Հայրապետ՛՛:Պապերու ,Կաթողիկոսներու եւ Պատրիարքներու կ՛ըսուի նաեւ ՛՛Հովապետ՛՛:
Պատրիարքներու եւ Առաջնորդներու  ի հարկին կ՛աւելցուի նաեւ ՛՛Բարեխնամ՛՛ ածականը.
Պատրիարքներու տիտղոսը ՛՛Ամենապատիւ՛՛է: Երբ  նամակ կը գրենք ՛՛Ամենապատիւ Տէր …..անունը….Սրբազան ……աստիճանը………ազգանունը՛՛, իսկ բարձր հոգեւորոկաններու,եպիսկոպոսներու եւլն… կը գրուի  ՛՛Բարձրաշնորհ,կամ Գերաշնորհ,կամ Բարձրապատիւ ,կամ Գերամեծար  Տէր…….՛՛ սակայն երբ խօսք կ՛ուղղենք կ՛ըսենք ՛՛Սրբազան Հայր՛՛:
Վարդապետներու տւտղոսը ՛՛Հոգեշնորհ՛՛ է,երբ խօսք կ՛ուղղենք կ՛ըսենք ՛՛Հայր Սուրբ՛՛:
Վարդապետէն սկսեալ բոլոր հագեւորականներու երբ աջը կ՛առնենք կ՛ըսենք ՛՛Աստուած Օգնական  Հայր Սուրբ կամ Սրբազան՛՛; Սարկաւագներու  կ՛ըսուի ՛՛Բարեշնորհ Սարկաւաք ՛՛
Սրբազան պապին տիտղոսը ՛՛Նորին Սրբութիւն՛՛,Կաթողիկէ Պատրիարքներու ՛՛Գերերջանիկ՛՛,Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու ՛՛Գերեպայծառ՛՛,՛՛Արհիապատիւ Գերապայծառ՛՛,կաթողիկէ ծայրագոյն վարդապեըի ՛՛Գերյարգելի՛՛,Կաթողիկէ վարդապետի ՛՛Գերապատիւ՛՛:
Քոյրերու տիտղոսը ՛՛Առաքինազարդ Քոյր՛՛ ,իսկ երբ խօսք կ՛ուղղենք կ՛ըսենք ՛՛Քոյր…. անունը…՛՛:
Վանքի մը մեծին կ՛ըսուի ՛՛Վանահայր՛՛ կամ՛՛Մեծաւոր՛՛:
Քահանաներու տիտղոսը ՛՛Արանապտիւ Տէր՛՛,երբ  խօսք կ՛ուղղենք  կ՛ըսենք ՛՛Տէր Հայր՛՛: Քահանայ մը  բարեւելու համար կ՛ըսենք ՛՛Օրհնեցէք Տիր Հայր՛՛:
Աւետարանական քարոզիչի տիտղոսը ՛՛Պատուելի՛՛ ,՛՛Վերապատուելի՛՛ է
Տիր հօր կամ եէցներու կողակիցին կ՛ըսուի ՛՛Երեցկին՛՛:
բարի յիշատակ թողած վախճանեալ կրօնաւորի կ՛ըսուի ՛՛Երջանակայիշատակ՛՛,երբ վախճանեալ բարձր եկեղեցականի մասին կը խօսուի կ՛ըսուի ՛՛Հոգելոյս՛՛ :Վախճանեալ երանութեան արժանացած հայրապետի կ՛ըսուի ՛՛Երանաշնորհ……..՛՛

Տքթ.Սարգիս Ատամ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın