İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի խորհրդականներէն Գէորգ Պետրոսեան երէկ առաւօտ ժամանեց Իսթանպուլ։ Ան ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց, որ բաւական խիտ օրակարգով հանդիպումներ կը նախատեսէ թրքահայ համայնքային շրջանակներէն ներս։ Գէորգ Պետրոսեան մտադիր է ոչ միայն վերահասու դառնալ առկայ խնդիրներուն, այլեւ կը ներկայացնէ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան քաղաքականութիւնը։ Ան տեղեկացուց, որ յատուկ ուշադրութիւն կը ցուցաբերէ Հայաստանի մէջ ներդրումներու կատարման վերաբերեալ հարցերու նկատմամբ։ Իր խօսքով՝ սա վերջին շրջանին զգալի հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնայ թրքահայոց կողմէ։ Գէորգ Պետրոսեան առանձնապէս շեշտած է, որ կը հանդիպի զանազան խումբերու եւ անհատներու հետ՝ փորձելով լսել բոլոր կողմերու ձայնը։

Նախարարի խորհրդականը տեղեկացուցած է, որ իր այցելութեան ծախսերը կը դիմագրաւուին համայնքին կողմէ, իսկ կազմակերպչական աշխատանքները յառաջ կը տանի՝ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան։

Գէորգ Պետրոսեան տեղեկացուցած է նաեւ, որ այցելութեան ընթացքին տեղեակ կը պահէ հանդիպումներուն եւ արդիւնքներուն շուրջ։ Ան վստահութիւն յայտնած է, թէ այցելութիւնը փոխադարձ օգտակար եւ արդիւնաւէտ կ՚ըլլայ։

Գէորգ Պետրոսեան երէկ առաւօտ ընդունուեցաւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։ Ան այս առաւօտ ալ այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր տեսակցեցաւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, Պետրոսեան քաղաքս ժամանելէ անմիջապէս վերջ Գումգաբու փութաց՝ ներկայանալու համար նորին սրբազնութեան։ Իրեն ընկերացաւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան։

Ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ զրոյցը, որու ընթացքին սրբազան հայրը ողջունեց Գէորգ Պետրոսեանի այցելութիւնը։ Իր կարգին, Պետրոսեանն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց սիրալիր ընդունելութեան համար։ Նորին սրբազնութիւնը տեղեկութիւններ փոխանցեց Պատրիարքական Աթոռի պատմական առաքելութեան ու դերակատարութեան, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի այժմու վիճակին, մեր համայնքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, ինքնութեան պահպանման ուղղութեամբ մղուած պայքարին, պետական մարմիններու կողմէ փոքրամասնութիւններու պարագային որդեգրուած վերաբերմունքի վերջին շրջանի դրական երանգաւորումներուն շուրջ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտնեց նաեւ, որ Հայաստանի ներքին իրադարձութիւնները ինչպէս ամէնուրեք, այնպէս ալ Թուրքիոյ մէջ հանրային կարծիքի ուշադրութեան առարկայ կը դառնան։

Իր կարգին, Գէորգ Պետրոսեան նշեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նոր ղեկավարութիւնը մեծապէս կը կարեւորէ սփիւռքի հետ համագործակցութեան զարգացումը եւ այդ ամբողջին մէջ առանձնայատուկ նշանակութիւն կը վերագրէ թրքահայ համայնքին։ Նախարարի խորհրդականը վստահութիւն յայտնեց, թէ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման զուգահեռ՝ սփիւռքի հետ համագործակցութեան առումով նոր հորիզոններ պիտի ուրուագծուին։ Պետրոսեանի համոզմամբ, թրքահայութիւնն ալ՝ որպէս հարեւան երկրի համայնք, դրականօրէն պիտի ազդուի այդ բոլորէն։

Հարկ է նշել, որ Գէորգ Պետրոսեան մասնագիտութեամբ թրքագէտ է։ Իր կեցութեան օրերուն ան կը նախատեսէ զանազան հանդիպումներ ունենալ համայնքային շրջանակներէն ներս։

Գէորգ Պետրոսեան եւ Արսէն Աւագեան Պատրիարքարանէն հրաժեշտ առին՝ արժանանալով սրբազան հօր օրհնութեան եւ յաջողութեան մաղթանքին։


http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/31-10-2018-երեւանէն-այցելութիւն

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın