Շաբաթ, 27 Հոկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պեռն կատարած իր պաշտօնական այցելութեան շրջագիծէն ներս, քաղաքի մայր տաճարին մէջ դասախօսութիւն մը տուաւ միջեկեղեցական շարժումին ներկայ իրավիճակին մասին։
Դասախօսութենէն առաջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որուն նաեւ մասնակցեցան Վեհափառ Հայրապետին ընկերացող միաբան հարերը՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան եւ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Բանճարճեան։
Նորին Սրբութիւնը իր դասախօսութեան սկիզբը ընդհանուր ակնարկ մը նետեց պատմութեան ընթացքին եկեղեցւոյ կեանքէն ներս տեղի ունեցած բաժանումներուն, որոնք աստուածաբանական հարցերու առընթեր նաեւ աշխարհաքաղաքական պատճառներ ունէին։ Հակառակ այս իրողութեան, եկեղեցին իր ներքին միութիւնը ու Քրիստոսակեդրոն կեանքն ու առաքելութիւնը պահեց, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։ Ի խնդիր եկեղեցւոյ ամբողջական միութեան վերահաստատման, պատմութեան ընթացքին եղան բազմաթիւ փորձեր, ներառեալ հայ եւ յոյն, հայ եւ լատին եկեղեցիներուն միջեւ, սակայն եկեղեցւոյ կեանքէն ներս անցեալէն եկող բաժանումները շարունակուեցան։
«Էքիւմենիք» անունով ծանօթ շարժումը 20-րդ դարու եկեղեցւոյ կեանքին ամէնէն յատկանշական երեւոյթներէն մէկը դարձաւ, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։ Այս շարժումին գլխաւոր նպատակը եկեղեցւոյ միութիւնը ըլլալով, նաեւ կը հետապնդէ գործակցութիւն, յարաբերութիւն, փոխադարձ հասկացողութիւն, փոխադարձ ճանաչում եւ եկեղեցիները յուզող կարեւոր հարցերու շուրջ հասարակաց մօտեցումներու որդեգրում։ Այլ խօսքով, «էքիւմենիք» շարժումը եկեղեցիները դուրս բերաւ երկար դարերու ինքնակղզիացումէն եւ գործակցութեան ու երկխօսութեան ճամբով եկեղեցիները սկսաւ առաջնորդել դէպի միութիւն տանող ճամբէն։
Խօսելով միութեան մասին, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ միութիւնը միաձեւութիւն կամ միօրինակութիւն չէ. ոչ կազմակերպչական, ոչ ծիսական եւ ոչ ալ աստուածաբանական միաձեւութեան հաստատումն է։ Անհրաժեշտութիւն է զանազանութիւնը պահել ամէն իմաստով, սակայն եկեղեցւոյ դաւանանքին պատկանող հիմնական հարցերուն շուրջ անհրաժեշտ է համաձայնութեան եզրեր գտնել. ապա աւելցուց՝ ըսելով, թէ սա երկար ընթացք մըն է, որ կ՚ենթադրէ սերտ գործակցութիւն եկեղեցիներու միջեւ։
Արամ Ա. Կաթողիկոս ցաւ յայտնեց, որ միջ-եկեղեցական շարժումին նկատմամբ եկեղեցիներուն հետաքրքրութիւնը սկսած է նահանջ արձանագրել՝ նկատի ունենալով միջ-կրօնական երկխօսութեան հրամայականը ներկայ աշխարհի նոր իրականութիւններուն դիմաց։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ անդրադարձաւ միջ-եկեղեցական կառոյցներու տկարացումին, որուն բացասական հետեւանքները զգալի են զանազան շրջաններէն ներս։ Այս կացութեան դիմաց Վեհափառ Հայրապետը յատուկ կերպով ընդգծեց «էքիւմենք» ոգիին վերաշեշտումը, որովհետեւ ներկայ աշխարհին մէջ եկեղեցիներ չեն կրնար ապրիլ ինքնակղզիացման մէջ։ Գործակցութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է։
Իր պարզած կէտերը Նորին Սրբութիւնը աւելի լայնօրէն վերլուծեց, երբեմն յստակ օրինակներ տալով։
Աւելի քան ժամ մը տեւած դասախօսութենէն ետք յուշանուէրներու փոխանակում տեղի ունեցաւ Նորին Սրբութեան եւ Դոկտ. Հարըլտ եպիսկոպոս Րայընին միջեւ։ Ապա, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։
Յայտնենք, որ դասախօսութեան կրօնական ու պետական անձնաւորութիւններու շարքին ներկայ էին նաեւ Զուիցերիոյ մօտ Լիբանանի դեսպանուհին`Ռօլա Նուրըտտինը եւ Հայաստանի դեսպանատան գործակատար՝ Անահիտ Յարութիւնեանը։
İlk yorum yapan siz olun