İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հալէպահայութեան Մտահոգութիւններէն

Մանուէլ Քէշիշեան

-Ե՞րբ պիտի պսակուիք,- կը հարցնեմ ծանօթ երիտասարդի մը:

-Աստուած գիտէ.-կը պատասխանէ տղան:

-Այո՛, Աստուած գիտէ, բայց դուն ի՞նչ կը ծրագրես,-կը շարունակեմ հարցնել:

Ի’նչ պիտի ծրագրէ, ի՞նչ կրնայ ծրագրել: Նշանածն ալ կը ճանչնամ, նորաւարտ աղջիկ մըն է, մահացող երազներով աղջիկ մը:

Տղան լաւ գործ ունի. կ’աշխատի, լաւ կը շահի: ծնողքին հետ կ’ապրի:

-Ինչպէ՞ս ես,-կը հարցնեմ նոր ամուսնացած երիտասարդի մը:

-Չե՞ս գիտեր,- կը պատասխանէ:

Սիրահար նոր ամուսնացած տղայ մը պէտք է լաւ ըլլայ՝ աւելորդ է հարցնելը:
Սակայն…

Մինչեւ տագնապը 1 ամերիկեան տոլարը հաւասր էր 48-50 սուրիական լիրայի:

Այսօր մէկ ամերիկեան տոլարը հաւասար է 460 սուրիական լիրայի:

Եթէ առաջ երիտասարդ ուսուցիչի մը ամսական աշխատավարձը 20-25 հազար սուրիական էր (500 ամերիկեան տոլար) ապա այսօր յաւելեալ վճարումներով (bonus) 40-50 հազար է (80-110 տոլար):

Ոմանք՝ մասնաւոր դրամատուներու, հաղորդակցական կապի մասնաւոր ընկերութիւններու պաշտօնեաները կը ստանան 60-70 հազար, ՄԱԿ-ի կազմակերպութիւններու պաշտօնեաները աւելի ալ կը ստանան, սակայն այս բարձր աշխատավարձեր ստացողներուն թիւը շատ քիչ է: Ամենաքիչը կը մնայ ուսուցիչին աշխատավարձը: Արհեստաւորները հաւանաբար նոյնքան կը ստանան, իսկ գործատէրերը կարելի է ըսել, թէ լաւ կը շահին, բայց սեփական խանութ մը ունենալը ներկայիս դարձած է երազ:

Ինչպէ՞ս պիտի ամուսնանան երիտասարդները, ո՞ւր պիտի ապրին, ի՞նչ միջոցներով բնակարան մը պիտի գնեն:

Ահա թէ ինչո՛ւ երիտասարդներուն որպիսութեան բոլոր հարցումներուն պատասխանները անորոշ կը մնան:

Բնակարաններու գիները այսօր նախկինին համեմատ 50% աժանացած են, մինչ աշխատավարձերը նուազած են հինգ անգամ… առաջ դրամատուները դիւրամատչելի վարկեր կը տրամադրէին բնակարան գնել ուզողներուն, առաջ կային հայկական կազմակերպութիւններ, որոնք մեծապէս կը հեշտացնէին հայ ընտանիքներու բնակարան ձեռք բերելուն՝ երկարաժամկէտ պարտքի եւ առանց տոկոսի անհրաժեշտ գումար տրամադրելով. առաջ արհմիութիւնները իրենց անդամներուն համար, առանց շահի, շէնքեր կը կառուցէին: Առաջ Հայկական կազմակերպութիւններ աժան բնակարաններ կը կառուցէին եւ շատ աժան վարձով կը տրամադրէին կարիք ունեցողներուն:

Սուրիոյ մէջ գրեթէ բոլորը սեփական տուն ունէին, շատեր մի քանի տուն, քաղաքի մէջ տուն մը՝ ուր կ’ապրէին, տուն մըն ալ իրենց ամուսնանալիք զաւակին համար պատրաստած կ’ըլլային, գիւղի մը մէջ ալ ամառանոց մը ունէին, գիւղացիներէն շատեր ալ քաղաքին մէջ տուն ունէին. կը հաւատա՞ք, թէ Սուրիոյ մէջ կային 400-500 հազար անբնակ տուներ…

Այսօր այդ ամէնը չկան:

Կայ սղութիւն, կայ սղութիւն, կայ սղութիւն: Ամէն ինչ նախկինին համեմատ 10 անգամ թանկացած է:

Կը ճանչնամ նոյն գրասենեակին մէջ աշխատող երեք ամուսնացած երիտասարդներ, որոնց կողակիցներն ալ կ’աշխատին: Այս երեք երիտասարդ ընտանիքներն ալ կ’ապրին երկրէն հեռացած անձանց բնակարաններու մէջ. այս երեքն ալ թաքուն վախ ունին, թէ օր մը տանտէրերը կը հեռաձայնեն ըսելու, որ պիտի ծախեն իրենց տուները եւ այս երիտասարդները իրենց նորածին երեխաներով փողոցը մնալու վտանգին առջեւ պիտի կանգնին կամ իրենց շահած դրամին մեծ մասը պիտի ստիպուին տան վարձքի տրամադրել:

Այսօր, Հալէպի մէջ մարդավայել ապրելու համար ընտանիք մը պէտք ունի առնուազն 150 հազար լիրայի, մինչ ընտանիքներուն մեծ մասին եկամուտը յիսուն հազարը չ’անցնիր:

Ընտանիքներուն մեծամասնութիւնը տակաւին նպաստներով կ’ապրի: Միջանկեալ ըսենք, որ նպաստներուն կէսէն աւելիին աղբիւրները հայկական չեն, քրիստոնեայ օտար եկեղեցիներէ կու գան, թէեւ պէտք է նշենք նաեւ Հ.Բ.Ը.Միութիւնը, որ 1200 հայ ընտանիքի ամսական նպաստ կը յատկացնէ: Չենք կրնար չնշել, որ նպաստ ստացող ընտանիքներուն մէջ կան նաեւ կարիք չունեցողներ…

Կը վարժուինք, վարժուեցանք նպաստընկալի մեր վիճակին, մեզմէ շատեր հասան իրենց արժանապատուութիւնը կորսնցնելու եզրին:

Այս երիտասարդներո՞ւն ալ պիտի ստիպենք նպաստընկալ վիճակի մէջ մնալ, մինչեւ ե՞րբ, մինչեւ ո՞ւր:

Կ’ըսենք, բեմերէն բարձրաձայն կը գոչենք, ամէն առիթով եւ անառիթ կը կրկնենք, որ գաղութը պիտի պահենք, գաղութը պիտի վերականգնենք…

Ի՞նչ կ’ընենք գաղութը վերականգնելու համար: Ի՞նչ կրնանք ընել:

Իրականութեան մէջ չենք հաւատար գաղութի վերականգնման, «պիտի վերականգնենք»ը պարտականութեան համար արտասանուող խօսք մըն է: Մենք հաւաքաբար որոշում չենք առած գաղութի վերականգնման կամ պահպանումին շուրջ: Մենք պարզապէս կը վարուինք ըստ պարագաներու, ապա թէ ոչ, պէտք է երէկուընէ պէտք է մտածէինք մեր ներկային մասին, ապա թէ ոչ այսօրուընէ պէտք է մտածենք մեր ապագային մասին: Ո՞վ է մեր ապագան եւ (ներկայի կարեւոր մասը) եթէ ոչ այսօրուան երիտասարդութիւնը:

Ի՞նչ կ’ընենք, կամ ի՞նչ կրնանք ընել մեր երիտասարդներուն համար:

Մենք պէտք է դեռ նախօրօք մտածած ըլլայինք հիմնադրամ մը ստեղծելու մասին, անձեռնմխելի հիմնադրամ մը, որուն տոկոսները միայն պէտք է ծախսէինք մեր հաւաքական կարիքներուն վրայ: Տագնապէն առաջ պէտք է ընէինք. -չըրինք: Տագնապի սկզբին պէտք է ընէինք.-չըրինք. Հիմա պէտք է ընենք.-չենք ըներ: Երբ սակաւաթիւ ձայներ կ’ըսէին թէ օգնութիւններու տրամադրուած գումարներուն 5%ով հիմնադրամ մը ստեղծենք, մտիկ ընող չէր ըլլար:

Մեր երիտասարդները կանգնած են անելանելի վիճակի մը առաջ (մէջ): Ասիկա անսովոր վիճակ մըն է, արտակարգ իրավիճակ մը: Արտակարգ իրավիճակները արտակարգ քայլեր կը պահանջեն:

Բոլորս պէտք է գիտակցինք որ պատասխանատուութիւն մը ունինք: Ամէն մէկս պէտք է մեր լուման տրամադրենք մեր երիտասարդներուն, նոյնիսկ նպաստ ստացողները, որոնք իրենց ստացած նպաստներուն 5% պէտք է տրամադրուի յանուն  երիտասարդներուն  ստեղծուելիք հիմնադրամին:

Եկէք չփախչինք մեր բաժին պատասխանատուութենէն, եթէ չենք ուզեր որ երիտասարդներու ապագան անորոշ մնայ, եթէ կ’ուզենք որ գաղութը մնայ:

Կը կկհրկնեմ արտակարգ իրավիճակները արտակարգ լուծումներ կը պահանջեն: Թող ինձմէ չնեղուին մեր կազմակերպութիւններն ու հաստատութիւնները եթէ ըսեմ.

-Որո՞ւն կը պատկանին մեր կալուածները եթէ ոչ ժողովուրդին:

100 տարիներէ ի վեր ժողովուրդին դրամով գնուած են մեր կալուածները, կառուցուած են մեր շինութիւնները: Ինչո՞ւ անոնցմէ մէկ մասը չտրամադրուին ժողովուրդի զաւակ երիտասարդներուն… անշուշտ եթէ կ’ուզենք գաղութը պահել:

Իսկ ի՞նչ կ’ըլլայ եթէ կարգախօս դարձած մեր փափաք-ցանկութիւն-խօսքէն անդին չանցնող հայրենադարձութիւն բառը իրականութիւն դարձնենք…

Ի’նչ կ’ըլլայ եթէ մեր կալուածներու արժէքէն մաս մը Հայաստան փոխադրուի: Հոն կառուցուելիք բնակարաններուն արժէքը երիտասարդները կամաց կամաց, առանց տոկոսի թող վերադարձնեն կառուցողներուն:  Վստահ եմ, այս պարագային Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարները հողատարածք մը կը գտնեն ներգաղթել ուզող հալէպահայ երիտասարդներուն համար (այս պարագան հոն գտնուողներուն համար ալ կրնայ ծառայել) :

-Դուն կը զառանցես,-պիտի ըսեն շատեր:

Ես պատասխան պիտի չունենամ բացի կրկնելէ.

-Արտակարգ վիճակները արտակարգ լուծումներ կը պահանջեն:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 28 Հոկտեմբեր 2018


https://www.civilnet.am/news/2018/10/29/Հալէպահայութեան-Մտահոգութիւններէն/347545

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın