İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Պոլսահայ սանուց միութիւններու համատեղ նախաձեռնութեամբ երէկ խրախճանք մը տեղի ունեցաւ Գալֆաեան Տան ննջարանի բաժնի ընդարձակ պարտէզին մէջ։ Այս առթիւ Սկիւտարի մէջ համախմբուեցան մեր համայնքէն հոծ թիւով երիտասարդներ, մեր սանուց միութիւններուն շուրջ համախմբուած մարդիկ, որոնք բարենպաստ եղանակէն ալ օգտուելով հաճելի ժամանց ունեցան իրարու հետ։ Միասնականութեան կարգախօսով կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Մասնակցութեան համեմատութիւնը շատ բարձր էր։ Ընդարձակ պարտէզին մէջ ձեւաւորուած էին նաեւ զանազան խաղերու համար յարմար անկիւններ։ Բաց աստի, տեղադրուած էին քէրմէսի տաղաւարներ եւ սնունդի բաժիններ։

Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Շուշան Սվասլըօղլուի ողջոյնի խօսքով սկսաւ խրախճանքը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Գալֆաեան Տան խնամակալութեան, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան, Սկիւտարի, Շիշլիի եւ Պաքըրգիւղի քաղաքապետութիւններուն, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարընին եւ «Աթլանթիք» ձայնային սարքաւորումներու ընկերութեան, որոնք իրենց աջակցութիւնը բերած էին այս ձեռնարկին։ Այս անուններուն առընթեր ուրիշներ ալ կային եւ Սվասլըօղլու երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք նպաստած էին այս ծրագրին։

Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեանն ալ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը եւ ձեռնարկի գլխաւոր պատասխանատուները բեմ հրաւիրեց։

Խրախճանքը սկսաւ նորոգ հանգուցեալ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին ձօնուած բաժինով մը։ Հինգ ժամ տեւեց ծրագիրը, որու ընթացքին թէ՛ անչափահասները եւ թէ չափահասները ժամանցի ճոխ այլընտրանքներ ունէին։ Բազմակողմանի երաժշտական յայտագիր մըն ալ գործադրուեցաւ եւ այդ ամբողջին մէջ հանդէս եկաւ նաեւ Մարալ Ադաման։

Խրախճանքը ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ հասաւ իր աւարտին եւ այսպէսով բոլորը թէ՛ բնութեան գեղեցկութիւնը ըմբոշխնեցին եւ թէ զիրար վայելեցին։


http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/8-10-2018-միջմիութենական-փայլուն-խրախճանք

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın