İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԱՄԻՇԼԻԻ ԱԶԳ. ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏԸ

Ճէզիրէի շրջանը Սուրիոյ տագնապի շրջանին
իւրայատուկ իրավիճակի մէջ յայտնուեցաւ քրտական ինքնակառավարման ուժերուն կարգ մը որոշումներուն լոյսին տակ։ Այս պատճառով, վերջին տարիներուն Ճէզիրէի վարժարանները եւս դիմագրաւեցին կարգ մը դժուարութիւններ։

2018-2019 ուսումնական տարեշրջանի սեմին եւս հայկական ազգային վարժարանները կրթական պետական ծրագիրի կիրարկման առումով որոշակի խոչընդոտներու դէմ յանդիման գտնուեցան, սակայն ազգային իշխանութեան հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ այդ խոչընդոտները փարատեցան։

11 Սեպտեմբերին, վերջապէս հնչեց ազգ. վարժարաններու առաջին զանգը, որուն արձագանգը խորապէս ոգեւորեց գաղութին զաւակները։
Ազգ. վարժարանները սկսան իրենց ուսումնական բնականոն ընթացքը՝ դասաւանդելով Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութեան ճշդած 2018-2019 ուսումնական տարեշրջանի կրթական ծրագիրը, իսկ հայերէնի եւ կրօնի պահերը շարունակուեցան նոյն դրութեամբ։
Անհրաժեշտ է յիշել, որ Գամիշլիի ազգային երեք վարժարանները կը հանդիսանան Ճէզիրէի ուսումնակրթական լաւագոյն դարբնոցները՝ իրենց օրինապահութեամբ, բարձր մակարդակով, ուսուցիչներու, տնօրէններու եւ պատասխանատու մարմիններու հետեւողական ջանքերուն շնորհիւ։

Արդարեւ, Որբաթ, 28 Սեպտեմբեր 2018-ի առաւօտեան, Ճէզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Ռուբէն Աբղ. Նալպանտեան, Արժանապատիւ Տէր Պսակ Քհնյ.Պէրպէրեանի, թաղականութեան և հոգաբարձութեան անդամներուն ընկերակցութեամբ այցելեց երեք վարժարանները։

Հոգեշնորհ հայր սուրբը եւ իրեն ընկերակցող ազգայինները հանդիպում ունեցան վարժարաններու տնօրէններուն հետ՝ մօտէն ծանօթանալու ներկայ իրավիճակին լոյսին տակ անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։

Աւարտին, հոգշ. հայր սուրբը իր հայրական օրհնութեամբ խաղաղ եւ անփորձանք ուսումնական տարի մը մաղթեց աշակերտներուն եւ յորդորեց ամէն ջանք թափել յաջողութեամբ աւարտելու ուսումնական այս շրջանը։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն
Լուսանկարները՝ Սեւակ Տիգրանեանի


http://www.kantsasar.com/news/2018/10/08/38390/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın