İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ ՇԻՐԻՄԸ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ

Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի վերանորոգեալ շիրմի բացման պաշտօնական արարողութիւնը։ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեանի ձեռամբ օրհնուեցաւ շիրիմը եւ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ Մատթէոս Զարիֆեանի ի յիշատակ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Աշաւիր Սրկ. Պիւյիւքիշմանի գլխաւորութեամբ։

Մատթէոս Զարիֆեանի շիրիմը վերանորոգուեցաւ «Հայճար»ի նախաձեռնութեամբ։ Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզըեան եղբայրներու հովանաւորութեամբ կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը, որու հեղինակն է ճարտարապետ Դաւիթ Այնալը։

Վերանորոգեալ շիրմի բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, համայնքային զանազան վարժարաններէ սաներ, կրթական մշակներ, արուեստագէտներ եւ հայ գրականութեան համակիրներ։ «Հայճար»ի վարչութեան ատենապետ Գէորգ Էօզգարակէօզ եւ իր գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։

Հոգեհանգստեան պաշտօնէն վերջ Գէորգ Էօզգարակէօզ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Ան պատմեց, որ ինչ փուլերէ անցած էր այս ծրագիրը։ Նորակերտ շիրմին համար կիսանդրի մը պատրաստած է քանդակագործ Էրօլ Սարաֆեան։ Զարիֆեանին հին շիրմին վրայ գտնուող կիսանդրիի հեղինակը եւս եղած էր Էրօլ Սարաֆեան։ Էօզգարակէօզ շնորհակալութիւն յայտնեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ ցուցաբերուած գործակցութեան համար։ «Հայճար» այս գերեզմանատան մէջ արդէն երրորդ վերանորոգման ծրագիրը կեանքի կոչած է եւ անոնց բոլորի պարագային հովանաւոր եղած են Քըրմըզըեան եղբայրները։ Ուստի, Էօզգարակէօզ երախտագիտութիւն յայտնեց Քըրմըզըեան եղբայրներու նկատմամբ։ Շնորհակալութեան բաժնին մէջ Գէորգ Էօզգարակէօզ յիշեց նաեւ մեր մշակոյթի կեանքի նուիրեալներէն Մինաս Օֆլազի անունը։

Իր կարգին, Հրաչ Քըրմըզըեանն ալ հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը, որու ընթացքին ընդգծեց, որ մեր համայնքը ունի շատ հարուստ անցեալ մը, մշակութային ժառանգութիւն մը, որուն պէտք է տէր կանգնիլ ու պէտք է այդ մէկը վերստին ի յայտ բերել։ Հրաչ Քըրմըզըեանն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստ բերած են այս ծրագրի իրականացման համար։

Շիրմին շուրջ Մատթէոս Զարիֆեանի կեանքին ու գրականութեան մասին արտայայտուեցաւ բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեան, որ ընթերցեց Մատթէոս Զարիֆեանի շառաւիղներէն Վահագն Քիւփէլեանի կողմէ ուղարկուած նամակը։ Ներկայ աշակերտներէն ոմանք արտասանեցին Մատթէոս Զարիֆեանի գործերէն նմոյշներ։

Մատթէոս Զարիֆեանի վերանորոգեալ շիրմի բացումէն վերջ հոգեհանգստեան պաշտօններ կատարուեցան նաեւ Պալեաններու եւ բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի շիրիմներուն վրայ, որոնց երկուքն ալ վերջին շրջանին վերանորոգուած են «Հայճար»ի նախաձեռնութեամբ։


http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F8-10-2018-բանաստեղծ-մատթէոս-զարիֆեանի-վերանորոգեալ-շիրիմը-բացուեցաւ-սկիւտարի

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın