İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԴԱՄԲԱՆԱԿԱՆԸ՝ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Առաջնորդանիստ Մայր տաճարին մէջ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի յուղարկաւորութեան ընթացքին խօսեցաւ հետեւեալ դամբանականը։

*

Տխրութիւնը պարուրած է մեր բոլորի հոգիները։ Հրաժեշտ կու տանք հայազգի աշխարհահռչակ զաւակ, երգար-ւեստի ու մշակոյթի մեծանուն երախտաւոր, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային հերոս Շարլ Ազնաւուրին։ Կը ճանապարհենք զինքը դէպի յաւերժութիւն, ուր Տիրոջ հետեւորդները կը ժառանգեն յաւիտենական կեանքը, աստուածապարգեւ երանութիւնն ու խաղաղութիւնը։

Աստուածատուր շնորհներով զարդարեալ մեր բոլորի սիրելի Շարլ Ազնաւուր, հասակ առնելով Ֆրանսայի մէջ եւ սնուելով այս երկրի հզօր մշակոյթէն, համամարդկային տարողութեան բարձրացուց իր արուեստը, ընդունուեցաւ ու մեծապէս սիրուեցաւ ամբողջ աշխարհի մէջ։ Մենք բոլորս գիտենք եւ տեսած ենք Շարլ Ազնաւուրը իր նուաճումներուն մէջ արուեստի բարձունքներու վրայ։ Սակայն փառքի ու հռչակի ճանապարհը դիւրին չէ եղած իրեն համար։ Ցեղասպանութենէ մազապուրծ, տարագրեալ ընտանիքի մէջ ծնած հայորդին յաղթահարեց կեանքի բազում նեղութիւններ, իր նպատակը խոչընդոտող դժուարութիւնները եւ իրականութիւն դարձուց երգելու եւ մշակոյթին ծառայելու նուիրական երազանքը։ Յատկանշական են իր խօսքերը՝ որպէս հաւաստում իր զօրեղ կամքի եւ առ Աստուած ապաւինութեան. «Անչափ շնորհակալ եմ Աստուծոյ, որ զիս անցուց այդ փորձութիւններու մէջէն՝ երազելու եւ այդ երազը ապրելու հնարաւորութիւն տուաւ»։

Բարեյիշատակ Շարլ Ազնաւուր ամբողջ էութեամբ ներշնչուած էր արուեստով, ստեղծագործելու եռանդով, առանց որու, ինչպէս ինք բազմիցս վկայած է, չէր պատկերացներ իր կեանքը։ Իր ստեղծագործութիւններուն մէջ ան ինքնատիպ անկեղծութեամբ կը ներկայացնէր իր զգացումներն ու մտածումները, կը դրուատէր սէրը, բարութիւնն ու ազնուութիւնը, կը բացայայտէր մարդկային ներաշխարհի գեղեցկութիւնն ու վսեմութիւնը։ Ան կը գրաւէր մարդիկ իր պարզութեամբ ու անմիջականութեամբ, ունկնդիրը կը վեհացնէր իր իւրայատուկ՝ յուզիչ երգի ու երա-ժըշտութեան հմայքով, անզուգական կատարումներով։ Այսօր մարդկութիւնը կը կրէ անոր լուսաւոր պատկերը իր հոգիին եւ յիշողութիւններուն մէջ, ուր կը շարունակեն հնչել Ազնաւուրի թովիչ ձայնն ու երգերը, հոգեբուխ խօսքերն ու առինքնող միտքերը։

Տաղանդաշատ հայորդին մեծ մարդասէր մըն էր, մեծ հայրենասէր ու ազգասէր։ Որքան ներհուն ու խորունկ էր իր մարդկային անձը, այդքան ալ բազմազան եւ ընդգրկուն էր Ազնաւուրի երգարուեստը։ Հոգիի այս նրբութեամբ ան մշտապէս ապրեցաւ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի սիրով ու նուիրումով։ Շարլ Ազնաւուր մեր ժողովուրդի միասնականութեան իւրօրինակ խորհրդանիշն էր։ Ան միշտ ներկայ էր իր հարազատ ժողովուրդի եւ հայրենիքի կեանքին մէջ, կը սրտակցէր ու կը զօրակցէր հայրենի երկրին դժուարութիւններու մէջ, կ՚ապրէր, կը շնչէր եւ կ՚ուրախանար ազգի ձեռքբերումներով ու յաջողութիւններով։ Իր բազմաթիւ երգերու շարքին Հայաստանին, հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն նուիրուած իր ստեղծագործութիւնները կը վկայեն մեծանուն հայու հայրենանուիրումն ու ազգանուիրումը, իսկ Ս. Աստուածածնին նուիրուած «Ավէ Մարիա» երգի հիասքանչ կատարումները՝ իր խոր հաւատքն ու ջերմ սէրը առ Աստուած։

Արուեստին ծառայելով՝ Ազնաւուր խօսեցաւ ու գործեց բոլոր ժողովուրդներուն հասկնալի լեզուով, լուսեղէն հնչիւններով, համամարդկային արժէքներով, եղաւ համերաշխութեան, արդարութեան, ազնուութեան քրիստոսաւանդ պատգամներու տարածողը։ Մեծանուն Շարլ Ազնաւուր, պատմութեան մէջ թողլով իր լուսաւոր հետագիծը եւ բոլորիս սիրտերուն մէջ իր անմար յիշատակը, այսօր կը փոխադրուի յաւիտենութիւն։ Այդ հետագիծը իր աստուածահաճոյ գործերու խոր ակօսն է՝ ձգուած համամարդկային արժէքներու անծայրածիր անդաստանին մէջ։ Եւ այսօր ան՝ որպէս համայն մարդկութեան եւ իր ազգի արժանաւոր զաւակ, իր թողած բարի ու արդիւնաշատ վաստակի հոգեկան, երկնասլաց ճախրանքով կ՚ելնէ երկինք՝ հանդիպելու իր Արարչին եւ Աստուծոյ՝ Տիրոջ խօսքի համաձայն. «Եկէ՛ք, Իմ Հօր օրհնեալնե՛ր, ժառանգեցէ՛ք աշխարհի սկիզբէն ձեզի համար պատրաստուած արքայութիւնը» (Մատթ. ԻԵ 34)։

Ի խորոց սրտի աղօթենք, սիրելիներ, որ Ողորմածն Աստուած երկինքի օթեւաններու մէջ խաղաղութեան մէջ ընդունի նորոգ ննջեցեալ Շարլ Ազնաւուրի հոգին, պարգեւէ երանութիւն ու հանգստութիւն եւ Սուրբ Հոգւոյ բիւր մխիթարութեամբ սփոփէ Ազնաւուր ընտանիքի անդամներու եւ բոլոր սգացեալներու սրտերը։

Խունկ, աղօթք եւ օրհնութիւն սիրելի Շարլ Ազնաւուրի լուսաւոր յիշատակին։


http://www.jamanak.com/content/եկեղեցական/8-10-2018-ամենայն-հայոց-տտ-գարեգին-բ-վեհափառ-հայրապետի-դամբանականը՝-շարլ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın