İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՇԱՌԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Կիրակի, 7 Հոկտեմբեր 2018-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն, քանի մը օրեր առաջ իր հոգին աւանդած աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի հոգիին համար:

Յայտնենք, որ Շարլ Ազնաւուր ամէն անգամ որ Լիբանան այցելէր, կ՛այցելէր նաեւ մայրավանք եւ հանդիպում կ՛ունենար վեհափառ հայրապետներուն հետ:

Նշենք, որ երջանկայիշատակ Խորէն Ա. կաթողիկոսը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Իշխանի Կարգ»ի շքանշանով պարգեւատրած է Շառլ Ազնաւուրը: Մեծ երաժիշտին եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին միջեւ վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր շուրջ երեք տարի առաջ:


http://www.kantsasar.com/news/2018/10/08/38385/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın