İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱԹՈՌԻ ԱՌՋԵՒ ՀԱՐՑԵՐ

Պատրիարքական Աթոռի Խորհրդակցական մարմինը երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ գումարեց իր հերթական ժողովը՝ նախագահութեամբ Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։ Բացման աղօթքէն վերջ քննարկուեցան նիստի օրակարգին վրայ ընդունուած շարք մը հարցեր։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ժողովականներուն տեղեկութիւններ փոխանցեց մօտաւոր անցեալին Պատրիարքարանի երդիքին տակ կազմակերպուած՝ համայնքային հաստատութիւններու ատենապետներու հաւաքին կապակցութեամբ։ Նորին սրբազնութիւնը յիշեցուց, որ Պատրիարքարանի մէջ երկար ժամանակ վերջ նման ձեւաչափով հաւաքոյթ մը տեղի ունեցաւ, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան համայնքի հրատապ խնդիրները։ Ընդհանուր փոխանորդը տեղեկացուց, որ յառաջիկայ շրջանին Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) ժողովները տեղի պիտի ունենան Պատրիարքարանի մէջ։ Ինք մտադիր է նախագահել VADİP-ի հաւաքներուն։ Նորին սրբազնութիւնը Խորհրդակցական մարմնի անդամներու նկատառման յանձնեց, որ Գումգաբուի ժողովէն բացակայած հաստատութիւններու մատակարար մարմիններուն ուղարկուած է զգուշացման նամակներ։ Նորին սրբազնութիւնը եւ խորհրդականները համամիտ գտնուեցան, որ յառաջիկայ շրջանին երբ VADİP-ի գործունէութիւնը նոր ձեւաչափով մը պիտի շարունակուի, նպատակայարմար պիտի ըլլայ՝ կրթական նոր յանձնախումբի մը ստեղծուիլը՝ շատ աւելի համապարփակ եւ գործնական մօտեցումներով։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ցաւ յայտնեց, որ համայնքի կրթական կեանքին շուրջ տեղի կ՚ունենան զանազան խմորումներ, սակայն Պատրիարքական Աթոռը որեւէ ձեւով տեղեակ չի պահուիր եւ նման զանցառութիւններով սկսած աշխատանքներն ալ դժբախտաբար ոչ միայն յաջողութեամբ չեն պսակուիր, այլեւ համայնքային կեանքէն ներս պատճառ կը դառնան վերիվայրումներու։ Ընդհանուր փոխանորդը շեշտեց, որ ինք բացարձակապէս կողմնակից չէ մեր կրթական կեանքի վերակազմակերպման աշխատանքներուն մասնակիցներու անտեսման, մանաւանդ նոր սերունդէ համայնքային վարիչներու կամ գործիչներու եռանդի խանգարման։ «Բոլորի պաշարէն պէտք է օգտուինք, այս համայնքի ոեւէ անդամի խօսքը պէտք չէ անտեսուի համայնքային որեւէ խնդրի պարագային։ Բոլոր խնդիրներուն լուծում որոնելու գլխաւոր հասցէն մեր Պատրիարքարանն է», ըսաւ նորին սրբազնութիւնը։ Ժողովականները համամիտ գտնուեցան, որպէսզի VADİP-ի գործունէութեան թափ առնելէն վերջ սոյն խնդիրները ձեռք առնուին նոր մօտեցումով մը։

Խորհրդակցական մարմնի երէկուան ժողովի ընթացքին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան տեղեկութիւններ փոխանցեց Պատրիարքարանի պիւտճէին շուրջ։ Ժողովականները կարծիք յայտնեցին, որ Աթոռի հասոյթները պէտք է անպայման բարձրանան՝ որպէսզի կարելի ըլլայ անոր գործունէութեան կայուն, բնականոն ու լիարժէք ձեւով տեւականացումը։

Խորհրդակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ եկան նաեւ համայնքային զանազան հաստատութիւններու վերաբերեալ մանրամասնութիւններ։ Այս ամբողջին մէջ շօշափուեցան Սուրբ Խաչ դպրեվանքի, Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ, Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ եւ այլ հաստատութիւններու պարագաները։ Հարկ է նշել, որ համայնքային շրջանակները արդէն վերահասու դարձած են, թէ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը պետութենէն որպէս հատուցում լուրջ գումար մը ստացած է այս վերջին օրերուն։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ցաւ յայտնեց, որ խնամակալութիւնը բացարձակ անտարբերութիւն ցուցաբերած է Պատրիարքական Աթոռին դէմ ու նոյնիսկ պաշտօնապէս տեղեկութիւն չէ փոխանցած՝ հակառակ նաեւ Աթոռին գլուխը գտնուողի վանահօր հանգամանքին։ Բաց աստի, նորին սրբազնութիւնը ժողովականներուն հաղորդեց, որ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ տնօրինուած միջոցներուն շուրջ երէկ իսկ առաջին անգամ պաշտօնապէս տեղեկութիւն փոխանցուած էր Պատրիարքական Աթոռին։ Այսպէս, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունած է թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու խորհրդատու յանձնախումբէն Յարութիւն Շանլըն եւ Մանուկ Քալայճըն։ Այս երեք դէմքերուն կողմէ ներկայացուած տուեալները ամփոփ գիծերու մէջ նորին սրբազնութիւնը յանձնեց նաեւ Խորհրդակցական մարմնի անդամներու նկատառման։ Վերոյիշեալ միւս հաստատութիւններուն վերաբերեալ խնդիրներն ալ օրակարգի վրայ եկան՝ անոնց տնօրինման յանձնուած համայնքապատկան կալուածներու նպատակայարմար եւ արդիւնաւէտ արժեւորման խնդիրներու տեսանկիւնէն։

Խորհրդակցական մարմնի անդամները Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Հայկ Ասլանեանի կողմէ լուսաբանուեցան նաեւ Ղալաթիոյ խնամակալութեան վերաբերեալ կարեւոր իրադարձութեան մը շուրջ։ Երբ Կեդրոնական վարժարանը կը դիմագրաւէ նիւթական լուրջ խնդիրներ, Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը թափ տուած է Տոլափտերէի տարածքը արժեւորելու աշխատանքին։ Եթէ այդ տարածքին վրայ կարելի ըլլայ շինարարութիւն մը իրագործել, ապա Կեդրոնական վարժարանը պիտի ունենայ մշտական հասոյթ մը։ Վերջերս Հայկ Ասլանեան, Նշան Քարա եւ Խաչիկ Ճանէլ որոշած են մեծ քանակութեամբ նուիրատուութիւններ ընել, որպէսզի շինարարական աշխատանքները սկսին։ Այժմ կը քննարկուի քանի մը վարկած։ Այս կապակցութեամբ մօտաւոր ապագային վերջնական որոշում մը պիտի տրուի։ Բոլոր ժողովականները սկզբունքօրէն ողջունելի համարեցին այս նախաձեռնութիւնը, սակայն ոմանք արտայայտեցին վերապահութիւններ։ Արդարեւ, որքան որ ալ անհատ նուիրատուներու կողմէ ներդրուելիք միջոցները ըլլան հսկայական, մեծ հաշուով, շինարարութեան ընդհանուր պիւտճէին մէջ բաւական փոքր տոկոս մը պիտի կազմեն անոնք։ Հետեւաբար, հրապարակի ներկայ դժուարին պայմաններն ալ հաշուի առնելով, եթէ առանց վերջնական երաշխիքներ ունենալու այդ գումարներով շինարարութիւնը սկսի, աւելի վերջ կրնան ռիսքեր յառաջանալ՝ աշխատանքներու կիսատ մնալուն եւ ներդրուելիք սկզբնական միջոցներու ալ վատնուելուն տեսակէտէ։

Առանձին նիւթերու քննարկումներէն վերջ, խորհրդակցական մարմնի անդամները վերստին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նկատառման յանձնեցին, որ համայնքային կեանքի կառավարումը աւելի առողջ դարձնելու համար անպայման յամառ աշխատանք պէտք է տանիլ՝ իշխանութիւններէն թոյլտուութիւն ապահովելու համար ընդհանրական լիազօրութիւններով կեդրոնական մարմնի մը գոյութեան ուղղութեամբ։


http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/4-10-2018-աթոռի-առջեւ-հարցեր

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın