İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿՈՐՈՒՍՏԸ

Ինչպէս ծանօթ է մեր համայնքին, թուականին Ֆրանսայի մէջ իր մահկանացուն կնքեց աշխարհահռչակ Ֆրանսացի Հայ երգիչ, յօրինող, արուեստագէտ, դիւանագէտ եւ ի վերջոյ՝ արժանաւոր Հայորդի Շառլ Ազնաւուրը (Շահնուր Վաղինակ Ազնաւուրեան)։ Ան կը մահանայ 94 տարեկան հասակին մէջ, խոր սուգի մատնելով ո՛չ թէ միայն իր ազգակիցները, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհը։

 

Անվիճելի է, թէ Հայ Ժողովուրդի ցաւը մեզմէ իւրաքանչիւրին ցաւն է եւ նման կորուստի մը առջեւ մեր աղօթքն է, որ մեր ժողովուրդի զաւակները զգան այս անզուգական անձնաւորութեան արժէքը եւ գիտակցին իրենց ինքնութեան՝ քաղելով կեանքի դասը անմահանուն վարպետէն։

 

Կու գանք տեղեկացնել մեր Հոգեւորականաց դասուն, Համայնքային Մարմիններուն, Թաղային Խորհրդոց ու համայնքի անդամներուն, թէ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի հրահանգով 7 Հոկտեմբեր 2018, Կիրակի, մեր եկեղեցիներուն մէջ յաւարտ Ս. Պատարագի պիտի կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն մեծանուն հայորդիի բարի հոգիին համար։

 

Տէրը թող լուսաւորը իր հոգին ու երկնային անթառամ պսակներուն արժանացնէ։


http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/հայ-ժողովուրդի-կորուստը/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın