ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թրքահայ իրականութեան մէջ այնպիսի բեւեռացումներ, պառակտումներ յառաջացած են, որ համայնքային կեանքը հասած է անդամալուծուելու եզրին։ Այս իրողութիւնը կու գայ բիւրեղացնել Պատրիարքարանի մէջ կազմակերպուած վերջին ժողովին արժէքը։ Սա իսկապէս համախմբման քայլ մըն էր եւ այդ քայլը առնուած էր ճի՛շդ ժամանակին։ Գումգաբուի խորհրդակցութիւնը կրնայ նոր էջ մը բանալ մեր համայնքնի առկայ փակուղիի ներկայ փուլին։ Կրնա՞յ շրջադարձային ըլլալ՝ սա ցոյց պիտի տայ ժամանակը։ Յամենայնդէպս, այդ հաւաքը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ համայնքի ներքին յարաբերութիւններու դրուածքը վերաձեւաւորուելու, կառուցուածքը քիչ մը աւելի տեսքի բերելու առումով։ Այս կիրակի արդէն տեղի պիտի ունենայ 2018-2019 եղանակի առաջին մատաղօրհնութիւն։ Սամաթիոյ սիրոյ սեղանով պիտի սկսի նուիրահաւաքներու նոր արշաւ մը, որու ընդառաջ ընդհանուր յոռետեսութիւն մը կը տիրէ համայնքէն ներս՝ երկրի տնտեսութեան ընդհանուր դժուարութիւններուն ալ անխուսափելի ազդեցութեամբ։
Թրքահայութեան օրակարգին վրայ երկար ատենէ ի վեր կուտակուած են խնդիրներ։ Վարչական անհրաժեշտ բարեփոխումներու մէջ թերանալէ եւ հաւաքական հարստութիւնը արդիւնաւէտ ու արդար չբաժնելէ սկսեալ, մինչեւ առկախեալ ընտրութիւններու ծնունդ տուած պառակտումները՝ համայնքը ունի բազում ձախողումներ։ Որքան որ ալ մարդիկ այդ բոլորին համար մեղաւորներ մատնանիշ ընեն, ուրիշներու յանցանք վերագրեն, քաւութեան նոխազներ փնտռեն ու գտնեն ու ինքնաքննադատութենէ յամառօրէն հեռու մնան, հետեւանքը կը մնայ միեւնոյնը՝ հաւաքական ձախողում։ Ամենացաւալին այն է, որ ձախողումները որքան որ աւելնան, պառակտումներն ու բեւեռացումները այնքան կը խորանան։ Մարդիկ երբ չեն կրնար խնդիրներ կանխել կամ այդ խնդիրները լուծել, ապա, թէկուզ եւ հասկնալիօրէն, իրարու նկատմամբ հաւատը կը կորսնցնեն։ Այսօրուան վիճակով՝ ձեռքբերումներու պակասը, տեւական ձախողումները զգալիօրէն բարոյալքած են համայնքը եւ նուազագոյնի իջեցուցած՝ անոր ընդհանուր ձգողականութիւնը։ Բոլորը գանգատ ունին, բոլորը դժգոհ են, սակայն կայծ մը պէտք է դարձեալ լիցք հաւաքելու, վերստին ոստումի մը պատրաստուելու համար։ Մարդիկ որքան ալ որ ճամբարներու բաժնուած ըլլան, որքան ալ որ իրարու դէմ լարուած ըլլան (չըսելու համար թշնամացած), ի վերջոյ պէտք է յիշեն, որ նոյն նաւուն մէջ են եւ հաւաքական ձախողումներու հետեւանքները կրնան յաղթահարուիլ միայն հաւաքական կամքով։ Անշուշտ, այժմ բաւարար հիմքեր կամ նախադրեալներ չկան լաւատեսութեան համար, սակայն Պատրիարքարանի վերջին ժողովը կրնայ այս առումով յիշեցումի, անդրադարձի պատուհան մը բանալ մեր համայնքին առջեւ։ Համայնքային վարիչներու ազգի տան մէջ հաւաքը միշտ ալ ողջունելի է եւ կրնայ դուռ մը բանալ՝ առկայ անելի ծանր բեռը թօթափելու տեսակէտէ։
Գումգաբուի վերջին խորհրդակցութիւնը կը նշանաւորուի մեծ պատկերի մը վրայ, ուր առաջին հերթին աչքի կը զարնեն շարք մը տարրեր՝ որպէս լուրջ գործօն կամ կարեւոր խաղացող։ Անոնք են՝ նոյնինքն Պատրիարքարանը, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը, Համայնքային վաքըֆներու հարթակը (VADİP), մեր վարժարաններու ցանցը եւ այլն։ Խորքին մէջ, մեր ներկայ խնդիրները խորաթափանց ընկալելու համար առնուազն վերջին տասը տարուան կտրուածքով ուշադիր դիտարկում մը պէտք է ընել, սակայն այս փուլին կեդրոնանանք միայն վերջին շրջանի երեւոյթներուն վրայ։
*
Պատրիարքարանի տեսակէտէ վերջին խորհրդակցութիւնը շատ նշանակալից էր։ Պարզ է, որ վերջին տասը տարիները մաշեցուցիչ անցումային շրջան մը եղած են Պատրիարքարանի տեսակէտէ ու տակաւին ալ յայտնի չէ, թէ ե՛րբ պիտի վերջանայ այդ մէկը։ Այս խնդիրը բաւական սահմանափակեց Պատրիարքարանի ազդեցութիւնը, տակաւին չենք խօսիր մօտաւոր անցեալի ցնցումներուն մասին։ Ուստի, այս վերջին ժողովի կազմակերպման նախաձեռնութիւնը եղաւ շօշափելի ապացոյց մը, որ Պատրիարքարանը կը շնչէ, կանգուն է ու տակաւին բան մըն ալ աւելին։ Յաչս համայնքին այս վիճակը կարեւոր է։ Հերթական անգամ կը վերահաստատուի Պատրիարքարանի մեր համայնքէն ներս անփոխարինելի դերակատարութիւնը եւ համախմբման բարձր ընդունակութիւնը։ Մնաց որ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի՝ որպէս ընդհանուր փոխանորդ պաշտօնավարութեան վերսկսած շրջանէն ի վեր առաջին անգամ Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ նման մակարդակով, այս ձեւաչափով ժողով մը։ Աւելի՛ն, հոգեւորականաց դասու ներքին յարաբերութիւններուն տեսակէտէ ալ դրական պատկեր մը կար Գումգաբուի մէջ։ Ընդհանուր փոխանորդի կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Երկար ժամանակ վերջ առաջին անգամ, բարձրաստիճան հոգեւորականներ համայնքային կենսական հարցերու շուրջ աշխարհական վարիչներուն ներկայացան միասնաբար։ Սա եւս, դրական ըլլալու առընթեր, առողջ երեւոյթ մըն էր եւ, անշուշտ, ողջունելի։
*
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի տեսակէտէ ալ Պատրիարքարանի վերջին ժողովը ունեցաւ կարեւոր նշանակութիւն։ Սա մեր մեծագոյն հաստատութիւնն է եւ անոր հոգաբարձութեան ատենապետը համայնքի թիւ մէկ աշխարհական վարիչն է։ Պետրոս Շիրինօղլու մեծ զոհողութիւններով եւ իրեն բնո-րոշ տեսլականով կը կատարէ այս առաքելութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր։ Վերջին տարիներուն Շիրինօղլուի պարագային թէեւ գերակշիռ համարուիլ սկսած էր VADİP-ի ատենապետի դերը, սակայն մենք հակուած ենք գերադաս համարել հոգաբարձութեան ատենապետի հանգամանքը, որովհետեւ ի վերջոյ VADİP-ի ատենապետի հանգամանքը ան կը կրէ ի պաշտօնէ։ Սակայն հարցը այստեղ բոլորովին այլ ծալքեր ունի։ Աւանդաբար մեր համայնքը կը ղեկավարուի Պատրիարքարան եւ Ազգային հիւանդանոց թանտեմով։ Վերջին տասնամեակին այս աւանդական դրուծքը գործնականին մէջ որոշ փոփոխութեան ենթարկուեցաւ։ Մէկ կողմէ Պատրիարքարանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները, իսկ միւս կողմէ VADİP-ի գոյութիւնը այդ թանտեմի առանցքը սահեցուցին քիչ մը դէպի Ազգային հիւանդանոց։ Սկիզբին կային յաւակնոտ նպատակներ եւ հեռանկարներ, սակայն, ժամանակի ընթացքին համայնքը հետզհետէ ականատես եղաւ VADİP-ի ամլութեան։ Հարթակը չկարողացաւ այնպիսի ձգողականութեան մը հասնիլ, որ իր հովանոցին տակ հաւաքէր բոլոր հաստատութիւնները։ Բաւական շատ էին այն կառոյցները, որոնք պատրաստակամ չեղան համախմբուիլ այնտեղ։ Մասնակից հաստատութիւններն ալ չյաջողեցան արդիւնաւէտութեան մը հասնիլ եւ ուրիշներէ տարբեր առաւելութիւններ ապահովել։ Լիարժէք վարչական կառոյց մը հաստատել հնարաւոր չեղաւ։ Հակառակ Շիրինօղլուի բոլոր զգուշացումներուն VADİP չունեցաւ ենթայանձնախումբեր։ Ընթացքին քանի մը յանձնախումբ ստեղծելու փորձերն ալ յաջողութեամբ չպսակուեցաւ։ Այսինքն հարցը այնպիսի կէտի մը հասած էր, որ VADİP-ի ընդհանուր ձախողումին հետեւանքները սկսան վերագրուիլ Ազգային հիւանդանոցին ու Պետրոս Շիրինօղլուին։ Ի վերջոյ ատենապետը անցեալ ամառնամուտին լուծարեց VADİP-ի համակարգման խորհուրդը եւ սառեցուց նաեւ անոր ընդհանուր գործունէութիւնը։ Ան հեռատես որոշումով մը անուանական ձեւով նախընտրեց պահել VADİP-ը, սակայն գործունէութիւնը սառեցուց։
Փոթորկալից մթնոլորտի մը մէջ հրապարակուած այս որոշումէն վերջ ամրան ամիսներուն եղան իրադարձութիւններ, որոնք ջուրի երես հանեցին կարգ մը ճշմարտութիւններ։ Այսինքն, VADİP-է ներս, իրականութեան մէջ, ազդեցութեան պայքարները հասկնալի սահմաններէ շատ աւելի վեր էին եւ Պետրոս Շիրինօղլու մեծ ջանքերով կառավարելի սահմաններու մէջ կը պահէր ամէն ինչը։ Այս հանգամանքը ներկայիս պարզ դարձած է «Թրքահայ վարժարաններու միութիւն» անուանեալ նախաձեռնութեան բերումով ծագած վերջին տագնապին զուգահեռ։ Սա վերածուեցաւ այն կաթիլին, որ բաժակը յորդեցուց։ Թէեւ VADİP-ի հովանոցին տակ սկսած աշխատանք մը խնդրոյ առարկայ էր, սակայն ներքին հակասութիւնները խափանեցին անոր ընթացքը։ Շիրինօղլու այս փուլին գործեց շատ արմատական ու վճռակամ։ Արդիւնքին VADİP-ի ատենադպիր Յարութիւն Շանլը հրաժարեցաւ։ Այս բոլորը կազմալուծման ազդանշաններ համարուեցան անտարակոյս։ Այդ վիճակով Ազգային հիւանդանոցին եւ անձամբ ատենապետ Շիրինօղլուի տեսակէտէ տանելի չէր կրնար ըլլալ VADİP։
Պատրիարքարանի այս վերջին ժողովի շօշափելի հիմնական արդիւնքը այն եղաւ, որ VADİP անդունդի եզրէն փրկուեցաւ։ Այս լուծումը գտնուեցաւ Պատրիարքարանի եւ Ազգային հիւանդանոցի թանտեմին մէջ։ Սա Պատրիարքարանի համախմբման կարողութեան ապացոյց մըն է։ Սա Ազգային հիւանդանոցին կարելիութիւն կ՚ընձեռէ առանց մաշելու VADİP-ի ամլութեան բեռը թօթափել եւ նոյն յառաջատար դիրքով տեղ գրաւել նոր իրադրութեան մէջ։ Սա կը փոխէ նաեւ VADİP-ի ճակատագիրը եւ կրնայ նոր էջ մը բանալ անոր գործունէութեան մէջ, նոյնիսկ նախապէս հեռաւորութիւն պահած կարգ մը հաստատութիւններով, որոնց գլխաւորն է Գարակէօզեան Տան խնամակալութիւնը։
Այս կէտին վրայ հաշուի պէտք է առնել նաեւ ուրիշ էական պարագայ մը։ VADİP ի վերջոյ պիտի շարունակուի նոյն անձերով։ Ուստի, անոնք ներկայ հնարաւորութիւնը պէտք չէ մսխեն եւ յառաջ պէտք է ընթանան անցեալի ձախողումներէն դասեր քաղելով։ Մեր ներկայ համայնքային վարիչները բաւական յոգնած են՝ առկախեալ ընտրութիւններուն բերումով։ Անոնք գործնականօրէն պաշտօնավարութեան երկրորդ շրջան մը բոլորելու վրայ են։ Գաղտնիք չէ, որ իրենց ներքին յարաբերութիւններն ալ մաշած են որոշ չափով։ Այս սիւնակին մէջ նախապէս ալ գրած էինք, որ ընտրութիւնները առիթ պիտի տան նաեւ համայնքէ ներս նոր ներդաշնակութեան, որովհետեւ բոլորը նոր շրջանի մը ընդառաջ զիրար պիտի վերավարկաւորեն ուզեն-չուզեն։ Բայց հիմա այդ հեռանկարը, ընտրութեա՛ն հեռանկարը պղտոր է, իսկ համայնքի ընթացիկ գործերը անյետաձգելի են։ Մեր վարչայինները մէկ կողմէ գերյոգնած վիճակի մէջ են, իսկ միւս կողմէ այդ գերյոգնածութիւնով պարտաւոր են դիմագրաւելու տնտեսական աննախընթացօրէն ծանր բեռ մը։ Արդարեւ, մեր վարժարաններու պիւտճէի բացերը աւելի քան երբեւէ բարձր են, հասած են աստղաբաշխային համեմատութիւններու։ Այս բոլորի յաղթահարումը կ՚ենթադրէ համագործակցութեան նոր եռանդ մը։ Եւ VADİP-ի նոր մեկնարկը կրնայ խթան հանդիսանալ այս ուղղութեամբ։ Յառաջիկայ շրջանին համակարգման նոր մարմին մը պիտի ընտրուի VADİP-ի համար։ Վստահաբար այդ ժամանակ նկատի պիտի առնուին այս բոլորը՝ որպէսզի VADİP-ի նոր ճանապարհորդութիւնը չնմանի նախկինին եւ այս համայնքը խնայուի համատարած ջլատումէ։
*
Թրքահայ իրականութեան մէջ վերջին տասնամեակին բազմացան ուժի կամ ազդեցութեան լծակները։ Մտաւոր կամ կազմակերպչական կարողութիւններով ձեւաւորուած լծակներ չեղան անոնք։ Առհասարակ դրամական ուժով գոյացան այդ լծակները։ Այս երեւոյթը, իր հերթին, ստուէր ածեց Պատրիարքարան-Ազգային հիւանդանոց թանտեմին վրայ։ Համայնքի միջոցներու աճիլը, զարմանալիօրէն վարչական գետնի վրայ անկառավարելիութեան եւ աններդաշնակութեան պատճառ դարձաւ։ Պետութեան կողմէ փոքրամասնութիւններուն համար կատարուած բարեփոխումներէն օգտուելով մեծ հարստութիւններու տիրացած մեր կարգ մը հաստատութիւնները դարձան «ինքնուրոյն գործօն»ներ։ Ազգի հարստութիւնը որոշ ժամանակ տնօրինելու կոչուած մարդիկ սկսան՝ ազգի միջոցներու տնօրինման լիազօրութեան շնորհիւ կամք պարտադրել նոյնինքն ազգին վրայ։ Դժբախտաբար, այս տխուր երեւոյթը խարխլեց մեր համայնքի զօրակցութեան, իրերօգնութեան ամուր նախընթացները։
VADİP-ի Պատրիարքարանի երդիքին տակ վերաձեւաւորումը կրնայ նոր հորիզոն մը ուրուագծել՝ ներքին յարաբերութիւններու այս ամբողջ խնդրայարոյց դրուածքը փոփոխութեան ենթարկելու առումով։
Թրքահայ իրականութենէն ներս միջոցէ մը ի վեր կը ձեւաւորուին ուժի նոր առանցքներ կամ լծակներ։ Այս երեւոյթը ուղղակիօրէն պայմանաւորուած է մեր հարստացող հաստատութիւններով։ Արդարեւ, կարգ մը վաքըֆներ հնարաւորութիւն կ՚ունենան վերարժեւորելու իրենց սեփականութիւնը հանդիսացող տարածքները եւ կամ անցեալի մէջ իրենց ենթարկուած անիրաւութիւններուն բերումով կը ստանան հատուցումներ։ Այսպէսով, ուժի նոր առանցքներ կամ լծակներ կը ձեւաւորուին։ Այս երեւոյթը, բնականաբար, ողջունելի է, որովհետեւ համայնքի հաւաքական հարըս-տութիւնը կ՚աւելնայ։ Բայց մետայլի միւս երեսակին, մեր վարչական համակարգի խնդիրներուն բերումով այդ հարստութիւնը նպատակասլաց ձեւով օգտագործել յաճախ հնարաւոր չ՚ըլլար։ Այսինքն, համայնքը մէկ կողմէ կը հարստանայ, իսկ զուգահեռաբար տնտեսական ճգնաժամը կը խորանայ՝ մասնաւորապէս վարժարաններու պարագային։ Այս սիւնակին մէջ աւելի առաջ ալ մատնանշած ենք, որ նիւթական միջոցներու եւ ժողովրդագրութեան հակասութիւն մը կայ մեր համայնքէն ներս։ Հայ բնակչութենէ նօսրացած շարք մը թաղեր ունին լուրջ հարստութիւն, իսկ հայաշատ թաղերու հաստատութիւնները զուրկ են հասութաբեր կալուածներէ։ Սա իրականութեան մէջ անլուծելի խնդիր մը չէ, եթէ համայնքէն ներս վարչական ամուր համակարգ մը գործէ։ Բայց եւ այնպէս, քանի որ այժմ այդպիսի համակարգ մը գոյութիւն չունի, այս երեւոյթը կը վերածուի խնդրի մը։ Հիմա հարստացող հաստատութիւններն ալ այս ամբողջին մէջ նոր գլուխ մը կը կազմեն։ Ուստի, համայնքային վարիչներու դիտարկումը կամ բանաձեւումը այն է, որ ուժի նոր լծակներ կը գոյանան թրքահայ իրականութենէն ներս։ Այս երեւոյթը, ընդհանրապէս, կ՚ընկալւի մտահոգութեամբ։ Իրականութեան մէջ, այդ մտահոգութիւնը կրնայ բոլորովին անտեղի ըլլալ, ինչպէս ըսինք, եթէ վարչակազմակերպչական առողջ համակարգ մը հաստատուի համայնքէն ներս։ Բայց այժմու պայմաններով մեր իւրաքանչիւր հաստատութեան հարստութիւնը կը տնօրինուի ու կը բաշխուի՝ ըստ անոր գլուխը գտնուող վարչայիններու հայեացքին, ենթակայական դատողութեան ու նոյնիսկ անձնական նախընտրութիւններուն։ Սա է, որ դժուարութեան պատճառ կը դառնայ եւ այս նոյն կէտին վրայ կը ծագին մտահոգութիւններ, թէ համայնքէն ներս կը ստեղծուին ուժի նոր լը-ծակներ։ Մեծ հաշուով ներկայիս մեր համայնքին մէջ ուժերու վերադասաւորում մը խնդրոյ առարկայ է։ Սա կենսունակութեան ազդանշան մըն է եւ կրնայ օգտակար ըլլալ, եթէ այդ ուժերու վերադասաւորումը գետին պատրաստէ համայնքի ընդհանուր հարստութեան աւելի նպատակասլաց եւ աւելի արդար օգտագործման։
Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցած ատենապետներու վերջին ժողովին ժամանակ եւս այս խնդիրը կարմիր թելի մը նման կ՚անցնէր կամ զգալի կը դառնար քննարկումներու ամբողջին մէջ։ Գործնական առումով այս երեւոյթի ներկայ հիմնական օրինակն է Պէյքոզը։ Արդարեւ, Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը աւելի քան տարիէ մը ի վեր տիրացած է վիթխարի գումարի մը՝ որպէս հատուցում երբեմնի գերեզմանատան տարածքի կորսուած բաժիններուն։ Թաղային խորհուրդը այդ գումարները տնօրինելու համար կ՚աշխատի խորհրդատու յանձնախումբի մը հետ։ Պէյքոզի վերաբերեալ իրադարձութիւնները աւելի քան տարիէ մը ի վեր համայնքի օրակարգը կը զբաղեցնեն անմիջականօրէն։ Այնտեղ որդեգրուած ընթացքին շուրջ ահազանգ կը հնչեցնէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ Պէյքոզի գումարներուն մասին խօսած է ուղղակիօրէն Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի հետ։ Շիրինօղլու կը յայտնէ, որ այս հարցին շուրջ ինք բռնած է պետական աւագանիին զարկերակը, գիտէ տրամադրութիւնները եւ Պէյքոզի պարագային որդեգրուած ընթացքը հարիւր տոկոսով ներդաշնակութեան մէջ չէ իշխանութիւններու զգայնութիւններուն կամ ակնկալութիւններուն հետ։ Այս է պատճառը, որ այսքան ժամանակէ ի վեր չէ եկած Պէյքոզի համար նախատեսուած հատուցման երկրորդ մասը։ Շիրինօղլուի այս քննադատութիւնները միշտ կ՚արժանանան ուշադրութեան եւ զուգահեռաբար շրջանառութեան մէջ մտած են նաեւ քննադատութիւններ՝ Պէյքոզի գումարներու օգտագործման եղանակներու արդիւնաւէտութեան մասին։ Համապատասխան խնդիրներուն շուրջ ատեն-ատեն կը կատարուին զանազան յայտարարութիւններ, որոնք կ՚ունենան հակադիր բնոյթ։ Հանրային կարծիքին մօտ յստակ պատկերացում մը գոյացնել կարելի չ՚ըլլար՝ որովհետեւ այդ կէտին վրայ մղուած ազդեցութեան պայքարներուն բերումով կը մատուցուին միայն քարոզչական բնոյթով տուեալներ։ Արդիւնքը այն է, որ մեր համայնքը Պէյքոզի հարցին շուրջ ապատեղեկատուութեան տարափի մը ենթարկուած է։
Պէյքոզի նիւթին նուրբ նշանակութիւնը հերթական անգամ բիւրեղացաւ բոլորովին վերջերս։ «Թրքահայ վարժարաններու միութիւն» անուանուած նախաձեռնութիւնը կարեւոր չափով յենուած էր Պէյքոզի միջոցներուն վրայ։ Այդ հաշուարկը պարզ է, որովհետեւ «Թրքահայ վարժարաններու միութիւն» նախաձեռնութեան հետամուտ համայնքային գործիչներու շարքին յառաջատար դերակատարութիւն ունեցան այն անձերը, որոնք Պէյքոզի թաղային խորհուրդի խոր-հըրդատու յանձնախումբին կորիզը կը կազմեն։ Թէեւ այդ նախաձեռնութեան ճակատագիրը առայժմ հարցականի տակ կը մնայ, սակայն համայնքը հերթական անգամ համոզուած է, որ Պէյքոզի միջոցները ունին լուրջ ներուժ մը՝ հեռանկարային ծրագիրներ մշակելու տեսակէտէ։
Այս կէտին վրայ դարձեալ կարեւորութիւն կը ստանայ Պէյքոզի միջոցները եւ ընդհանրապէս հարստացող մեր վաքըֆներու միջոցները նպատակասլաց ու ներդաշնակ ձեւով օգտագործելու անհրաժեշտութիւնը։ Պատրիարքարանի վերջին ժողովին բերումով յայտնի դարձաւ, որ Պէյքոզի միջոցները ներկայիս համայնքէն ներս որոշ հատուածի մը կողմէ վերածուած են վարչա-քաղաքական գործօնի։ Այս համոզման կարելի է յանգիլ հաշուի առնելով Պատրիարքարանի ժողովի բացակաները։ Արդարեւ, խորհրդակցութեան բացականերու շարքին էին Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը, Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը եւ այլն։ Թուարկուած այս երեք մարմինները ըստ երեւոյթին ունին հասարակաց կողմ մը։ Անոնց ղեկավարութիւնները Պէյքոզի թաղային խորհուրդի խորհրդատու յանձնախումբի հիմնական դերակատարներու շարքին կը գտնուին ու կը ձգտին համայնքի ընդհանուր երթը որոշ չափով երանգաւորել՝ մասնաւորապէս սահմանափակելով Պատրիարքարանի ազդեցութիւնը եւ այդ նպատակն ալ կ՚արդարացնեն՝ ընդդիմանալով ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին։
Համայնքէ ներս ուժերու վերադասաւորման ներկայ հոսանքի հիմնական առարկաներէն մին է, ինչպէս ըսինք Պէյքոզը եւ դժուար չէ ենթադրել, որ այս ուղղութեամբ յառաջիկայ շրջանին կ՚ակնկալուին նոր իրադարձութիւններ։ Համայնքէն ներս, գրեթէ բոլոր հարթութիւններու վրայ Պէյքոզի իրադարձութիւնները անմիջական ուշադրութեան առարկայ են։ Պէյքոզի վերաբերեալ գործընթացներուն սկիզբէն ի վեր մասնակից է նաեւ Պատրիարքական Աթոռը՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած «Յովակիմ 1461» վաքըֆին միջոցաւ։ Թէեւ բաւական երկար ժամանակէ ի վեր Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հրաժարած է այդ հիմնարկի վարչութեան գլուխի պաշտօնէն, սակայն վերջին հաշուով Պատրիարքարանը միշտ ներգրաւուած էր այս գործին։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանէ վերջ «Յովակիմ 1461»ի գլուխը անցաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Այս փոփոխութիւնը որոշ ակնկալութիւններ օրակարգի վրայ բերաւ, սակայն մէկ կողմէ ալ շրջանառութեան մէջ մտան լուրեր, ըստ որոնց Պատրիարքարանի հովանոցին տակ ստեղծուած այդ հիմնարկը լուծարելու որոշում առնուած էր։ Զանազան պղտոր տուեալներ մատուցուեցան հանրային կարծիքին եւ անցնող ժամանակաշրջանը այս առումով կարելի չէ գնահատել արդիւնաւէտ։ Այժմ, կան լսումներ, ըստ որոնց «Յովակիմ 1461» հիմնարկը պիտի չլուծարուի եւ համայնքէն ներս ստեղծուած նոր իրադրութեան բերումով անոր վարչութեան գլուխը պիտի վերադառնայ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Այսինքն, հաւանական է, որ յառաջիկայ շրջանին Պէյքոզ հանդիսանայ այն հարթակը, ուր համայնքի այժմու իրերամերժ բեւեռներու ներկայացուցիչները զիրար վերագտնեն։ Պատրիարքարանի եւ Ազգային հիւանդանոցի թանտեմը յառաջիկայ շրջանին կրնայ լուրջ ազդեցութիւն ունենալ Պէյքոզի պարագային։ Նա՛խ, կարելի կրնայ ըլլալ ապահովել Պէյքոզի միջոցներու աւելի նպատակասլաց եւ արդար բաժնուիլը։ Յետոյ, Պէյքոզի համար տարուելիք աշխատանքը կրնայ համագործակցութեան նոր գետին մը դառնալ՝ ընդգրկելով նաեւ այն շրջանակները, որոնք ներկայիս հեռու կը մնան Պատրիարքարանի վերջին ժողովով խորհրդանշուած խմորումներէն։ Եթէ բոլորը պատասխանատուութեամբ եւ հեռատեսութեամբ գործեն, ապա Պէյքոզի պարագան կրնայ վերածուիլ միասնականութեան ու նոր համագործակցութեան առիթի մը ու սա կ՚ըլլայ նաեւ ուժերու վերադասաւորման լաւ օրինակ մը։
*
Համայնքային վաքըֆներու հարթակը (VADİP) յառաջիկայ շրջանին Պատրիարքարանի երդիքին տակ յառաջ տանելու որոշումը առնուած է թրքահայ կեանքի վերջին իրադարձութիւններու տրամաբանութեան հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ։ Համայնքի երկու գլխաւոր բարերաները՝ Պետրոս Շիրինօղլու եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւս համամիտ գտնուած են այս հարցին շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Պետրոս Շիրինօղլուի եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլի միջեւ լուրջ տարակարծութիւններ խնդրոյ առարկայ էին մինչեւ մօտաւոր անցեալին։ Կրնայ ըլլալ, որ անոնք տակաւին հաւատարիմ մնան իրենց սկզբունքներուն, սակայն կարելի չէ անուշադրութեան մատնել, որ անոնց յարաբերութիւններուն մէջ զգալի է մեղմացում մը եւ սա շատ ողջունելի է համայնքային շրջանակներուն կողմէ։ Տիգրան Կիւլմէզկիլի կողմէ գլխաւորուած Գարակէօզեան Տան խնամակալութիւնը մասնակցութիւն չէր բերած VADİP-ի աշխատանքին, սակայն այս նոր շրջանին այդ երեւոյթը փոխուած է։ Շիրինօղլուի եւ Կիւլմէզկիլի նման յառաջատար բարերարներու հասարակաց յայտարար մը գտած ըլլալը միայն օգուտ կրնայ բերել մեր համայնքին։ Անոնց յարաբերութիւններուն մեղմացումը նոր կլիմայ մը կրնայ ստեղծել համայնքէն ներս եւ սա նոյնպէս ուժերու վերադասաւորման գործօն մըն է։
Այս կէտին վրայ միջանկեալ պէտք է նշել, որ Շիրինօղլու-Կիւլմէզկիլ մեղմացումը ապահովուած է նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ջանքերով։ Արդարեւ, ընդհանուր փոխանորդը այս երկու մեծ բարերարները վերջերս նոյնաժամանակ ներգրաւեց Պատրիարքարանի Խորհրդակցական մարմնի կազմին մէջ։ Ան այս ձեւով յստակ պատգամ մը տուաւ, թէ Պատրիարքական Աթոռը չ՚ուզեր կողմ բռնել կամ զիջիլ մեր համայնքին նպաստ բերած անձերու մէկէն կամ միւսէն։ Թէ՛ Շիրինօղլու եւ թէ Կիւլմէզկիլ համայնքի ներկայ կացութիւնը գնահատեցին սթափօրէն եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ նոր մակարդակի մը վրայ դրին իրենց յարաբերութիւնները՝ գերադասելով Պատրիարքարանի հանգամանքը։ Եթէ հնարաւոր ըլլայ այս կլիման տեւականացնել եւ այժմ ստեղծուած պայմանները ամրապնդել, ապա յառաջիկայ շրջանին բանիմացութեամբ, հաւաքական շահու գիտակցութեան դաշտը կրնայ վերամշակուիլ մեր համայնքէն ներս։
*
Մեր համայնքի վարչական առկայ անելի հիմնական պատճառը այն է, որ տասնամեակներէ ի վեր թրքահայութիւնը զուրկ է՝ ընդհանրական լիազօրութիւններով կեդրոնական մարմինէ մը։ Սա հարցերու հարցն է, կը մնայ այդպէս, թէեւ այս առումով որեւէ յստակ հեռանկար խնդրոյ առարկայ չէ։ Յամենայնդէպս, Պատրիարքարանի ժողովի ընթացքին հերթական անգամ օրակարգի վրայ եկած է այս կարիքը եւ նման հնարաւորութիւն մը ունենալու փափաքը։ Թէ ինչպէ՞ս կը լուծուի այս հարցը, կը լուծո՞ւի, կամ չի լուծուիր. տարբեր նիւթ… Բայց եւ այնպէս, եթէ ատենապետներու ժողովին ժամանակ համայնքային վարիչները որպէս իտէալական լուծում, առաջնահերթ փափաք՝ անդրադարձած են այս խնդրին, ապա այնտեղ կայ տրամաբանութիւն մը։ Մեր աւանդական վարչական համակարգը, որու խորհրդանշանն է 1863 թուականի Ազգային սահմանադրութիւնը, կը նախատեսէ Պատրիարքարանի կողմէ գլխաւորուած վարչամեքենայ մը, կեդրոնական դիրք կը վերապահէ Աթոռին։ Թէեւ այդ Սահմանադրութիւնը այսօր լիարժէք չի գործեր, սակայն մեր համայնքը իր ճանապարհորդութիւնը կը շարունակէ անկէ բխած տրամաբանութիւնով մը եւ վարչական իրերու դրուածքով մը։ Հետեւաբար, Պատրիարքարանի հովանոցին տակ ապագայ մը պատկերացնելը ամենատրամաբանական եւ ամենագործնական լուծումներուն դուռ կրնայ բանալ մեր իրականութեան մէջ։ Եթէ Պատրիարքարանի հովանոցը պահպանուի, եթէ ամուր կեդրոն մը ըլլայ, ապա թրքահայ իրականութեան մէջ ինքնաբերաբար ու միանշանակ ձեւով կը հաստատուին երաշխաւորուած պայմաններ, որոնք համայնքէ ներս ուժերու վերադասաւորումներու պարագային մտահոգութիւնները կրնան կանխել եւ միայն նոր, յաւելեալ օգուտներու տեսակէտէ գետին կրնան պատրաստել։
ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ. «ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԱՍԻՆ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՉԵՆ ՀԱՄԱՊԱՏԱՍԽԱՆԵՐ ԱՆՈՐ ԵՐԿԱՐԱԺԱՄԿԷՏ ՆԵՐԴՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ»
Սուրբ Փրկիզ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու Պատրիարքարանի ժողովի ընթացքին բացատրութիւններ տուաւ հաստատութեան նիւթական միջոցներուն շուրջ։ Շիրինօղլու յայտնեց, որ Ազգային հիւանդանոցը մեր ամենաթափանցիկ հաստատութիւնն է ու մեր համայնքին բացէ ի բաց կը ներկայացնէ իր ամբողջ ստացուածքը։ Վերջին տարիներուն հիւանդանոցը միշտ կը քննադատուի՝ դպրոցներուն բաւարար չափով օժանդակութիւն չցուցաբերելու բերումով։ Հոգաբարձութիւնը այս տարի ընդհանրապէս օժանդակութիւն չտրամադրել որոշած էր, ինչ որ համայնքէն ներս ստեղծեց յուսախաբութիւն։ Շիրինօղլու յայտնեց, որ իրենք ըմբռնումով կը մօտենան հիւանդանոցի վերաբերեալ ակնկալութիւններուն, սակայն պէտք է լաւ պատկերացնել այս հսկայական հաստատութեան կացութիւնը։ Հիւանդանոցը այսօրուան մրցունակ մակարդակին վրայ մնալ պարտաւոր է՝ այժմու հասոյթի տարողութիւնը պահպանելու համար։ Սա կ՚ենթադրէ փորձագիտական կանոնաւոր ներդրումներ։ Ազգային հիւանդանոցի արդիական սարքաւորումները կ՚ապահովուին աստղաբաշխային ներդրումներով։ Յառաջիկայ չորս-հինգ տարիներուն Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը պիտի պարտաւորուի նոր սարքաւորումներ ձեռք բերելու եւ այդ կարիքները դիմագրաւելու համար պարտաւոր է շրջանառութեան մէջ դնելու այժմ իր կուտակած գումարներուն շուրջ երկու երրորդը։
Շիրինօղլու ցաւ յայտնեց, որ համայնքային շրջանակները հետամուտ են աւելի քան օրը փրկելու եւ ըմբռնումով չեն մօտենար երկարաժամկէտ կարիքներու խնդրին։ Քիչ մըն ալ դառնացած՝ Շիրինօղլու յայտնեց, որ հիւանդանոցը այս տարի պիտի սկսի լիուլի բաժնել իր ունեցածը՝ դպրոցներուն համար եւ ըսաւ. «Սակայն հինգ տարի վերջ, երբ հիւանդանոցի սարքաւորումներու թարմացման փուլը հասնի, պատասխանատուն ես պիտի չըլլամ։ Հիւանդանոցի համար պատասխանատու պիտի ըլլաք դուք, պատասխանատու պիտի ըլլայ համայնքը։ Հիմա մեր առնելիք քայլը ի՞նչ հետեւանք պիտի ունենայ երկարաժամկէտ առումով, այդ ժամանակ պիտի տեսնէք եւ ես հիւանդանոցի ճակատագրին համար պատասխանատու պիտի չըլլամ»։
ԻՍՔԷՆՏԷՐ ՇԱՀԻՆԿԷՕԶ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ԵՆԻԳԻՒՂԸ , ԷՅՈՒՊԸ, ԳԱՏԸԳԻՒՂԸ ԵՒ ԱՅԼ ԹԱՂԵՐ՝ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ԱՆԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Իսքէնտէր Շահինկէօզ Պատրիարքարանի վերջին ժողովին ընթացքին զանազան քննադատութիւններ հասցէագրեց համայնքային այլ հաստատութիւններուն։ Ան մասնաւորապէս անդրադարձաւ այն մատակարար մարմիններուն, որոնք վարժարան մը չեն հովանաւորեր։ Դպրոց չունեցող թաղերն ալ այսօր ունին կարեւոր հարստութիւն, որ արդիւնաւէտօրէն չ՚արժեւորուիր եւ որ իրականութեան մէջ պէտք է կարելի ըլլայ օգտագործել մեր վարժարաններուն զօրակցելու համար։ Այդ ամբողջին մէջ Իսքէնտէր Շահինկէօզ թուարկեց Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդները, որոնց տնօրինման ենթակայ են կարեւոր տարածքներ, սակայն համայնքը տարիներէ ի վեր շօշափելի արդիւնք մը չի կրնար քաղել այդ բոլորէն։ Շահինկէօզ քննադատեց նաեւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը ու պնդեց, որ խիզախ ու քաջ աշխատանք յառաջ չի տարուիր՝ Տոլափտերէի համայնքապատկան հսկայական կալուածի արժեւորման համար։
Շահինկէօզ ժողովականներուն տեղեկացուց, որ Օրթագիւղի մէջ մեծ աշխատանքի մը պիտի սկսին։ Թաղային խորհուրդը վերջերս լուրջ յաջողութեան մը հասած է՝ վերաձեռքբերելով սեփականութեան իրաւունքը ընդարձակ տարածքի մը, որ անցեալի մէջ եկեղեցիին պատկանելով հանդերձ կ՚օգտագործուէր զինուորական մարմիններու կողմէ։ Այդ տարածքի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու համար Օրթագիւղի թաղային խորհուրդը իրաւական մեծ պայքար մը մղած է ու շահած՝ վեց դատեր։ Շնորհիւ այդ ձեռքբերումին յառաջիկայ շրջանին Օրթագիւղի թաղային խորհուրդը ձեռնամուխ պիտի ըլլայ շինարարութեան վիթխարի ծրագրի մը։ Իսքէնտէր Շահինկէօզ ժողովականներուն բացատրեց, որ այս հեռանկարային ծրագրէն միջոցներ խնայելու կողմնակից չեն։ Միւս կողմէ, «Լոթուս» համալիրէն ներս Օրթագիւղի եկեղեցւոյ բաժին ինկած հատուածին հասութաբերութեան տեսակէտէ դժուարութիւններ կը դիմագրաւուին։ Հրապարակի ծանր պայմաններուն բերումով այժմ դատարկ են տասնեակ յարկաբաժիններ եւ գործատեղիներ։ Մնաց որ, տարադրամով կնքուած վարձակալութեան պայմանագրերն ալ տեղական արժէքով վերաձեւաւորուած են՝ երկրի տնտեսական կեանքի վերջին խնդիրներուն եւ իշխանութիւններուն կողմէ ձեռք առնուած միջոցներուն բերումով։
Իսքէնտէր Շահինկէօզ ժողովի ընթացքին գանգատ յայտնեց, որ Ենիգիւղի, Էյուպի, Գատըգիւղի եւ այլ թաղերու կալուածներու արժեւորման ձախողումներուն փոխարէն համայնքը կը պահէ լռութիւն, սակայն բոլորը աչք կը դնեն Օրթագիւղի ունեցածին վրայ։ Պարզելով այս ընդհանուր պատկերը՝ Շահինկէօզ տեղեկացուց, որ այս տարի սովորականէն աւելի բարձր օժանդակութիւն մը ցուցաբերելու հնարաւորութիւն մը պիտի չունենան մեր վարժարաններուն համար։
http://www.jamanak.com/content/օրակարգի-նիւթերը/26-09-2018-պատրիարքարանը-կը-շնչէ
İlk yorum yapan siz olun