İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ Տ. ԼԵՒՈՆ ԱՐՔ. ԶԷՔԻԵԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 25 Սեպտեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, ընդունեց այցելութիւնը Պոլսոյ հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ եւ Մխիթարեան Միաբանութեան վանահայր՝ Գերապայծառ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանը։

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկումի ենթարկելու Հայաստանի ներքին կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան, միջ-եկեղեցական գործակցութեան, հայագիտութեան եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթին առնչուած նիւթեր ու ծրագիրներ։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան եւ Մխիթարեան Միաբանութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող անցեալէն ժառանգուած գործակցութիւնը աւելի շեշտելու ու ծաւալելու կարեւորութիւնը, միաժամանակ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Մխիթարեան Միաբանութեան առաքելութիւնը վերակազմակերպելու աշխատանքներուն, որուն լծուած է Գերապայծառը։


http://www.armenianorthodoxchurch.org/archives/22809

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın