İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՄԱԽՄԲՄԱՆ ՔԱՅԼ

Երէկ յետմիջօրէին, Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ շատ կարեւոր ժողով մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան թրքահայութեան առկայ հրատապ խնդիրները։ Կանխաւ նշենք, որ սա խորքին մէջ համախմբման քայլ մըն էր, որովհետեւ ներկայիս մեր համայնքը կը տառապի լուրջ պառակտումներէ եւ անոնք այլեւս բազմապատկիչ գործօնի մը վերածուած են՝ ձուլման վտանգով պայմանաւորուած արիւնահոսութեան մթնոլորտին մէջ։ Ուստի, Պատրիարքական Աթոռը ճիշդ ժամկէտով նախաձեռնութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ որպէսզի նոր էջ մը բացուի համայնքային կեանքէն ներս աւելի միասնականութեան ու զօրակցութեան ոգիով։

Գումգաբուի երէկուան նիստին նախագահեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Այսպէս, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ համախմբուեցան մեր գրեթէ բոլոր համայնքային մարմիններու ատենապետները կամ ներկայացուցիչները, թէեւ կային նաեւ քանի մը ուշագրաւ բացականեր։ Այս խորհրդակցութիւնը տեւեց շուրջ երեք ժամ։ Համայնքային վարիչները քննարկումներ ծաւալեցին գրեթէ բոլոր հրատապ հարցերուն շուրջ։ Ժողովականները նկատի ունեցան մեր համայնքային կեանքի առկայ բոլոր մտահոգիչ ալեկոծումները, մինչ վերահաստատուեցաւ, որ վարժարաններու պիւտճէի բացը արդէն կը հասնի 10 միլիոն լիրայի մակարդակին։

Խորհրդակցութիւններու առանցքը կազմեցին Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) այժմու պղտոր վիճակը եւ անով պայմանաւորուած անորոշութիւնները։ Սա, մեծ հաշուով, ուղղակիօրէն առընչութիւն ունի մեր համայնքի ընդհանուր կազմակերպչական հարցերուն շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ ամառնամուտին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ միեւնոյն ժամանակ կը գլխաւորէ VADİP-ը, փոթորկալից պայմաններու ներքեւ լուծարած էր համակարգման խորհուրդը։ Ան նաեւ գործնականօրէն ընդհանրապէս սառեցուցած էր VADİP-ի գործունէութիւնը, միայն ձեւականօրէն պահելով անոր անունը։ Յայտնի էր, որ անցումային շրջան մը պիտի ցցուէր համայնքին առջեւ այս առումով, սակայն իրադարձութիւնները այլ բնոյթ մը ունեցան։ Արդարեւ, ամրան ամիսներուն սկսաւ «Թրքահայ վարժարաններու միութիւն» նախաձեռնութիւնը, որ կը գործէր, ըստ յայտարարուածներուն, VADİP-ի հովանոցին տակ։ Հաւանական արդիւնքներուն մասին սպասումներ կային թէեւ, սակայն այս նախաձեռնութիւնն ալ ծնունդ տուաւ նոր տագնապի մը։ Արդարեւ, նախաձեռնութիւնը թէեւ VADİP-ի հովանոցին տակ ներկայացուած էր, սակայն Պետրոս Շիրինօղլու վերջերս ահազանգ հնչեցուց, որ այդ նախաձեռնութիւնը շեղած էր իրեն ներկայացուած գիծէն, ինք որեւէ ձեւով տեղեակ չէր անոր այժմու վիճակէն, ուստի այդ ծրագիրը որեւէ կապ չունէր VADİP-ի հետ։ Տակաւին շրջանառութեան մէջ մտան լուրեր, ըստ որոնց պաշտօնական մարմիններն ալ նկատողութիւններ ըրած էին այս խմորման մասին։ Շիրինօղլու մամուլին մէջ ալ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ այս կապակցութեամբ։ Այդ յայտարարութիւնը ունեցաւ նաեւ պատասխան մը։ Նուրբ կէտը այն էր, որ VADİP-ի գլուխը կը գտնուի Շիրինօղլու եւ այս վերջնոյն դէմ կատարուած պատասխան-յայտարարութեան տակ եւս կը գտնուէր ստորագրութիւն մը, որ ածանցուած էր VADİP-ի անունին։ Այս հակասական երեւոյթը ա՛լ աւելի խորացուց վիճակը՝ ընդհուպ մինչեւ VADİP-ի ատենադպիր Յարութիւն Շանլըի հրաժարումը։ Այս իրադարձութիւնն ալ, իր հերթին, նոր հարցականներու ծնունդ տուաւ VADİP-ի ապագային կամ գոյատեւման առումով։

Վերջին օրերու այս ամբողջ իրադարձութիւններէն բխած տրամաբանութիւն մը ունեցան Պատրիարքարանի երէկուան քննարկումները։ Ժողովականները խօսեցան VADİP-ի ապագային մասին՝ վերջին յայտարարութիւններու եւ հրաժարականի լոյսին տակ։ Անշուշտ, մեր վարժարաններու պիւտճէի բացերն ալ օրակարգի հիմնական առանցքներէն մին կազմեցին։

Ժողովի բացումը կատարեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ ընդգծեց, թէ համայնքի առկայ ալեկոծումները պատճառ կը դառնան համատարած անհանգստութեան։ Նորին սրբազնութիւնը յիշեցուց, որ Պատրիարքարանը մեր համայնքի կեդրոնն է եւ լուծումները պէտք է որոնուին անոր երդիքին տակ։ Պետրոս Շիրինօղլու ամփոփեց վերջին շրջանի իրադարձութիւնները եւ կրկնեց, որ «Թրքահայ վարժարաններու միութիւն» անուանեալ նախաձեռնութիւնը դուրս եկած էր իրեն ներկայացուած հունէն ու նոյնիսկ խնդրայարոյց դարձած էր զանազան առումներով։ Ան ցաւ յայտնեց այդ ծրագրին մասնակից երիտասարդ գործիչներու խանգարուած եռանդին համար եւ ըսաւ, որ անոնք դժբախտաբար չէին պատկերացուցած կացութիւնը։ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլն ալ նշեց, որ որոշած են այլեւս միայն Պատրիարքարանի բովով անցած ծրագիրներուն համար միջոցներ տրամադրել, օժանդակութիւն ցուցաբերել։ Ան յայտնեց, որ համայնքի միակ կեդրոնը պէտք է դառնայ Պատրիարքարանը։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան կարեւորեց՝ որպէս համայնք հասարակաց մարտավարութիւնով մը ու տեսլականով մը գործելու անհրաժեշտութիւնը։ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանն ալ շեշտեց, որ դրամը միայն միջոց մըն է մեր համայնքին տեսակէտէ. միջոց մը հայեցի դաստիարակութեամբ սերունդներ հասցնելու, այլապէս մենք արդէն այս վարժարանները պահելու պէտք չունինք, եթէ նոր սերունդին պիտի չկարենանք սորվեցնել մեր լեզուն ու կրօնը։

Գրեթէ բոլոր ժողովականներն ալ կարծիք յայտնեցին առկայ հարցերուն շուրջ։ Խորհրդածութիւններու լոյսին տակ որոշուեցաւ պահպանել VADİP-ը։ Ուստի, յառաջիկայ շրջանին կը նախատեսուի նոր համակարգման խորհուրդի մը ստեղծումը։ VADİP-ի ժողովները այսուհետեւ նախընտրաբար պիտի գումարուին Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ։

Երէկուան ժողովին ժամանակ ուրիշ կարեւոր քայլի մը մասին ալ որոշում տրուեցաւ։ Շեշտուեցաւ, որ մեր համայնքը պէտք ունի ընդհանրական լիազօրութիւններով օժտուած կեդրոնական վարչական մարմնի մը, որու գոյութիւնը ինքնաբերաբար կրնայ լուծել առկայ բազում խնդիրներ։ Ուստի, Պետրոս Շիրինօղլու յառաջիկայ շրջանին յաչս պետութեան հետամուտ պիտի ըլլայ՝ այսպիսի հնարաւորութիւն մը ապահովելու նպատակին։ Սա, անշուշտ, շուտով լուծուելիք հարց մը չէ, սակայն համայնքի առկայ վիճակին մէջ այդ խնդրին վերյիշումը յատկանշական է միանշանակ։


http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F25-09-2018-համախմբման-քայլ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın