İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ

Նիւ Եորքի միջազգային հռչակ ունեցող «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանին (“Metropolitan Museum”) մէջ, 22 Սեպտեմբեր 2018-ին, բացումը տեղի պիտի ունենայ հայ մշակոյթին նուիրուած մեծ ցուցահանդէսին։ Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին մշակութային իւրայատուկ արժէք ունեցող իրեր՝ Հայաստանի պետական թանգարանէն, մատենադարանէն, Ս. Էջմիածինէն, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութենէն, Ս. Ղազարու Վանքէն (Վենետիկ), Գալուստ Կիւլպէնկեան թանգարանէն (Լիզպոն), Ամերիկեան հայկական թանգարանէն (Պոսթըն), Ալէքս եւ Մարի Մանուկեան թանգարանէն (Միշիկըն), ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանէն։ «Կիլիկիա» թանգարանէն պիտի ցուցադրուին հետեւեալ իրերը.-

– Նիկողայոս Հայրապետին Աջը

– Զոյգ բուրվառներ

– Եմիփորոն

– 3 հատ Խաչքար

– Խորանի Վարագոյր

– 3 Ձեռագիր Աւետարան

– Յայսմաւուրք

– Բարձրբերդի Աւետարանը

– Մայր Մաշտոցը

 

Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 13 Յունուար 2019։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հրաւիրուած է անձնապէս մասնակցելու եւ իր խօսքը ուղղելու անոր բացման հանդիսութեան։


http://www.kantsasar.com/news/2018/09/12/37207/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın