İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

8 Սեպտեմբեր Սբ.Աստուածածինի Ծննդեան Օրն է

Հայ եկեղեցին Եփեսայի  Տիեզերական երրորդ ժողովէն սկսեալ Տիրամայր Մարիամ Աստուածածինի հանդէպ ունեցած  յարգանքն ու պատիւը շեշտած և պահած է:

Սուրբ կոյս Մարիամ Աստուածածինի անունով  կառուցուած է բազմաթիւ եկեղեցիներ,եկեղեցւոյ աւագ խորաներուն վրայ դրուած է,ձեռքին մէջ ունենալով Յիսուս մանուկը Մարիամ Աստուածածինի պատկերը,անոր համար գրուած են բազմաթիւ շարականներ.Յայ եկեղեցին մեծ կարեւորութիւն ընծայած է:

Աստուածածինի  բարեխօսութեան և նկատի առնելով Մարիամ Աստուածածինի   բարոյական և հոգեկան արժանիքները,անոր յարգանքը աւելի եւս շեշտելու համար հաստատած է ,անոր նուիրուած 7տօններ:

Ա-Յղիութեան Տօն:

Հայ ,Յոյն եկեղեցիները զայն կը տօնեն 9 Դեկտեմբերին,իսկ Լատին եկեղեցին կը տօնէ  8 Դեկտեմբերին.

Բ-Ծնունդ Աստուածածինի:

Մարիամի ծնունդը,վայրը,ժամանակը,թուականը չենք գիտեր,սակայն,հայ եկեղեցին անոր  ծնունդին նուիրուած այս տօնը կը նշէ 8 Սեպտեմբեր թուականին.

Գ-Ընծայման Տօն:

Մարիամի տաճար ընծայման տօնն է.Մարիամի ծնողները Յովակիմ և Աննա ,երբ որ,Մարիամ երեք տարեկան էր,զայն Աստուծոյ կ’ընծայէն,այս ընծայման նուիրուած տօնը կը կատարուի 21 Նոյեմբերին.

Դ-Ավետում.

Այս տօնով կը յիշատակենք,Գաբրիէլ հրեշտակի Մարիամին բերած “Յղիանալու”աւետիսը:Հայ եկեղեցին այս տօնը կը յիշատակէ փառաւորապէս,Ապրիլ 7 ին,այս թուականին նաեւ Հայաստանի մէջ կը տօնուի “Մայրության և Գեղեցկութեան Տօն”ը

Ե- Գիւտ Գօտում.

Մարիամ Աստուածինի նուիրուած այս տօնը ուղղակի առնչուած է,Սբ.Մարիամի գործածած իրեղէններուն հետ:Ե.դարուն,Երուսաղէմի մէջ ի յայտ եկած է Սբ.Աստուածածինի գօտին ,որը փոխադրուած  է Կոստանդինպոլիս ու զետեղուած է Սբ.Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ.Այս տօնը հայ եկեղեցին կը յիշատակէ Սբ.Աստուածինի Վերափոխման տօնի երրորդ կիրակին.

Զ-Գիւտ Տփոց:

Գտնուած է նաեւ,սրբազան տուփ մը,որուն մէջ գտնուած է Սբ.Աստուածածինի լճակը.Այս տօնը հայ եկեղեցին կը տօնը Հոգեգալուստի  հինգերորդ կիրակին.

Է-Վերափոխվում.

Սբ.Աստուածածինի նուիրուած տօներուն մեծագոյնն  և նաեւ Հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մին է.Այս տօնով հայ եկեղեցին կը յիշատակէ,Աստուածածինի երկինք փոխադրուիլը. Կը տօնուի Օգոստոս ամսուայ 15 ին մերձաւոր կիրակին.

Տոքթ.Սարգիս Ատամ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın