İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՇԱՀԵԿԱՆ ԳԻՐՔԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց Ստեփան Կերտողի «Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ գործունէութիւնը Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան տարիներուն» աշխատագրութիւնը։ Այս գիրքը ձօնուած է Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հռչակման 100-ամեայ յոբելեանին։

Յիշեալ ժամանակաշրջանին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի գործունէութիւնը լուսաբանող այս աշխատութեան համար ուսումնասիրուած են Հայաստանի Ազգային արխիւի եւ Մատենադարանի մէջ ի պահ դրուած նիւթեր, որոնց զգալի մասը առաջին անգամ կը դրուի գիտական շրջանառութեան մէջ։

Մենագրութեան մէջ անդրադարձ կը կատարուի նաեւ 1918 թուականի մայիսի մարտերուն մասնակից հայ հոգեւորականներուն։

Գիրքը հրատարակուած է մեկենասութեամբ «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի։

Բաց աստի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց նաեւ շահեկան բացատրական բառարան մը՝ հայ հոգեւորականներու պատուանուններու եւ մականուններու մասին։ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Մանուէլ Սրկ. Սարգսեանի կողմէ կազմուած է այս բառարանը, որու հրատարակութիւնը ձօնուած է Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ գահակալներէն հոգելոյս Տ. Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի մահուան 100-րդ տարելիցին։

Բառարանը կ՚ընդգրկէ Դ. դարէն մինչեւ մեր օրերու՝ պատուանուն կամ ծածկանուն ունեցած հայ հոգեւորականները։ Ընդհանուր առմամբ ներկայացուած է 200 հոգեւորական, որոնց շարքին կը գտնուին ամենայն հայոց հայրապետներ, Կիլիկիոյ կամ Աղթամարի կաթողիկոսներ, Երուսաղէմի կամ Պոլսոյ պատրիարքներ, ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ զանազան թեմերու արքեպիսկոպոսներու, եպիսկոպոսներու, վարդապետներու, քահանաներու եւ սարկաւագներու 350 պատուանուն եւ ծածկանուններ, որոնց գրեթէ երկու երրորդը նախապէս ուսումնասիրուած չէ եղած։ Այս գիրքն ալ հրատարակուած է մեկենասութեամբ «Լեւոն Սրկ. եւ Արաքսի Զենեան» հիմնադրամի։


http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F8-09-2018-մայր-աթոռէն-շահեկան-գիրքեր

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın