İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵԱԼ ԽՈՍՏՈՒՄ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Բնապահպանութեան ու քաղաքաշինութեան նախարար Մուրատ Քուրումի հետ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, նորին սրբազնութիւնը Անգարա մեկնեցաւ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըքի եւ գաւազանակիր Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի ուղեկցութեամբ։ Յետմիջօրէի ժամերուն նորին սրբազնութիւնը ընդունուեցաւ նախարար Մուրատ Քուրումի կողմէ։ Անկեղծ զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ նորոգութեան հարցը։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալի ահաբեկչական դէպքերուն հետեւանքով լուրջ վնաս կրած էր Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցին։ Պատրիարքական Աթոռը հետամուտ է՝ որպէսզի ապահովէ մեր այս կարեւոր սրբավայրի պետութեան միջոցներով վերանորոգուիլը։ Մեր համայնքը քանի մը տարի առաջ շատ լուրջ ներդրումով մը ի հիմանէ վերանորոգած էր այս հսկայական սրբավայրը, որ իր մեծութեամբ աննախընթաց է ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Դժբախտաբար այդ մեծ զոհողութիւններուն յաջորդած ժամանակաշրջանին ահաբեկչութեան հետեւանքով գործնականօրէն անօգտագործելի դարձաւ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցին եւ այս երեւոյթը ցայսօր կը ցաւցնէ մեր հաւատացեալ ժողովուրդի սիրտը։ Մնաց, որ այդ նոյն ահաբեկչական դէպքերուն հետեւանքով լուրջ վնաս կրեցին նաեւ քաղաքի այլ կրօններու կամ դաւանանքներու պատկանող սրբավայրերը։ Անոնցմէ ոմանք պետութեան կողմէ արդէն վերանորոգուած են, ինչ որ լաւատեսութեան եւ յոյսի առիթ մը կը համարուի մեր համայնքին տեսակէտէ։ Ակնկալութիւնը այն է, որ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցին ալ համահաւասար վերաբերմունքով կը վերանորոգուի պետութեան միջոցներով։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան միջոց մը առաջ այս խնդիրը քննարկած էր բնապահպանութեան ու քաղաքաշինութեան նախկին նախարար Մեհմէտ Էօզհասեքիի հետ։ Նախարարը այդ շրջանին պատրաստակամութիւն յայտնած էր Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ նորոգութեան հարցը լուծելու ուղղութեամբ։ Նորին սրբազնութիւնը երէկ այս հարցը ի շարունակութիւն քննարկեց այժմու նախարար Մուրատ Քուրումի հետ։ Ան մանրամասնօրէն պարզեց հարցերը եւ նախարարի նկատառման յանձնեց ստեղծուած կացութիւնը ու նախկին նախարարին կողմէ տրուած խոստումները։ Իր կարգին, Էրկիւն Այըքն ալ յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցեց եկեղեցւոյ կացութեան շուրջ։ Սոյն բացատրութիւններու լոյսին տակ նախարարը տեղւոյն վրայ կապ հաստատեց պատկան պաշտօնեաներու հետ, որոնցմէ եւս լրացուցիչ մանրամասնութիւններ քաղեց հարցին կապակցութեամբ։ Ի վերջոյ, Մուրատ Քուրում խոստացաւ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին ապահովել պատկան յանձնախումբին վաւերացումը եւ այդ հիման վրայ վերանորոգութեան աշխատանքներու անյապաղ կատարուիլը։ Մուրատ Քուրում յայտնեց, որ իր գլխաւորած նախարարութիւնը պիտի ձեռնարկէ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքներուն։

Այժմու կանխատեսումներով, յառաջիկայ ամսուան սկիզբին գործնական աշխատանքը կրնայ սկսիլ ու գործին ամբողջը աւարտին կրնայ հասնիլ երեք-չորս ամսուան ընթացքին։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախարարին շնորհակալութիւն յայտնեց պատրաստակամ մօտեցումին, ջերմ վերաբերմունքին ու սիրալիր ընդունելութեան համար։ Հաճելի զրոյցի աւարտին, նախարարութենէն հրաժեշտ առնելէ առաջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յախճապակիէ ծաղկաման մը նուիրեց Մուրատ Քուրումին։

Անգարայի մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յետմիջօրէին քաղաքավարական այցելութիւն մըն ալ տուաւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Տքթ. Ատնան Էրթէմին։ Հարկ է նշել, որ երկրի նոր կառավարման համակարգի պայմաններով Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը կապուած է Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան։ Գումգաբուի աղբիւրները որեւէ տեղեկութիւն չեն հաղորդած ընդհանուր փոխանորդի եւ ընդհանուր տնօրէնի զրոյցի բովանդակութեան շուրջ։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ իր ընկերակիցները երէկ երեկոյեան վերադարձան քաղաքս։


http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/6-09-2018-վերահաստատեալ-խոստում

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın