İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԸ ԿԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵՆ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Սուրիոյ մէջ հայկական վարժարանները այս շրջանին կը դիմագրաւեն շարք մը դժուարութիւններ։ Այդ դժուարութիւնները խորքին մէջ խնդրոյ առարկայ են ընդհանրապէս երկրի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու կրթական հաստատութիւններուն տեսակէտէ։ Վերջերս այդ բոլորի յաղթահարման ճանապարհին համագործակցութիւն մը հաստատելու առաջադրութեամբ հեռախօսազրոյց մը ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, Ասորի եկեղեցւոյ Աֆրամ Բ. Պատրիարքը եւ Ասորի կաթոլիկներու Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան Պատրիարքը։ Երեք հոգեւոր առաջնորդները խորհրդակցեցան Սուրիոյ Ճիզրէ շրջանէն ներս յատկապէս համայնքային դպրոցներու գծով ստեղծուած դժուարութիւններուն շուրջ։ Անթիլիասի աղբիւրները հաղորդեցին, որ վերջին շաբաթներուն յիշեալ շրջանէն ներս տիրական ներկայութիւն դարձած քիւրտերու իշխանութիւնը կարգ մը քայլերու դիմած է համայնքային դպրոցներէն ներս շարք մը կարգադրութիւններ իր հայեցողութեամբ կատարելու որոշումով։ Առաջարկուեցաւ, որ թէ՛ Դամասկոսի իշխանութեան ճամբով եւ թէ քրտական իշխանութեան հետ բանակցելով բարւոք լուծում որոնեն ստեղծուած դժուար կացութեան։ Նոյն օրն իսկ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքը մեկնեցաւ Դամասկոս, իսկ ասորի կաթոլիկ պատրիարքը՝ Հալէպ։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F1-09-2018-սուրիոյ-մէջ-հայկական-վարժարանները-կը-դիմագրաւեն-դժուարութիւններ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın