Նորոգ հանգուցեալ շարժանկարի բեմադրիչ Արամ Կիւլեիւզի յուղարկաւորութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ՝ հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի։ Արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան փոխ-նախարար Փրոֆ. Ահմէտ Հալուք Տուրսուն, որուն կ՚ընկերանային Իսթանպուլի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան տնօրէն Ճոշքուն Եըլմազ եւ Թոփգաբուի պալատի թանգարանի տնօրէն Փրոֆ. Մուսթաֆա Սապրի Քիւչիւքաշճը։
Նորոգ հանգուցեալ Արամ Կիւլեիւզին հրաժեշտ տալու փութացած էին նաեւ իր արուեստագէտ բարեկամները, որոնք խորազգած վշտակցութիւններ փոխանցեցին հանգուցեալի ընտանիքին։ Դագաղին մօտ դամբանախօսութիւններով հանդէս եկան թրքական շարժանկարի աշխարհի երիցագոյն դէմքերէն Թիւրքէր Ինանօղլու, յայտնի դերասան Միւժտաթ Կեզէն եւ արուեստագիտուհի Սելտա Ալքոր։ Դամբանախօսեց նաեւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որ նշեց, թէ հանգուցեալը շատ համեստ անձնաւորութիւն մըն էր եւ իր այդ առաքինութիւնով ձեռք բերած բարեկամութիւնները եղած էին իր մեծագոյն հարստութիւնը։
Արամ Կիւլեիւզի դագաղը գերեզմանատան մուտքէն ուսամբարձ փոխադրուեցաւ դէպի իր շիրիմը, ուր տեղի ունեցաւ թաղման կարգ։ Հանդիսադիր հայր սուրբի կողքին էր նաեւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։
Յուղարկաւորները արարողութեան աւարտին խորազգած վշտակցութիւն յայտնեցին Արամ Կիւլեիւզի որդիներուն։
İlk yorum yapan siz olun