İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՖԷՆԷՐԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական առումով կարեւոր հանդիպում մը։ Այսպէս, Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը հիւրընկալեց Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ Տ.Տ. Քիրիլ Ա. Պատրիարքը։ Ռուսաց պատրիարքին ուղեկցեցան Մետրապոլիտ Իլարիոն եւ այլ բարձրաստիճան հոգեւորականներ։ Անցեալ ապրիլէն ի վեր Ուղղափառ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս օրակարգը կը զբաղեցնէ Ուքրայնոյ եկեղեցւոյ վիճակը։ Արդարեւ, Ուքրայնոյ եկեղեցին կը ձգտի տարանջատուիլ ռուսական եկեղեցիէն ու դառնալ անկախ։ Կը նախատեսուի, որ Քիրիլ Պատրիարք յառաջիկայ ամիսներուն Ուքրայնոյ եկեղեցւոյ այս դիմումին կապակցութեամբ որոշում մը առնէ։ Ռուսական եկեղեցին սերտ կապեր ունի Քրեմլինի հետ եւ այժմու կանխատեսումներով Քիրիլ Պատրիարք ամենայն հաւանականութեամբ պիտի մերժէ այդ դիմումը։ Սոյն կարեւոր որոշման ընդառաջ Քիրիլ Պատրիարք փափաքած է խորհրդակցիլ Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքին հետ։ Արդարեւ, Ուղղափառ եկեղեցիէն ներս Պոլսոյ աթոռի գահակալը կը համարուի հաւասարներու շարքին առաջին եւ կը դասուի նախաաթոռ։ Քիեւի ղեկավարութիւնն ալ արձագանգեց երկու պատրիարքներու այս կարեւոր հանդիպման։ Ուքրայնոյ Արտաքին գործոց նախարար Փաւլօ Քլիմքին սոյն հանդիպումը որակեց պատմական։ «Ըստ երեւոյթին, Պարթոլոմէոս Պատրիարքի զօրակցութիւնը ապահովելու ուղղեալ մեր ջանքերը արդար են եւ այդ բոլորը Ռուս Ուղղափառ եկեղեցին պարտադրած են՝ Իսթանպուլի հետ երկխօսութեան մէջ անցնելու», ըսաւ ան։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F4-09-2018-ֆէնէրի-մէջ-հանդիպում

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın