İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՄԷՋ ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆԻ ՁՕՆՈՒԱԾ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ անցեալ շաբաթավերջին եզրափակուեցաւ այն ձեռնարկներու շարքը, որ կեանքի կոչուեցաւ օգոստոսի վերջին շաբթուան տեւողութեան։ Օգոստոս ամսուան վերջին շաբթուան բոլոր օրերուն Գնալը կղզիի բարձունքին տեղի ունեցան մեր հաւաքական կեանքին, մեր մշակութային կեանքին տեսակէտէ յատկանշական զանազան ձեռնարկներ։ Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի մասնակցութեամբ կազմակերպուեցան այս գործունէութիւնները։ Ամրան ամիսներուն տարուած աշխատանքներու պտուղը այսպէսով մատուցուեցաւ մեր ժողովուրդին, բաց աստի կղզիի վրայ մշակութային աշխուժութիւն մը ստեղծելու տեսակէտէ արդիւնքը եղաւ հետաքրքրական ու դրական։ Ինչպէս ծանօթ է, այս ամրան Գնալը կղզիի մէջ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս եւ Կազդուրման կայանէն ներս տարուած մշակութային գործունէութիւնները վերահսկեց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Ձեռնարկներու շարքի վերջին փուլը ձօնուած էր Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանին։ Կազդուրման կայանի «Ճամպազեան» խաղավայրի երեկոյթը խորագրուած էր՝ «Մինաս սարկաւագէն դէպի կղզեաց Մեսրոպ արքեպիսկոպոս»։

Երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան եւ իր գործակից ընկերները, Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմնի ատենապետուհի Ազնիւ Մեծատուրեան եւ իր գործակից ընկերները, կայանի տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու, Ներսէսեան դպրաց դասու դպրապետ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլու, Մեսրոպ Պատրիարքի քոյրերէն Ազատ Մալխասօղլու եւ այլ բազմաթիւ հիւրեր։

Հանդիսութեան յայտագիրը գործադրուեցաւ Ժպիտ Գալայճըի եւ Արամ Կոստանեանի հանդիսավարութեամբ։ Տեսողական նիւթերու մատուցմամբ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան խօսեցաւ վերջին տասնամեակներուն Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի կողմէ Գնալը կղզիէ ներս ծաւալուած բազմակողմանի գործունէութեան եւ անոր արդիւնքներուն մասին։

Երգիչ Պարթեւ Կարեանն ալ իր կատարումներով մասնակցութիւն բերաւ ձեռնարկի ծրագրին։ Թատերակներ ներկայացուցին Յակոբ Մամիկոնեան, Արաս Թոկաչ, ինչպէս նաեւ Ներսէսեան դպրաց դասէն եւ Կազդուրման կայանէն սաներ։

Հուսկ բանքը արտասանեց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Այս ձեռնարկը իսկապէս եզակի կարելի է բնորոշել, որովհետեւ բոլոր մասնակիցները առիթն ունեցան վերյիշելու Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանի կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը եւ այդ վերյիշման միջոցով հերթական անգամ աղօթեցին իրեն համար։ Այն ինչ, որ ձեռնարկի ընթացքին ներկայացուեցաւ, իրականութեան մէջ չէր վերաբերեր միայն Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանի ծաւալած գործունէութեան, այլ ուղղակիօրէն կը բովանդակէր պատգամ մը, թէ մեր հաւաքական կեանքը ինչպիսի առաջնահերթութիւններով պէտք է հունաւորուի՝ որպէսզի մեր ժողովուրդը միշտ հաղորդ մնայ մեր ժառանգութեան։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/3-09-2018-կազդուրման-կայանի-մէջ-մեսրոպ-պատրիարք-մութաֆեանի-ձօնուած

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın