İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԴՐԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Զուիցերիոյ նախագահ Ալէն Պերսէ վերջերս պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պէյրութ, ուր հիւրընկալուեցաւ Լիբանանի ղեկավարութեան կողմէ։ Զուիցերիոյ նախագահը կեցութեան օրերուն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր առաջնորդներուն հետ։ Տիրմանի մէջ տեղի ունեցաւ այդ հանդիպումը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը։ Այս հանդիպման ընթացքին արտայայտուեցան Լիբանանի մարոնիտ պատրիարքը եւ հիւր նախագահը։ Հաւաքոյթի ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Արամ Ա. Կաթողիկոսը։ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, Արամ Ա. Կաթողիկոս այս հաւաքոյթի ընթացքին ըսաւ. «Արեւմուտքի Զուիցերիոյ ու Արեւելքի Զուիցերիոյ՝ Լիբանանի այս հանդիպումը իւրայատուկ նշանակութիւն մը ունի հասարակաց աւանդութիւններ ու արժէքներ ունեցող այս երկու երկիրներուն համար։ Լիբանանը միշտ նկատուած էր Արեւելքի Զուիցերիան՝ իր կրօնական, մշակութային ու ցեղային բազմազանութեամբ, քաղաքական չէզոքութեամբ եւ կամուրջի դերակատարութեամբ Արեւելքի ու Արեւմուտքի միջեւ։ Սակայն, ուրիշներ փորձեցին քանդել Լիբանանը, դժբախտաբար լիբանանցիներու ձեռքով։ Սակայն Լիբանանը չկորսնցուց իր իւրայատկութիւնը։ Անհրաժեշտ է վերականգնել Միջին Արեւելքի Զուիցերիան եւ Զուիցերիոյ դերը այս ուղղութեամբ կը նկատեմ էական»։

Արամ Ա.  Կաթողիկոս յայտնելէ ետք, թէ ինք Զուիցերիան մօտէն կը ճանչնայ՝ հոն ուսանած ըլլալով, ինչպէս նաեւ 15 տարիներ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին ատենապետութիւնը վարելով, ծանօթ է անոր ունեցած առաւելութիւններուն եւ մանաւանդ այն հասարակաց արժէքներուն, որոնք գոյութիւն ունին Զուիցերիոյ ու Լիբանանի միջեւ։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը ողջունեց Զուիցերիոյ նախագահին թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածը, ուր յստակ կերպով պատրաստակամութիւն կը յայտնէ շարունակելու օգտակար հանդիսանալ սուրիացի գաղթականներուն։ Այս ծիրէն ներս Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «Թէ՛ պաղեստինցի եւ թէ սուրիացի գաղթականները լիբանանցին կը նկատէ իր եղբայրներն ու քոյրերը, իր կարելիութիւնները լայնօրէն տրամադրեց անոնց, սակայն անոնց իրաւունքն է վերադառնալ իրենց երկիրները՝ Պաղեստին եւ Սուրիա։ Հետեւաբար, մէկ կողմէ մարդասիրական օգնութիւնը պէտք է շարունակել որպէս միջոց եւ միւս կողմէ պէտք է աշխատիլ, որ անոնք վերադառնան իրենց երկիրները։ Յատկապէս Լիբանանի մէջ, որպէս համայնքային դրութիւն ունեցող երկիր, մեծ թիւով գաղթականներու ներկայութիւնը կրնայ համայնքային ու քաղաքական լուրջ հետեւանքներ ունենալ։ Մարդասիրական օժանդակութիւն եւ քաղաքական որոշում պէտք է սերտօրէն ներդաշնակուին»։

Խօսելով Լիբանանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին՝ Նորին Սրբութիւնը Զուիցերիոյ նախագահին յիշեցուց, թէ՝ «Լիբանանը մէկ ընտանիք է. նոյն ընտանիքէն ներս ներքին դժուարութիւնները բնական են. սակայն, Լիբանանի դիմագրաւած լուրջ հարցերը ուրիշներուն հարցերն են։ Յատկապէս համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ, Միջին Արեւելքէն ներս առկայ հարցերը, առճակատումները իրենց հետեւանքները կ՚ունենան Լիբանանէն ներս։ Դժբախտաբար, լիբանանցիները սովոր են հարցերուն հետ գոյակցիլ, փոխանակ հաւաքական ճիգով այդ հարցերուն լուծման ճամբաներ որոնելու։ Այս ծիրէն ներս, Լիբանանի ներքին միասնականութեան ամրապնդումը, բոլոր կողմերը ներկայացնող կառավարական կազմութիւնը, շրջանի հարցերէն առաւելագոյն չափով հեռու մնալու ճիգը Լիբանանի համար պէտք է դառնայ ինքնահզօրացման ամենէն ազդու կերպը»։

Իր խօսքի աւարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոս դարձեալ շեշտեց երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը։

Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, որու ընթացքին Նորին Սրբութիւնը առիթ ունեցաւ նախագահին հետ զրուցելու քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան, Միջին Արեւելքի առընչուած հարցերուն եւ Հայաստանի ներքին կացութեան առընչուած նիւթերուն մասին։

Բաց աստի, յառաջիկայ հոկտեմբերին Արամ Ա. Կաթողիկոս Զուիցերիա տալիք պաշտօնական այցելութեան առիթով, Զուիցերիոյ նախագահը փափաք յայտնեց հանդիպելու Նորին Սրբութեան հետ՝ Պեռնի մէջ։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F3-09-2018-դրական-պատգամներ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın