İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑՄԱՆ ՇՐՋԱՆ

Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխաններէն Ժիրայր Ռէյիսեան(1) վերջերս Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին տուաւ հարցազրոյց մը, որով անդրադարձաւ այդ երկրի այժմու կացութեան։ Տարիներէ ի վեր շարունակուող արիւնալի ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ Սուրիոյ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ բազում մարտահրաւէրներ, որոնց յարափոփոխ դրսեւորումները իւրաքանչիւր քայլափոխին նոր դժուարութիւններ կը յառաջացնեն ժողովուրդին առջեւ, ներառեալ երկրին հայութիւնը։ Այս բոլորին տեսակէտէ շահեկան է Ժիրայր Չոլաքեանի կողմէ Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ կատարուած հարցազրոյցը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

-Դուք թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք Երեւան կը գտնուիք։ Որո՞նք են ձեր առաջին տպաւորութիւնները։ Փոփոխութիւն կը զգա՞ք։

-Ինծի համար Երեւանը նոյն Երեւանն է, ժողովուրդն ալ նոյնն է։ Ուրախ եմ, որ կեանքը բնականոն ընթացք ունի։

-Ինչպէս ծանօթ է, արդէն ութ տարիէ ի վեր Սուրիոյ մէջ պատերազմական վիճակ կը տիրէ։ Արտաքին ուժերու միջամտութեամբ երկիրը ձեւով մը քանդուեցաւ։ Ինչպէ՞ս կը բնորոշէք Սուրիոյ մէջ այսօր տիրող կացութիւնը։

-Սուրիան իր հաստատակամութեամբ եւ կամքի ուժով կրցաւ կուրծք տալ կամայ թէ ակամայ իրեն պարտադրուած պատերազմին եւ դարձաւ գերուժերու շահերու խաչմերուկին՝ բախումի մը թատերաբեմը։ Այս պատերազմը թերեւս կարելի է աննախընթաց պատերազմներէն մէկը համարել, քանի որ 90-է աւելի երկիրներէ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ, կռուողներ Սուրիայէն ներս գործողութիւններ կատարեցին, ոճիրներ եւ անմարդկային արարքներ գործեցին։ Բայց Սուրիան կրցաւ իր բանակով ու ժողովուրդով դէմ դնել այս բոլորին եւ պետութեան խոհեմ քաղաքականութեան ու բարեկամ երկիրներու համագործակցութեան շնորհիւ շարունակական յաղթանակներ արձանագրուեցան։ Շուրջ երկու տարի առաջ Հալէպը ազատագրուեցաւ, անցեալ տարի՝ Տէր Զօրը, այս տարի՝ Դամասկոսի շրջակայքը եւ Կութան, իսկ յառաջիկայ օրերուն վստահաբար երկիրը պիտի վերագտնէ իր խաղաղութիւնը՝ վերադառնալով նախկինէն աւելի լաւ պայմաններով իր բնականոն կեանքին։

-Բայց վերջին շրջանին Իսրայէլի միջամտութիւնները հետզհետէ կը զօրանան ու կը բազմանան։ Շշուկներ կան, ըստ որոնց՝ հրէական պետութիւնը ԱՄՆ-ի միջամտութեամբ պիտի փորձէ Կոլանի բարձունքները իւրացնել։ Արդեօք կառավարութիւնը նման մտավախութիւններ ունի՞։

-Իսրայէլի պետութիւնը որեւէ ատեն առիթը չէ փախցուցած իր թշնամական կեցուածքը եւ Սուրիան նեղացնող իր ոտնձգական արարքները դրսեւորելու, հետեւաբար վերջին յարձակումները նորութիւններ չէին, սակայն ան միշտ ալ ստացած է սուրիական բանակի արժանի պատասխանը։

-Սուրիոյ բնակչութիւնը նախքան պատերազմը շուրջ 20 միլիոն կը հաշուէր։ Այսօր ժողովուրդը ի՞նչ թիւ կը կազմէ։

-Այնքան ատեն որ մարդահամարի կամ վիճակագրական լուրջ տուեալներ չկան, կարելի չէ թիւերու մասին խօսիլ։ Սակայն ճիշդ է, որ երկրէն դուրս ելլողներ եղած են, ոմանք գաղթակայաններու մէջ կը գտնուին եւ կամ պատերազմական գործողութիւններու պատճառով աւելի ապահով վայրեր ապաստանած են։ Միւս կողմէ, պէտք է խօսիլ նաեւ իրենց ընտանիքներով վերադարձողներու մասին։ Սուրիոյ մէջ այսօր շատ մը գործատեղիներ կը վերաբացուին եւ քաղաքներէն դուրս գտնուողները կը վերադառնան իրենց գործին։ (…)

-Սուրիոյ պետութիւնը ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ համերաշխ գործակցութիւնը։

-Այդ գործակցութիւնը քաղաքական շահեր հետապնդելու արդիւնք է։

-Այս օրերուն շրջանի երկիրներէն Յորդանանի մէջ ալ խլրտումներ ու խառնակութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Արդեօք հո՞ն ալ յեղաշրջման հեռանկարներ կան։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը։

-Պէտք է մօտէն հետեւիլ Յորդանան տեղի ունեցող անցուդարձերուն։ Սակայն հեռու չէ, որ տարածքաշրջանին մէջ ստեղծուած փոթորիկն ու ալեկոծումը իր մէկ օղակը ունենայ նաեւ այդ երկրին մէջ։

-Պէտք է ըսել, որ Յորդանանն ալ բարեկամական յարաբերութիւն չունէր Սուրիոյ հետ։

-Այն երկիրները, որոնք իրենց շահերը կապած են այլ շահերու, բնականաբար ունին ազդեցութիւններ, ենթակայութիւններ եւ նման մօտեցումներ։

-Եթէ յետադարձ հայեացքով դիտենք շրջանին մէջ գոյացած հակամարտութիւնները, ձեզի համար ի՞նչն էր այս բոլորին տուն տուող գլխաւոր դրդապատճառը։

-Անոնք, որոնք կ՚անհանգստանային Սուրիոյ վերելքէն եւ անոր հեղինակութեան ծաւալումէն ու սկզբունքային կեցուածքներէն, բնականաբար պիտի ուզէին երկրին դիրքը նուազեցնել եւ զայն ճնշել։ Այս բոլորի մէջ առաջին հերթին Իսրայէլն էր, որ հաշտ աչքով չէր դիտեր Սուրիոյ զարգացումը եւ իրեն համար իշխանութիւններու տկարացումը կամ նոյնիսկ տապալումը երազային հեռանկարներ էին. ան այդ ուղղութեամբ բացէ ի բաց եւ երբեմն ալ վարագոյրի ետին աշխատանք կը տանէր։ Ի վերջոյ շրջանի հակամարտութիւնները Իսրայէլի շահերուն կը ծառայեն։ Սակայն այսօր Սուրիա փաստեց, որ ինք իր կեցուածքներուն մէջ ո՛չ միայն համոզուած ու հաստատ է, այլ նաեւ ժողովուրդին հետ միակամ է։

Բնականաբար մէկէ աւելի ուղղութիւններով մշակուած ծրագրեր կան։ Դուք յատկապէս Արեւմուտքի մէջ արեւմտեան լրասփիւռներու յաճախակի յայտարարութիւններուն եւ մօտեցումներուն ընդմէջէն շատ աւելի պարզօրէն կրնաք տեսնել, քաղել եւ ճանչնալ իրականութիւնը։ Այսօր կը ցաւիմ, որ դժբախտաբար արեւմտեան, ներառեալ Ֆրանսայի քաղաքականութեան մէջ լռութիւն կը տիրէ ի տես այն բոլոր ոճիրներուն, որոնք Սուրիոյ ժողովուրդին նկատմամբ ի գործ դրուեցան ծայրայեղական խումբերու կողմէ։ Այդ ոճիրները 21-րդ դարուն կարելի չէ պատկերացնել, ընդունիլ եւ նոյնիսկ նկարագրել։

-Ի մտի ունենալով այդ ոճրային ծրագրերը, տարածքաշրջանին համար յետին նպատակ մը կը գործադրուի, որ կարծէք որոշ չափով յաջողութիւն գտաւ…։

-Ո՛չ, անոնք ձախողեցան, որովհետեւ չհասան իրենց նպատակին։ Ատիկա բաւական սուղ արժեց Սուրիոյ եւ սուրիացի ժողովուրդին։ Սակայն անոնց ձախողութիւնը մեծագոյն փաստն է Սուրիոյ յաջողութեան։

-Խօսինք նաեւ սուրիահայութեան մասին։ Նախապատերազմական օրերուն բաղդատած՝ այսօր համայնքը ի՞նչ կացութեան մէջ կը գտնուի։

-Սուրիահայութեան վիճակը բնականաբար չի տարբերիր Սուրիոյ ժողովուրդի կացութենէն, նկատի ունենալով որ սուրիահայը մէկ մասնիկն է սուրիացի ժողովուրդին եւ երկուստեք վնասներ կրեցին։ Մեր համայնքն ալ տուաւ զոհեր, նահատակներ, վիրաւորներ, ունեցաւ առեւանգեալներ, նիւթապէս տուժեց, հաստատութիւններ վնասուեցան, տուներ եւ գործատեղիներ քանդուեցան։ Բայց այսօր պետութիւն, ժողովուրդ, երբեմն բարեսիրական կազմակերպութիւններու հետ համագործակցաբար, կը փորձեն վերականգնել, վերաշինել, վերանորոգել երկիրը եւ կրկին շարունակել բնականոն կեանքը։ Ինչպէս գիտէք, պատերազմի ծանր օրերուն ազգային իշխանութիւնը պարտաւորուեցաւ ազգային Առաջնորդարանի դպրոցները՝ Ճեմարանով, նախակրթարանով եւ մանկապարտէզով, միատեղել ապահով շէնքի մը մէջ։ Հալէպի ազատագրումէն ետք, արդէն իսկ ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի շէնքերէն մէկը ամբողջովին վերականգնուած է եւ այս տարի ուսումնական բնականոն կեանքը վերադարձաւ Ճեմարանի յարկէն ներս։ Իսկ Ճեմարանի երկրորդ շէնքին վերաբնականոնացման ծրագիրն ալ մշակուած է։ Լրիւ վերանորոգուած է Ազգային պատսպարանը եւ ներկայիս պզտիկները այնտեղ կը շարունակեն իրենց կեանքը։ Արդէն իսկ Սուրիահայ օգնութեան խաչի դարմանատան երկրաչափական ծրագրերը ուսումնասիրուած են՝ վերաշինութեան սկսելու համար։ Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցիի վնասներուն ալ երկրաչափական ուսումնասիրութիւնները աւարտած են եւ շուտով կը սկսի նորոգութեան աշխատանքը։ Այստեղ շատ յստակօրէն պէտք է ըսել, թէ Ազգային իշխանութիւնը, առաջնորդ սրբազանը եւ ազգային վարչութիւնը այն մօտեցումը ունին, որ նախ պէտք է ժողովուրդին հիմնական առօրեային հետ առընչուած բաժինները վերանորոգել, ինչպէս՝ դպրոցը, տունը, գործատեղին, որմէ ետք՝ եկեղեցին, նկատի ունենալով որ արդէն գործող եկեղեցիներ կան։ Արդարեւ, ամբողջ պատերազմի ընթացքին մեր ո՛չ մէկ կրթական հաստատութիւնը, ակումբը եւ եկեղեցին փակուած է եւ բոլորը մնացած են իրենց աշխատանքի եւ ծառայութեան գործին մէջ։

-Ինչպէս ծանօթ է, կեանքի կոչուած Վերականգնման մարմինը սկզբնական շրջանին նպատակադրած էր գնահատել վնասները։ Ի՞նչ պատկեր կը կազմեն համայնքին նիւթական վնասները։

-Ես այդ մասին չեմ կրնար խօսիլ, որովհետեւ ատիկա իմ աշխատանքային մարզը չէ, սակայն գիտեմ, որ -ինչպէս քիչ առաջ ըսի,- երբ իւրաքանչիւր վերականգնման բաժնի ուսումնասիրութիւնը կ՚աւարտի, բնականաբար հաշիւներն ալ կը ներառուին պատկան թղթածրարին մէջ։

-Վերաշինութեան գանձատրումը ինչպէ՞ս կ՚ապահովուի։ Դուրսէն եկած օժանդակութիւններո՞վ, թէ՞ տեղւոյն իշխանութիւններու պահեստէն։

-Շատ յստակ է, որ կարելի չէ մէկ կէտի վրայ կեդրոնանալ, սակայն, ինչպէս ըսի արդէն, պետութիւն եւ ժողովուրդ ձեռք ձեռքի տուած, բարեսիրական կողմերու հետ միասնաբար լծուած են վերաշինութեան աշխատանքին։ Իւրաքանչիւրը իր կարելիութեան չափով լուման դրած եւ իր կամքը կցած է այդ գործին։ Ազգային իշխանութիւնը եւ Սուրիայէն դուրս ապրող մեր հայրենակիցները որեւէ ատեն իրենց կարելին չեն զլացած ժողովուրդին օժանդակելու եւ անոր կարիքները հոգալու։

-Դրամագլուխի պակասը զգալի՞ է։

-Անկասկած։ Սակայն մեր ունեցածներով սկսած ենք բաժին առ բաժին համայնքային կառոյցներու վերաշինութեան։ Եթէ աւելին ունենանք՝ աւելի արագ կը քալենք։ Շատ բնական է, որ հսկայ վնասներուն դիմաց կան նաեւ հսկայական ծախսեր։

-Դուք Երեւան կը գտնուիք։ Ինչպէս ծանօթ է պատերազմի օրերուն բազմաթիւ սուրիահայեր կայք հաստատեցին հայրենիքի մէջ։ Այսօր անոնք ի՞նչ թիւ կը կազմեն։

-Ես ճշգրիտ թիւեր չունիմ։ Թերեւս Սփիւռքի նախարարութիւնը կրնայ յստակ թիւեր տալ։

-Պատերազմի հետեւանքով բացի Հայաստանէն, առաւելաբար ո՞ր երկիրներու մէջ կայք հաստատած են սուրիահայերը։

-Սուրիական պատերազմի ընթացքին թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին տեղաշարժեր եղած են։ Առաջինի պարագային օրինակ՝ Հալէպէն դէպի Լաթաքիայի նման աւելի հանգիստ քաղաքներ, իսկ Սուրիայէն դուրս հայութիւնը Լիբանան, Գանատա, Աւստրալիա եւ եւրոպական կարգ մը երկիրներու մէջ կայք հաստատած է։ Սա պահուս դժուար է յստակ պատկեր մը ներկայացնել։

-Եւրոպայի մէջ շատեր մտահոգութիւն կը յայտնեն Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ տարրի նուազումին կամ անհետացման առընչութեամբ։ Շրջանին մէջ քրիստոնեայ համայնքներու ենթարկուած ճնշումներու մասին լուրերը որքանո՞վ իրականութեան կը համապատասխանեն։

-Իմ կարծիքով՝ այդ նիւթին մասին խօսողնե՛րն են այդ վտանգը ստեղծողները, քրիստոնեաներու գաղթը հրահրողը եւ նոյնիսկ քաջալերողը։ Եթէ խօսինք Սուրիոյ մասին, այնտեղ կառավարութիւնը ամէն ձեւով տիրութիւն, օժանդակութիւն եւ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ, որպէսզի երկրին՝ քով-քովի ապրող զանազան համայնքներու խճանկարը երբեւիցէ չխանգարուի։

-Դուք երկու տարիէ աւելի է, որ իբրեւ երեսփոխան կը գործէք Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ։ Կարելի՞ էր ձեր հիմնական աշխատանքներուն մասին որոշ տեղեկութիւններ տայիք։

-Սուրիոյ խորհրդարանը երկրին օրէնսդիր ժողովն է եւ բնականօրէն կը զբաղի օրէնքներու առաջադրումով, անոնց սերտումով, քննարկումով եւ վաւերացումով։ Ան նաեւ ժողովուրդի մտահոգութիւնները կը յանձնէ նախարարներու ուշադրութեան, որպէսզի քննարկուին եւ լուծումներ առաջարկուին։ Բնականաբար ես ալ որպէս երեսփոխան այդ աշխատանքներով կը զբաղիմ։ Ինչպէս որեւէ երկրի պարագային, այնպէս ալ Սուրիոյ մէջ գործադիրը եւ օրէնսդիրը ժողովուրդի կեանքի բարելաւման եւ երկրի բարօրութեան համար կ՚աշխատին։

-Վերջին տարիներուն ստեղծուած տագնապներուն եւ դէպքերուն հետեւանքով արդեօք սահմանադրական փոփոխութիւններու պահանջը ներկայացուա՞ծ է կամ այդ ուղղութեամբ յատուկ օրինագծեր առաջարկուա՞ծ են։

-Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու մասին մերթ ընդ մերթ յատկապէս արտաքին ձայներ կը լսուին, սակայն Սուրիոյ մէջ այդ մասին խօսող չկայ։ Սուրիան միշտ ըսած է եւ Սոչիի ժողովին ալ յստակօրէն ըսաւ, թէ համաձայն է ստեղծելու մարմին մը, որուն կը մասնակցին նաեւ իրենք զիրենք ընդդիմադիր կոչողները, որոնք կրնան Սահմանադրութեան այս կամ յօդուածի բարեփոխման համար առաջարկ ներկայացնել եւ կեանքի կոչուած մարմինը այդ առաջադրանքները քննարկման կ՚ենթարկէ եւ եթէ տրամաբանական գտնէ ներկայացուած տարբեր մօտեցումները, այն ատեն կը դիմէ ժողովուրդին։ Վերջինիս համաձայնութեան պարագային է, որ այդ փոփոխութիւնները նկատի կ՚առնուին։

-Ինչպէ՞ս կ՚ապրիք երեսփոխանի ձեր նոր պաշտօնը։

-Նոր պարտականութեան մը առջեւ ես կը մնամ նո՛յն Ժիրայրը։ Կը փորձեմ կարելիութեանս սահմաններուն մէջ կատարել ինծի վիճակած այդ պարտականութիւնը։

-Վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ սահմանադրութեան եւ իշխանութեան փոփոխութիւն տեղի ունեցաւ։ Բնականաբար,- ի մէջ այլոց,- սփիւռքի հետ ալ նոր յարաբերութիւններ պիտի ստեղծուին։ Դուք ինչպէ՞ս կը գնահատէք Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը եւ ի՞նչ փոփոխութիւններ պէտք է ըլլան, որպէսզի երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւուին։

-Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ յարաբերութիւն եւ գործակցութիւն գոյութիւն ունի։ Ճիշդ է, որ այսօր իշխանափոխութիւն տեղի ունեցած է, սակայն հայը հայուն հետ նոյն ձեւով կը յարաբերի։ Սփիւռքի նախարարութեան դերը հայերը զիրար կամրջելու փորձն է։ Անշուշտ կրնան ըլլալ նոր մօտեցումներու, աւելի արդիւնաւէտ ոճերու մասին մտածումներ, որոնց մասին կարելի է խօսիլ։ Ճիշդ, է որ Հայաստանի մէջ դէմք փոխուեցաւ բայց մեզի համար Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը կը մնայ նոյնը։ Երկուքն ալ հայրենիքին կը ծառայեն եւ կը ձգտին հայ ժողովուրդի վերելքին։

-Սփիւռքի նոր նախարարը հայրենադարձութեան մասին խօսեցաւ։ Նկատի ունենալով սուրիահայութեան պատմութիւնը եւ Սուրիա-Հայաստան յարաբերութիւնները, ձեզի համար այս թեման որքանո՞վ ընդունելի կամ գործադրելի է։

-Ըստ իս՝ հայրենադարձութիւնը շատ խոշոր վերնագրային նիւթ մըն է։ Հայրենադարձութիւնը խօսք չէ, այլ գործ է՝ ո՛չ միայն հայրենադարձին համար, այլ նաեւ զայն ընդունողին համար։ Պէտք է տեսնել, թէ ցարդ այս ուղղութեամբ ի՞նչ գործնական քայլեր առնուած են, որովհետեւ այնքան ատեն որ գործնական քայլեր չեն առնուած՝ հայրենադարձութիւնը կը մնայ խօսքի սահմանին մէջ։ Վերադարձողին համար բնակութեան եւ աշխատանքի պայմաններ պէտք է ստեղծուին, իսկ հայրենադարձը ընդունողն ալ այդ բոլորին կարելիութիւնները պէտք է ունենայ։ Այս հարցերը հարկ է ուսումնասիրել, ճշդել եւ յստակացնել։

-Ձեր կարծիքով՝ սփիւռքը տեւակա՞ն երեւոյթ է։

-Պատմութեան ընթացքին հայ սփիւռքը պայմաններու բերումով ստեղծուած է, երբեմն՝ բազմացած է եւ երբեմն ալ նօսրացած։ Սակայն ի վերջոյ բոլորիս փափաքն է հայութիւնը համախմբուած տեսնել իր հայրենիքին մէջ։ Ըստ իս՝ հայապահպանման առաջին տեղը հայրենիքն է։


(1)Ժիրայր Ռեյիսեան ծնած է Հալէպ։ Միջնակարգ եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանին մէջ։ Լոնտոնի համալսարանին մէջ հետեւած է ակնաչափութեան։ Սուրիա-Ֆրանսա միջպետական համաձայնագրի մը տրամադրութեամբ ղրկուած է Ֆրանսա, Մոնփըլիէ քաղաքի Փոլ Վալերի համալսարան՝ հետեւելու ֆրանսական մշակոյթի խտացուած դասընթացքի մը։

Գերմանական «Կէօթէ»
հիմնարկին հրաւէրով ղրկուած է Գերմանիա, Թրոսինկէն քաղաքի համալսարանը՝ երաժշտական խտացուած
դասընթացքի հետեւելու։ Ծառայած է կրթական մարզին՝
դասաւանդելով Քարէն Եփփէ ճեմարանին մէջ եւ երկար տարիներ վարած՝ Հալէպի Ազգային Սահակեան վարժարանի տնօրէնութիւնը։ Տարիներէ ի վեր կը դասաւանդէ նաեւ Հալէպի պետական երաժշտանոցին մէջ, ուր միաժամանակ անդամ է տեսչական խորհուրդին եւ ղեկավարը՝ տեսական բաժնին։

Ունեցած է երաժշտական եւ հասարակական լայն գործունէութիւն։ Երաժշտական գետնի վրայ, ղեկավարած է երգչախմբային համերգներ, ստեղծած է ծանօթ «.Պարոք» երրեակը, ղեկավարած է երաժշտանոցի աշակերտական նուագախումբը, տուած է երաժշտական բազմաթիւ դասախօսութիւններ, ուսումնասիրական աշխատանքներ եւ յօդուածներ։ Իր գործերէն հրատարակուած են երաժշտական դասաւանդական չորս գիրքեր եւ աշխատասիրութիւն մը՝ կոմիտասեան երգերուն մէջ ազատագրական գաղափարներու եւ Մեծ եղեռնի անդրադարձներու մասին։ Հեղինակած է շարժանկարի երաժշտութիւն, թատրոնի, ինչպէս նաեւ մանկական ու հոգեւոր երգերու շարք մը։

Ազգային կեանքին մէջ ունեցած է բեղուն գործունէութիւն։ Մասնակցած է բազմաթիւ գիտաժողովներու եւ խորհրդաժողովներու, ինչպէս՝ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու ընդհանուր ժողովին եւ անոր մասնակի զանազան ժողովներուն ու դասընթացքներուն։

Անդամ է Բերիոյ թեմի Ազգային երեսփոխանական օրէնսդիր ժողովին, որուն ատենապետներէն մէկն է ներկայիս։ Անդամ է նաեւ Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգային դատաստանական խորհուրդի վերաքննիչ ատեանին։ Եղած է Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի Հալէպի խորհրդատու մարմինի անդամ։ Երկար տարիներ աշխատած է Հայ դատի մարզին մէջ։ Անդամ է Սուրիոյ պատմահնագիտական «Էլ Ատիաթ» ընկերակցութեան եւս, ինչպէս նաեւ Հալէպի Ազգային սկզբունքներու մարմինին եւ Ազգային հաշտեցման խմբաւորման։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F1-09-2018-վերակենդանացման-շրջան

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın