İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

30 օգոստոսի Յաղթանակի տօնին առթիւ, երէկ փայլուն արարողութիւններ տեղի ունեցան բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։ Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, երեկոյեան ժամերուն սարքուեցաւ նաեւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը, որու տանտէրն էր Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, իր կողակցին՝ Էմինէ Էրտողանի հետ։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս սարքուեցաւ այս ընդունելութիւնը, որուն մասնակցեցան հոծ թիւով հիւրեր։ Ինչպէս հաղորդած էինք, այս պաշտօնական հաւաքոյթին հրաւիրուած էր նաեւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ մայրաքաղաք մեկնած էր գաւազանակիր Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի հետ։ Նորին սրբազնութիւնը ընդունելութեան ընթացքին ջերմ զրոյց մը ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի հետ։ Թէեւ կարճ, սակայն անմիջական խօսակցութիւն մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին ընդհանուր փոխանորդը նախագահին շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթութիւններ յղեց՝ յանուն Պատրիարքական Աթոռին, մեր հոգեւորականաց դասուն ու մեր համայնքին։ Նախագահ Էրտողանն ալ յայտնեց շնորհակալութիւն եւ փոխադարձեց նոյնպէս ջերմ արտայայտութիւններով։ Մեր համայնքին կողմէ ընդունելութեան մասնակցեցաւ նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Անգարայէն հրաւէր ուղարկուած էր ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուին, սակայն ան վերջին պահուն, կամքէ անկախ պատճառներով չկրցաւ ընդառաջել հրաւէրին եւ Անգարա մեկնեցաւ Հերման Պալեան։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան պետական աւագանիէն դէմքեր, բանակի վերնախաւը, դիւանագէտներ, բարձրաստիճան դիւանակալներ, հասարակական գործիչներ, մտաւորականներ, գործարարներ, արուեստագէտներ, զանգուածային լրատուութեան աշխարհէն ներկայացուցիչներ եւ այլք։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F31-08-2018-շնորհաւորութիւններ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın