İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆԿԱՐՉՈՒՀԻ ԱԶՆԻՒ ՉՈՊԱՆԻ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Երէկ, նկարչուհի Ազնիւ Չոպան բացաւ իր երրորդ անհատական ցուցահանդէսը, ինչ որ գեղարուեստական կարեւոր իրադարձութիւն մը կը համարուի թէ՛ մեր համայնքի եւ թէ ընդհանրապէս քաղաքի կեանքին տեսակէտէ։ «Ձգտում առ լոյս» խորագրեալ այս ցուցահանդէսը բացուած է Գնալը կղզիի «Ճաշ» ճաշարանին մէջ։ Մինչեւ սեպտեմբերի 3-ը բաց պիտի մնայ այս ցուցահանդէսը, որու բացման առթիւ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը։ Նկարչուհի Ազնիւ Չոպան անհատական երրորդ ցուցահանդէսին առթիւ գեղարուեստասէր հասարակութեան կը ներկայանայ մօտաւորապէս հինգ տասնեակ ստեղծագործութիւններով։ Անոնց քսանը փոքր չափերու մէջ ստեղծագործուած է, իսկ մնացեալները աւելի մեծ են։ Ազնիւ Չոպանի երեւակայութիւնը այս ցուցահանդէսի պարագային ունեցած է իսկապէս վառ, հզօր դրսեւորումներ։ Իր ընկալումներուն մէջ լոյսը կը խորհրդանշէ կատարելագործութեան ձգտումը։ Ազնիւ Չոպան յաճախ օգտագործած է նաեւ ձուկի խորհրդանշանը։ Ան այս մէկը կը համարէ նուիրական ու միեւնոյն ժամանակ բերրիութեան խորհրդանշան։ «Ձուկն ու լոյսը կը մարմնաւորեն այն ապագան, զոր ես կ՚ուզեմ տեսնել», կ՚ըսէ ան։ Վերջին տարիներուն Ազնիւ Չոպան կ՚աշխատի առ լոյս ձգտումի նիւթին վրայ։ Այժմու ցուցահանդէսը առիթ մը եղած է այդ ստեղծագործութիւններու շարքը ներկայացնելու համար։ Նոր ստեղծագործութիւններուն առընթեր, հիներէն ալ որոշ նմոյշներ ընդգրկուած են այս ցուցահանդէսին մէջ։ Ազնիւ Չոպանի ցուցահանդէսի բացման առթիւ երէկ «Ճաշ» այցելողներու շարքին էին արուեստագիտուհի Ֆիլիզ Հալիլաղաօղլու, նկարչուհի Նուարդ Եըլտըզ, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, համայնքային շրջանակներէն յայտնի դէմքեր եւ գեղարուեստասէրներ։ Բացման ընդունելութեան ընթացքին սաքսաֆոնի կատարումներով հանդէս եկաւ երաժիշտ Էնվէր Եաման։ Ազնիւ Չոպանի ստեղծագործութիւնները այս շաբաթավերջին վստահաբար կ՚արժանանան կղզեբնակ գեղարուեստասէրներու անմիջական ուշադրութեան։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F30-08-2018-նկարչուհի-ազնիւ-չոպանի-անհատական-ցուցահանդէսը-գնալը-կղզիի-մէջ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın