İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ թատերական ձեռնարկ մը, որ առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Թատրոնի այս երեկոյթի ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ յայտնի արուեստագէտ Արամ Կոստանեանի վերահսկողութեան ներքեւ։ Այսպէս, թէ՛ Ներսէսեան դպրաց դասը եւ թէ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը ամրան եղանակին թատերական դասընթացներ կազմակերպեցին կղզեբնակ մանուկներու եւ պատանիներու համար։ Թէ՛ դպրաց դասու եւ թէ Կազդուրման կայանի ծրագրերը վերահսկուեցան Արամ Կոստանեանի կողմէ։ Երէկ երեկոյեան, թէ՛ դպրաց դասու եւ թէ Կազդուրման կայանի դասընթացներու արդիւնքը համատեղ ծրագրով մը ներկայացուեցաւ գեղարուեստասէր հանրութեան։ Երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան եւ իր ընկերները, Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմնի ատենապետուհի Ազնիւ Մեծատուրեան եւ իր գործակից ընկերները, կայանի տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու, Ներսէսեան դպրաց դասու դպրապետ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլու, ծրագրին մասնակից տղոց ընտանիքները եւ գեղար-ւեստասէրներ։ Իսկապէս հոծ բազմութիւն մը հետեւեցաւ ձեռնարկին, որու ընթացքին տղաքը խումբ առ խումբ ներկայացուցին հայ կամ օտար հեղինակներու խաղերէն բաժինները՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Ներսէսեան դպրաց դասու եւ Կազդուրման կայանի մանուկներու եւ պատանիներու խումբերը խորքին մէջ թատերակներու ձեւաչափով գործադրեցին երեկոյթի յայտագիրը եւ անոնք իսկապէս արձանագրեցին յաջողութիւն մը, որովհետեւ այն ինչ որ իրենք ըրած էին իսկապէս շատ կարճ ժամանակի ընթացքին կատարուած աշխատանքի մը արդիւնքն էր։ Երէկուան երեկոյթի յայտագիրը համեմուած էր նաեւ արտասանութիւններով։ Ձեռնարկի աւարտին արտայայտուեցաւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ այս տարի համակարգեց կղզիի վրայ տարուած, մանուկներու եւ պատանիներու համար նախատեսուած ընկերամշակութային գործունէութիւնները։ Ան մատնանշեց, որ այս տարի երաժշտական եւ թատերական հանդէսները տարանջատուած էին՝ ի տարբերութիւն անցեալ տարիներու։ Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան բարձր գնահատեց Արամ Կոստանեանի կողմէ ներդրուած ջանքերը եւ այս առթիւ անոր նուիրեց խաչ մը։ Հայր սուրբը մանուկներու եւ պատանիներու ներկայացուցած հայերէն թատրոնի երեկոյթի աւարտին կոչ ուղղեց՝ որպէսզի մեր համայնքի բոլոր անդամները խօսին իրենց մայրենիով եւ ապահովեն մեր մշակոյթի յարատեւութիւնը։ Ձեռնարկի աւարտին բոլոր ներկաները ջերմօրէն շրջապատեցին այն մանուկներն ու պատանիները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին թատերական երեկոյթին։ Բոլոր ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեցին նաեւ Արամ Կոստանեանին, որու տարած աշխատանքին համար արտայայտուեցան բարձր գնահատանքով։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/30-08-2018-գնալը-կղզիի-մէջ-թատերական-երեկոյթ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın