Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ խանդավառ համերգ մը, որով եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։ Այսպէս, Ներսէսեան դպրաց դասու մանկապատանեկան կազմը եւ Կազդուրման կայանի երգչախումբը հանդէս եկան համատեղ համերգով մը։ Ամրան արձակուրդի շրջանին թէ՛ Ներսէսեան դպրաց դասը եւ թէ Կազդուրման կայանը կազմակերպած էին երաժշտական դասեր՝ փոքրիկներու եւ պատանիներու համար։ Այդ երկու դասընթացներն ալ վերահսկուած էին խմբավար Հրանդ Չիզմեճեանի կողմէ։ Ի վերջոյ ամբողջ եղանակի տեւողութեան տարուած աշխատանքի արդիւնքի հիման վրայ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ այս երկու խումբերու համատեղ համերգը։ Միացեալ կազմը ղեկավարեց Հրանդ Չիզմեճեան, որու մականին ներքեւ տղաքը հանդէս եկան տոհմիկ երգերով։ Որպէս օգնական վարիչ հանդէս եկաւ Թաթիանա Տեմիր։
Երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան եւ իր գործակից ընկերները, Կազդուրման կայանի տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու, Ներսէսեան դպրաց դասու դպրապետ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլու, համերգի մասնակից տղոց ծնողները եւ երաժշտասէրներ։ Հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր եկեղեցիէն ներս. այն աստիճան, որ եկեղեցին բաւարար չեղաւ հիւրընկալելու համար երաժշտասէրները, որոնց կարեւոր մասը ձեռնարկին հետեւեցան եկեղեցւոյ բակէն։
Համերգի յայտագիրը գործադրուեցաւ երկու փուլերով։ Առաջին փուլին հանդէս եկան տարիքով յարաբերաբար աւելի փոքրիկները, իսկ երկրորդ փուլին՝ պատանիները։ Հրանդ Չիզմեճեանի մականին ներքեւ տղաքը ծափահարութիւններու արժանացան իրենց կա-տարումներով։ Համերգի երգացանկին մէջ ընդգրկուած երգերուն նուագակցեցան՝ Սիրուն Սիրունեան, Սեւան Ինեափան, Նունէ Գալենտէր, Ռաֆֆի Տէր-Գէորգեան, Նորա Իփեքճի եւ Արթուն Արծիւեան։
Համերգի եզրափակից փուլին համերգով մը հանդէս եկաւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ ջերմ շնորհաւորութիւններ յղեց բոլորին եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ երաժշտական ծրագրերը վերահսկած անձնաւորութիւններու մասին։ Այդ անձերուն յանձնուեցան յուշանուէրներ։ Իր կարգին, սրտի խօսք մըն ալ արտասանեց խմբավար Հրանդ Չիզմեճեան։
Այս համերգով Գնալը կղզիէ ներս ամրան եղանակին տարուած երաժշտական աշխատանքները հասան իրենց աւարտին՝ ուշադրութիւն գրաւելով դրական արդիւնքով եւ մանուկներու եւ պատանիներու մօտ ստեղծած ոգեւորութիւնով։
İlk yorum yapan siz olun