İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱԶԳԱՅԻՆ ՄՇԱԿՈՅԹ ԵՒ ԳՈՅԱՏԵՒԵԼ

Պատմութիւնը մեզի կը վկայէ թէ,այն ազգերը և կամ հաւաքականութիւնները, որոնք, անցեալէն իրենց թողուած իմաստութիւնը ու բարոյական արժէքները , ժառանգները յաջորդ սերունդներուն կրնան լաւ փոխանցել,անոնք, իրենց ապագան աւելի դիւրին կրնան կերտել ու նաեւ  գոյատեւումը հաստատել:
Ժողովուրդի իմաստութիւնը և բարոյական արժէքները կ’ստեղծէ այդ ազգի մշակոյթը,որը ազդելով անհատներու ապրելակերպի ու մտածելակերպի վրայ կը ձեւաւերէ անհատի ազգային ինքնութիւնը ու նաեւ ազգային նկարագիրը,որով , ազգերը և կամ հաւսքականութիւնները զիրարմէ կը տարբերին:Կարելի է ըսել թէ,մշակոյթը ազգի մը անցեալը, պատմութիւնը,ապրելակերպը,  աւանդեւթիւնները , միտքը, ներաշխարհը,զգացումները,ցաւերը և նաեւ քաղականութիւնը ,քաղաքակրթութիւնը ,երջանկութիւնը ցոլացնող ամբողջութեան մը հակապատկերն է,այսինքն ազգի մը ամենաթանկագին ու մեծագոյն գանձն է :

22688754_10155349508634608_7246190055706107736_n
Հայոց մշակոյթը շատ հարուստ է իր գանձերով և իր ուրույն տեղը ունի համաշխարհային շրջանակներերեւ մէջ,սակայն նախ,մենք ենք որ,մեր սեփական մշակոյթի գանձերը արժեւորենք,,անոր արժէքը,իմաստը ու միտքը հասկանալով այդ  գանձերուն տէր կանգնինք ,որպէսզի զանոնք առանց պակասի  մեր յաջորդ սերունդներուն կարենանք փոխանցել: Կարելի է որ անհատ մը մշակոյթը չի սիրէ,սակայն մենք ,որպէս հայ անհատներ,իւրաքնչիւրս, մեր մայրենի լեզուին,մեր ազգային ինքնութեան,մեր եկեղեցիին,մեր սեփական մշակոյթին ու գիրին տէր կանգնելու պարտականութիւնը ունինք:

 
Ժամանակաշրջանին մեր ամենօրեայ գոյատեւման վազքին մէջ,մենք ,մեզի հարց տալու ենք որ,ինչ՞ով պիտի կարենանք մեր ազգային ինքնութիւնը պահել և ինչ՞ով պիտի կարենանք մեր նոր սերունդը սնուցանել,որպէսզի անոնք “Հայ” մնան ու իրենց թողուսծ արժէքներուն ու գանձերուն արժէքը գիտնան:
Այն ազգերը և կամ հաւաքականութիւնները ,որոնք չեն կրնար իրենց մշակոյթին տէրը ըլլալ ու զայն պահպանել,կը դժուսրանան իրենց ազգային արմատներուն հետ կապել և այդ կապը յառաջիկայ սերունդին փոխանցել ու գոյատեւել:

kultur
Պատմական Հայաստանը անցեալին քաղաքական դժուարին դրութիւներու պատճառներով,օտար ուժեղ կայսրութիւններուն ու պետութիւններուն ազդեցութիւններու ու ճնշումներերու ենթարկուած ըլլալով հանդերձ,միշտ փորձած է իր “Մշակոյթի Անկախութիւնը” պահել:1717 տարի առաջ իսկ ,այլակրօն կայսրութիւններու մէջ սեղմուսծ մնալով հանդերձ,առաջին երկիրն է որ,առանցին ու մինակ մնալու գինին,”Քրիստոնէութիւնը”պետական կրօնք հռչակեց և աւելի վերջ իր եկեղեցին օտար եկեղեցիներու ազդեցութիւնէն ազատելով ” Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Անկախութիւնը” ապահովելու որոշումը տուաւ:Իսկ 405 թուականին “”Ազգային Ինքնութիւնը”շեշտելու համար հայ մշակոյթի վրայի օտար լեզուներու  տիրապետութեան վերջ տուաւ:Հայ գիրերու գիւտով “Միտքը ու Մշակոյթի”անկախութիւնը հաստատեց եւ ապրեցաւ “Ոսկեդսրեան Շրջան”մը:
Հայ գոյատեւման պայքարի ընթացքին մէջ, հայ մշակոյթի զարգացման հիմնական քարերը ու մղիչ ուժը ,դարերով եղած են,”Եկեղեցին”ու “Դպրոցը”,մեր ինքնապահպանման անբաժանելի այս երկու զոյգ “Բերդերը” դարերու ելեւեջներէն անցնելով ,մեզ պահեցին.ճակատը մաքուր,որպէս պատուաւոր  անհատներ ու  նաեւ  կը շարունակեն պահել:Դարերով, Հայուն  հաւատքի խորանը եղած է ՛՛Սուրբ եղեղեցին՛՛ ,իսկ  մշակոյթի խորանն ալ ՛՛Հայ Դպրոցը՛՛:

bible
Հայ մշակոյթի ծաղկումը կ’սկսի հայերէն սեփական այբուբենի գիւտով,հայերէն այբուբենի առաջին տառը կ’սկսի “Ա”տառով,որպէս ԱՍՏՈՒԱԾ և վերջին տառը, “Ք”տառով Քրիստոսի.նշանակումով:Հայոց այբուբենը աղօթք է նաեւ:

 
Տոքթ.Սարգիս Ատամ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın