İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հալէպ․ Գաղջ Ամառ – 2

Մանուէլ Քէշիշեան

Գաղջ ամառը ունեցաւ իր ջերմացնող օրերը,որոնցմէ անշո՛ւշտ ամենաբերկրալին Յուլիսեան այն շաբաթուան օրերն էին երբ Հայոց բանակի սպաները Հալէպ կը գտնուէին:

Մեր ութ սպաները այցելեցին հայկական գրեթէ բոլոր կեդրոնները, ուր, քիչ է ըսել, դիմաւորուեցան գրկաբաց: Ամէն տեղ Հալէպահայերը իրենց զինուոր զաւակները ընդունեցին հայկական սրտով ու աղուհացով, անչափ յուզուած, աչքերնէն հոսող ուրախութեան արցունքները զսպել իսկ չփորձելով. բոլորս հպարտ էինք, մեր աչքերը սեւեռած կը պահէինք դէպի այս երիտասարդ առնական տղաքը, որոնց քաջութիւնը մեր գլուխները վեր կ’ուղղէր ու մեզ կը վերածէր  բարձրաճակատ հայորդիներու:

Ինչո՞ւ եկած էին անոնք, ի՞նչ էր անոնց այցելութեան նպատակը:

Բերիոյ Թեմի Սրբազան Առաջնորդը Քեսապի մէջ կ’օրհնէ խաղողը

Այս մասին լուռ կը մնար իրենց մշտապէս ընկերակցող  Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի հիւպատոսը, իսկ իրենք հարցազրոյցի մը ընթաքին կը հաւաստիացնէին որ եկած են Հայասստանեան օգնութիւն բերելու Սուրիոյ բարեկամ կարիքաւոր ժողովուրդին:

Իրապէս ալ, մի քանի օր ետք անոնք Լաթաքիոյ մօտիկ ռուսական օդանաւային Հումէյմիմ խարիսխին մէջ դիմաւորեցին ռուսական օդանաւ մը (Կամ մէկէ աւելի օդանաւեր), որ Հայաստանէն100 թոն օգնութեան կը հասցնէր Սուրիա:

Ինչո՞ւ բանակայիններ եկած էին: Հայկական բանակը պէտք է ըլլար օգնութիւն ուղարկողը:

Այդ օգնութեան 30 թոնը յատկացուեցաւ հայութեան, իսկ 70 թոնը Սուրիացի այլ կարիքաւորներու:  Այդ օգնութիւնները կը պարունակէին բուսական ձէթ, բրինձ եւ հնդկաձաւար (Հայաստանահայերէն՝ կրէչքա): Փաստօրէն միայն վերջինը Հայկական. Ինչո՞ւ, Հայաստանը այլ արտադրանք չունի՞… 

Բայց եւ այնպէս ի՞նչ նպատակ կը հետպնդէր հայ սպաներուն այցելութիւնը: Չենք համոզուիր կամ չենք կրնար բաւարարուիլ :

Սուրիական ինթէրնէթային ընդդիմադիր եւ անկախ լրատուամիջոցներ նշեցին, թէ  Հայկական խաղաղապահ զինուորներ հասած են Հալէպ, անոնք մարդկային օգնութիւն բերած են Սուրիոյ, եւ թէ Սուրիա պիտի հասնին նաեւ հայ զինուորական բժիշկներ, նաեւ այլ մասնագէտներ՝ մարզելու սուրիական բանակայիններ, նաեւ անոնք դեր պիտի վերցնեն վերադարձող գաղթականներու տեղաւորման գործընթացին մէջ:

Ընդդիմադիր լրատուամիջոցները չմոռցան շեշտել երկու հանգամանք. Առաջին.- Հալէպի մէջ կայ բազմամարդ հայ գաղութ մը, որ տագնապի օրերուն մեծապէս օգնած է պետութեան կից «Ժողովրդային Պաշտպանական Խումբերուն»՝ «Շէպպիհ»՝ ուրուականներուն: մեր կողմէ նշենք որ Շէպպիհ -ուրուականները այնքան ալ չեն սիրուած Սուրիոյ բնակչութեան կողմէ, ըլլան անոնք ընդդիմադիր, թէ՛ դիմադիր: Երկրորդ նշումը այն էր, թէ Հայկական օգնութիւնները հասան ընդառաջելով Ռուսիոյ  պաշտպանութեան փոխ նախարար Ալէքսանդր Ֆոմինի յայտարարութեան.- Թէ՝ Ռուսիան Հայաստանէն կ’ակնկալէ աւելի շատ զօրակցութիւն Սուրիոյ ուղղուած Ռուսիոյ մարդասիրական ճիգերուն»:

Այս լրատուամիջոցնրը կ’ընդգծէին նաեւ որ հայոց բանակը ՆԱԹՕ-ի շրջագիծէն ներս խաղաղապահ ուժեր ունի Աֆղանստանի եւ Քոսովոյի մէջ:

Ի՛նչ ալ ըլլան պատճառները Հայ սպաներու այցելութեան, ի՛նչ հանգամանքով ալ անոնք հոս եկած ըլլան՝ որպէս անկախ Հայաստանի ներկայացուցիչներ, կամ որպէս ռուսական արբանեակներ, անոնց ներկայութիւնը մեզի աւելի քան հպարտութիւն առթեց. մենք հանդիպեցանք ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՀԱՅ ՍՊԱՆԵՐՈՒ, որոնք առնական կեցուածք ունէին, ձիգ հասակ. որոնք մաքուր հայերէն կը խօսէին, որոնք մաքուր հայերէնով եւ ինքնավստահօրէն կը հաւաստիացնէին, որ մենք ունինք հզօր բանակ, որ հայկական սահմանները ամրօրէն պաշտպանուած են, որ մեր հայրենիքը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ապահով ձեռքերու մէջ է եւ … եւ մեր հոգիները ջերմացան այս գաղջ օրերուն:

Մեր հոգիները ջերմացնող այլ իրողութիւն մըն ալ կ’ուզեմ արձանագրել. Վերջերս Հալէպի պետական միջնակարգ դպրոցներէն մէկը կոչուեցաւ հայ նահատակ զինուոր Գրիգոր Վարուժան Աշնալըգեանի անունով: Եթէ անցնելու ըլլաս Հայաշատ Սուլէյմանիէի փողոցներով ապա նախկին «Տըմէշղ»՝ Դամասկոս դպրոցի ճակատին վիթխարի գիրերով կը կարդաս հայ զինուորին անունը:

Հալէպի մէջ հայկական անուններով փողոցներ կան, որոնցմէ «Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի», «Քարտինալ Աղաճանեանի»,  Վերապատուելի «Ահարոն Շիրաճեանի» եւ Բժշկապետ Ասատուր Ալթունեանի» փողոցները: Այս անուանումներուն համար մեծ ճիգեր գործադրած են համապատասխան հայկական մարմիններ: Գրիգոր Աշնագըլեանի անունով դպրոց կոչուիլը ուրախալի է նաեւ այն պատճառաւ, որ մեր դպրոցները բոլորն ալ անխտիր պարտադրաբար կը կրեն նաեւ արաբական անուններ:

Բնականաբար ուրախալի եւ հպատալի է մեզի համար հայու անուն կրող պետական դպրոց մը ունենալ, եւ թող իր յիշատակը անարգած չըլլամ, ո՛չ ալ իր հարազատները վիրաւորած ըլլամ եթէ հարց տամ.-Ինչո՞ւ Գրիգորի անունով դպրոց եւ ոչ թէ (կամ նաեւ…), չէ՞ որ մենք այս տագնապի օրերուն պետութեան նշանակալի ծառայութիւններ մատուցանած զոհեր տուած ենք: Արդեօք անուանակոչումներ շնորհողները պէտք չէ՞ խորհրդակցէին հայ պատասխանատուներու հետ՝ եթէ հայոց երախտապարտութիւն եւ շնորհակալութիւն կը յայտնել կ’ուզէին…

Մարդիկ կ’ըսեն, թէ, երբ Սուրիոյ առաջին տիկինը ընդունած էր նահատակներու հարազատներ, Գրիգորի ծնողքը իրմէ խնդրած էին Հալէպի մէջ դպրոց մը Գրիգորի անունով կոչել:

Ամէն պարագայի, Գրիգորի հարազատները թող վստահ ըլլան , որ մենք բոլորս իրենց չափ ուրախ ենք այս անուանակոչութեամբ, մենք ալ իրենց չափ հպարտ ենք իրենց զաւակով, մենք ալ իրենց չափ տխուր ենք իրենց եւ մեր զաւակ Գրիգորի կորուստով եւ հիմա մխիթարութիւն կը փորձենք գտնել այս դպրոցին անուան մէջ եւ…

Եւ ի վերջոյ այս անուան մէջ խորհրդանիշը պիտի գտնենք մեր բոլոր նահատակներուն:

Հալէպահայերուն համար հոգի ջերմացնող երեւոյթ-ծիսակատարում մըն է խաղողօրհնէքը, որ կը կատարուի երկու անգամ: Առաջինը՝ոչ մեծ շուքով, Աստուածածնի տօնէն մէկ շաբաթ առաջ Հալէպի եկեղեցիներուն մէջ եւ երկրորդը՝ Ս. Աստուածանայ Կերպարանափոխութեան օրը՝ Քեսապի մէջ, մասնակցութեամբ գրեթէ բոլոր Հալէպահայերուն:

Այդպէս էր տագնապէն առաջ, այդպէս եղաւ նաեւ այս տարի՝ տագնապի տարիներու պարտադիր ընդմիջումէ ետք: Այս տարի եւս ամրան սկիզբէն Հալէպահայերը մեկնեցան Քեսապ՝ ամառնային արձակուրդի, բանակումի եւ ի հարկէ խաղողօրհնէքի, որ ցայտուն մէկ վկայութիւնն է Հալէպահայերու վերակենդանացման եւ անշո՛ւշտ Քեսապաշինութեան անոնց մասնակցութեան, չէ՞ որ Քեսապը Հալէպահայերուն համար նոյնքան սրտամօտ է, որքան քեսապահայերուն համար, չէ՞ որ բազմաթիւ Հալէպահայեր տուներ ունին հայկական Քեսապի մէջ եւ կը սիրեն անցընել իրենց արձակուրդները Կիլիկեան հայաբոյր այս աւանին մէջ:  

Այս տարի մեծ թիւով Հալէպահայեր իրենց արձակուրդը անցուցին քաղաքէն դուրս՝ քիչեր գացին Լիբանան, ուր մուտքի արգելքներ ունին սուրիացիները, շատ շատեր Հայաստան, կարեւոր մաս մըն ալ ՔԵսապ եւ Սուրիոյ քրիստոնէական շրջաններէն Մաշթա Էլ Հըլու:  Գաղջ այս ամառը կը մօտենայ իր աւարտին եւ Հալէպահայերը սկսած են վերադառնալ իրենց սիրելի քաղաքը, միշտ յուսալով որ այս մոխրագոյն օրերը վերջ պիտի գտնեն, թէեւ…

Թէեւ…

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 18 Օգոստոս 2018   

https://www.civilnet.am/news/2018/08/18/Հալէպ%E2%80%A4-Գաղջ-Ամառ-2/343356

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın