İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՒԱՆԴԻ ՅԱՒԵՐԺԱՑՈՒՄ

Աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի աւանդը բառին բուն իմաստով կը յաւերժանայ Իսթանպուլի մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Արա Կիւլէր միջոց մը առաջ «Տողուշ» խմբակին հետ համաձայնութեան հասած էր՝ իր արխիւը փոխանցելու եւ այդ հիման վրայ թանգարանային կեդրոնի մը ստեղծման ուղղութեամբ։ Ուրախառիթ է, որ այս ծրագիրը թեւակոխած է գործնական փուլ։ Աշխատանքներն ալ բաւական արագ ընթացած են եւ անոնց հիման վրայ արդէն գործնական արդիւնք ապահովուած է։ «Տողուշ» խմբակը Պոմոնթիի մէջ թանգարան մը եւ արխիւի կեդրոն մը հաստատած է Արա Կիւլէրի համար։ «Պոմոնթիատա» համալիրէն ներս ստեղծուած այս կեդրոնի պաշտօնական բացման արարողութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Պաշտօնական բացման արարողութիւնը զուգադիպեցաւ Արա Կիւլէրի ծննդեան 90-ամեակի օրուան։ Յոբելենական խանդավառ մթնոլորտի մէջ աշխարհահռչակ լուսանկարիչը հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Արա Կիւլէր թէեւ անուասայլակի վրայ մասնակցեցաւ հանդիսութեան, սակայն զգալի էր, թէ իր տրամադրութիւնը բարձր էր։ Որպէս տարեդարձի յուշանըւէր՝ իրեն յանձնուեցաւ «Ըսլըք չալան ատամ» անուն գիրքը։ Այս գործը Արա Կիւլէրի թանգարանին կողմէ հրատարակուած առաջին գիրքը կը հանդիսանայ։

Հանդիսութեան ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ Արա Կիւլէր բացատրեց, որ սեփական արխիւի ձեւաւորումը տեւած է երկար տարիներ։ Ան անդրադարձաւ արխիւ ստեղծելու դժուարութիւններուն։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, բացման հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ մըն ալ ունեցաւ «Տողուշ» խմբակի բարձր ղեկավար Հիւսնիւ Աքհան։ Այս վերջինը յիշեցուց մշակոյթի եւ գեղարուեստի ոլորտէն ներս իրենց խմբակին կողմէ ապահովուած ձեռքբերումներուն եւ աւելցուց, որ Արա Կիւլէրի արխիւ-թանգարանի պարագային մասնաւոր յուզում մը ապրած են։

Տեղական զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ լայնօրէն անդրադարձան Արա Կիւլէրի թանգարանի բացման։ Նորահաստատ համալիրէն ներս ներկայացուած են Արա Կիւլէրի գործերը, ժապաւէնները, նոթագրութիւնները, անձնական իրերը, լուսանկարի գործիքները, մամլոյ քարտերը եւ նոյնպէս անձնական հաւաքածոյէն զանազան իրեր։

Վերջին ութ ամիսներու խտացեալ աշխատանքին հիման վրայ հաստատուած է Արա Կիւլէրի թանգարանն ու արխիւի կեդրոնը։ Արա Կիւլէրի արխիւը ունի անգնահատելի նշանակութիւն եւ այդ անկրկնելի գործերը մի առ մի երեւան բերուած են բազմակողմանի աշխատանքով։ Թէ՛ թանգարանը եւ թէ ուսումնասիրութեան կեդրոնի մը ձեւաչափով ստեղծուած արխիւը ծառայութիւններ կը մատուցեն անվճար։


http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F17-08-2018-աւանդի-յաւերժացում

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın