İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հալէպ․ Գաղջ Ամառ – 1

Լուսանկարում՝ Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցին

Մանուէլ Քէշիշեան

Գաղջ ամառ մը կ’անցընէ Հալէպահայութիւնը, թէեւ գրեթէ ամէն իրիկուն ընդդիմադիրները քաղաքի հեռաւոր արեւմտեան թաղամասերու վրայ մահասփիւռ հրասանդներ կ’արձակեն որուն կը յաջորդեն պետական զօրքի թնդանօթներուն ձայները: Այս ձայները արգելք չեն ըլլար, որ Հալէպահայերը այս ամրան զով գիշերները անցընեն հայկական ճաշարաններու մէջ:

Ցերեկը տաք, գիշերը զով ամառային այս կլիմային առընթեր, մեր մշակութային կեանքը բնականաբար գաղջ ընթացք  մը ունի, եռուն ձմեռէ մը ետք. թէեւ մնայուն խումբերը նոր ծրագիրներու իրագործման կը պատրաստուին:

Պէտք է նշել, որ ինչպէս անցեալ ձմեռ, հաւանաբար գալիքին եւս բեմերէն վար չիջնեն Հ.Բ.Ը.Միոթեան երիտասարդական թեւ Հ.Ե.Ընկերակցութեան , Հ.Յ.Դաշնակցութեան Համազգայինի եւ Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան երգչախումբերն ու պարախումբերը: Մշակութային իր նախկին գործունէութիւնը  կը փորձէ վերակենդանացնել Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը: Կը յուսանք որ Հ.Ե.Ը.ի Ադամեան թատերախումբի կողքին համազգայնականներն ալ կը փորձեն ներկայացում մը տալ: Բեմին վրայ վտսահաբար պիտի մնայ նաեւ Հ.Ե.Ը.ի Կոմիտասի անուան Սենեկային նուագախումբը:

Հայ Կաթոլիկ Մայր Գթութեանց Տաճառի Գմբեթը

Միւսերը անչափ տկարացած են: Ռամկավարները, օրինակ, միշտ քիչ եղած են, սակայն նախապէս ունեցած են գաղութիւն մէջ որոշ հանգամանք ունեցող ղեկավար դէմքեր, որոնք բոլորն ալ հիմա հեռացած են երկրէն եւ կուսակցութեան մշակութային թեւ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը կը բաւականանայ իր ժամանակաւոր կեդրոնին մէջ տարեկան միջ-դպրոցական արտասանութեան մրցումի կազմակերպութեամբ եւ մի քանի անդամական ճաշկերոյթներով կամ ընթրիքներով: Հիմա պետական աջակցութեամբ ռամկավարները պիտի սկսին նորոգել քարուքանդ եղած իրենց կեդրոնը:  Յուսա՞նք որ շուտ վերակառուցուի այս կեդրոնը եւ նոր շունչ մը հաղորդէ այս կուսկցութեան եւ անոր մշակութային գործունէութեան: տարակուսանքով, սակայն յուսանք:

Հնչակեանները բացի իրենց Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան աշխուժացումէն, կը փորձեն նաեւ վերանորոգել իրենց դպրոցները: Նորոգելը ՝ նորոգել, բայց պիտի յաջողի՞ն իրենց նախկին փառքի օրերուն վերադառնալ, թէ՞ պիտի մնան 100*ի մօտ աշակերտներ ունեցող դպրոցի սահմաններուն մէջ: Պարզ է, անոնք կը գիտակցին.- Եթէ կուսակցութիւնը որպէս ազդող ուժ պիտի մնայ գաղութին մէջ, ապա անպայման իր շարքերը խտացնող եւ  նոր սերունդ հայթայթող դպրոցի պէտք ունին: Ամէն պարագայի պէտք է արձանագրել, որ հիմա հնչակեանները իրենց կատարած «թաւշեայ ընտրութիւն յեղափոխութենէն« ետք, կուսակցութեան առաջնորդներ ընտրած են երիտասարդ տղաք, որոնք ամէն ճիգ կը գործադրեն իրնց աշխոյժ ներկայութիւնը զգալի դարձնելու համար գաղութին մէջ: Անոնք վերջերս նիւթական զոհողութիւններու գնով իրենց երիտասարդները տարին Քեսապ՝ բանակումի: 

Հայկական միութիւնները աշխոյժ գործունէութիւն կը տանին երկրին մարզական կեանքին ներս, մանաւանդ լողի եւ պասքէթպոլի ասպարէզին մէջ: Հոս եւս ամէնէն աշխոյժը դաշնակցականներն ու Հ.Ե.Ը.-ականներն են: Առաջինի՝ Հայ Մարմնամարզական Ընդհանուր Միութեան պասքէթի տղոց խումբը լաւագոյններէն է Սուրիոյ խումբերուն, Երկրորդի աղջիկներուն խումբը շատ լաւ արդիւնքներ կ’արձանագրէ. այս տարի մինչեւ 16 տարեկան պատանիներու աղջկանց խումբը տիրացաւ երկրի գաւաթին, ինչպէս նաեւ դարձաւ երկրին ախոյեանը: Ուրախալի է, չէ՞: Անշո՛ւշտ, սակայն հայկական խումբերու յաջողութիւններով ամբողջ գաղութը չի ուրախանար, այլ միայն տուեալ խումբին համակիրները, եւ պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ հայկական այս երկու խումբերու մրցումները խաղաղ ու հեզասահ չեն ընթանար… 

Սկաուտական շարժումին մէջ ալ ամէնէն մեծ թիւ ունեցողները Հ.Մ.Ը.Միութիւնն ու Հ.Ե.Ընկերակցութիւնն են: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը Քեսապի մէջ ունի իր սեփական բանակավայրը Տարիներու պարտադիր ընդմիջումէ ետք, անցեալ տարի բանակումները վերսկսան: Այս տարի Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտները արդէն վերադարձան Քեսապէն,  իսկ Հ.Ե.Ը.ի սկաուտներն ու արենուշները գալ շաբաթ պիտի երթան:

Բանակումները կը յագենան Քեսապի փողոցներու մէջ փողերախումբի նուագի  ընկերակցութեամբ տողանցքներով: Մէկը միւսին հետ կը մրցի ցոյց տալու, թէ ինքն է ամենամեծ թիւ ունեցողը, ինքն է աւելի կազմակերպուածը:

Սակաւաթիւ մարաշցիները Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ ազատագրումէն ետք կ’աղօթեն

Հայրենակցական միութիւնները դար մը ամբողջ բարեսիրական, կրթական, մարզական եւ մշակութային բեղուն գործունէութիւն ունենալէ ետք, կարծէք հասած են իրենց կեանքի մայրամուտին, անոնց վերջին մոհիկանը կարելի է սեպել Մարաշի Հայրենակցական Միութիւնը՝ իր «Գերմանիկ-Վասպուրական» Մշակութային եւ մարզական միութիւնով: Այս միութիւնը, որուն ֆութպոլի խումբը երկար տարիներ Սուրիոյ ախոյեան հանդիսացած էր, որ ունեցած էր իր թատերախումբը, իր մշակութային գործունէութեամբ գաղութին մէջ եղած էր ներկայութիւն, կառուցած էր իր Առաքելական, Կաթոլիկ եւ Աւետարանական եկեղեցիները, մինչեւ տագնապն ալ արդէն տկարացած էր, մարաշցիներու Մեսրոպեան Վարժարանը փակած էր իր դռները, Ս. Գէորգ եկեղեցիին շրջապատը հայաթափ եղած էր, սակայն գաղութի բազմաթիւ զաւակներ չէին ծուլանար հոն աղօթելու երթալ, պսակադրութեան եւ թաղման ծէսեր կատարել: Ցաւալի է որ Ս. Գէորգը մեր եկեղեցիներէն ամէնէն շատ վնասուածներէն մէկը եղաւ: Մարաշցիները այսօր ունին հսկայ շէնք մը՝ որպէս կեդրոն, որ դարձեալ մեծ վնասներ կրեց տագնապին, սակայն այսօր անոնք ձեռնարկած են իրենց կեդրոնի նորոգութեան, սկսելով ճաշարանէն որ արդէն սկսած է գործել՝ որոշ եկամուտ մը ապահովելով միութեան:

Այս ամառը գաղջ է նաեւ անով որ գաղութի զաւակներուն նիւթական վիճակը աւելի լաւ է, գրեթէ անգործ մարդ չկայ, թէեւ ամէն ինչ շատ սուղ է՝ համեմատաբար մանաւանդ պաշտօնեաներու աշխատավարձքին: Հայկական կազմակերպութիւնները կը շարունակեն նպաստներու բաշխումը, թէեւ պէտք է արձանագրենք որ այս նպաստներու մեծ մասին աղբիւրները հայկական չեն, այս նպաստները կու գան գլխաւորաբար Կաթոլիկ եկեղեցիներու բարեգործական միացեալ միութենէն՝ CARITAS-էն: Շատ աշխոյժ է լեհական ՔԱՐԻԹԱՍ-ը, որ կը փորձէ նպաստները նուազեցնել, փոխարէնը անտոկոս վարկեր յատկացնելով փոքր ձեռնարկատերէրու: Նշենք, որ CARITAS-ը օգնութեան ձեռք կ’երկարէ Սուրիոյ ամբողջ բնակչութեան անխտիր:

Գաղութը կը վերակենդանանայ:

Ասոր ամէնէն վառ ապացոյցներէն պէտք է նկատել մեր կառոյցներու նորոգութեան աշխատանքներուն սկսիլը: Այս կառոյցներուն ամէնէն կարեւորը անշուշտ տագնապի տարիներուն հրթիռակոծումներու թիրախ դարձած Հայ Առաքելական դարաւոր Քառասուն Մանկանց Մայր Եկեղեցին է, որուն նորոգութեան աշխատանքները ամրան սկզբին մեկնարկեցին Առաջնորդ Սրբազան հօր աղօթքով: 

Հինգ հարիւր տարիներ իր գոյութիւնը պահպանած  պատմական այս եկեղեցին պատմութիւն չդարձաւ, այլ մնաց կենսախինդ, լուսատու եւ գաղութի գոյութեան խորհրդանիշ:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 14 Օգոստոս 2018

https://www.civilnet.am/news/2018/08/14/Հալէպ%E2%80%A4-Գաղջ-Ամառ-1/343101

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın