İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՂԹԱՄԱՐԻ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ԸՆԴԳՐԿՈՒԻ «ԻՒՆԵՍՔՕ»Ի ՄՇՏԱԿԱՆ ՑԱՆԿԻՆ ՄԷՋ

Վանայ լիճի Աղթամար կղզիին վրայ գտնուող հայկական Սուրբ Խաչ եկեղեցին հաւանաբար ընդգրկուի «ԻՒՆԵՍՔՕ»ի Համաշխարհային ժառանգութեան մշտական ցանկին մէջ:

Թրքական «Անատոլու» կայքը յօդուած մը հրապարակած է Աղթամարի մասին` դետել տալով, որ  տարեկան հազարաւոր տեղացի եւ օտար զբօսաշրջիկներ կ՛այցելեն կղզի: Այս տարուան առաջին 7 ամսուան ընթացքին Աղթամար այցելած է տեղացի եւ արտասահմանցի 83.000 զբօսաշրջիկ:

Վանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան հարցերու տնօրէն Մուզաֆեր Աքթուղ ըսած է, որ Աղթմարի յուշահամալիրը զբօսաշրջութեան տեսանկիւնէ քաղաքի ամենակարեւոր պատմական արժէքներէն մէկն է: Ան ըսած է, որ Թանգարաններու Գլխաւոր Վարչութեան հետ այս հարցը քննարկելէ ետք որոշած են այս տարի յայտ ներկայացնել «ԻՒՆԵՍՔՕ»ին` Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին Համաշխարհային ժառանգութեան մշտական ցանկին մէջ ընդգրկելու համար:

Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ Աղթամար եկեղեցին կառուցուած է 915-921 թուականներուն Գագիկ Ա. թագաւորին հրամանով, ճարտարապետը Մանուէլն է:

2005-ին Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան որոշումով սկսած են եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները: Աշխատանքները տեւած են երկու տարի: Ծախսուած է 4 միլիոն թրքական լիրա:

Կը յիշուի, որ վերականգնողական աշխատանքներուն մէջ, մասնագէտ-արուեստագէտներէ բացի, ընդգրկուած էին նաեւ հնագէտներ եւ ճարտարապետ-շինարարներ, որոնց մէջ` նաեւ Հայաստանէն:

Վերանորոգումէն ետք եկեղեցին ստացած է թանգարան-յուշարձանի կարգավիճակ:

Աւելցնենք, որ 9 Սեպտեմբեր 2010-ին, 95 տարուան ընդմիջումէ ետք, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ պատարագ, իսկ 30 Սեպտեմբերի գիշերը մինչեւ 1 Հոկտեմբեր եկեղեցւոյ վրայ դրուեցաւ խաչ մը: Մինչ այդ թրքական կառավարութիւնը հրաժարած էր խաչ տեղադրելէ եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ, որուն պատճառով ողջ աշխարհի հայութիւնը բողոքի ցոյց կազմակերպած էր, կը գրէ «Փանորամա»ն:

http://www.kantsasar.com/news/2018/08/13/36131/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın