İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՀԱՄԵՐԳԱՇԱՐ

Հայաստանէն «Լապտերներ» երաժշտական խումբը ներկայիս կ՚այցելէ Իսթանպուլ։ Այս երաժշտախումբը ամբողջ Հայաստանի տարածքէն յատկապէս ընտրուած, բարձր տաղանդով ու ձիրքերով օժտուած երաժշտասէր պատանիներէ կը բաղկանայ։ Անոնք մասնակցութիւն կը բերեն յատուկ երաժշտական ծրագրերու եւ յամառ աշխատանքով ինքզինքնին կը կատարելագործեն՝ ապագայ երաժիշտներ դառնալու ճանապարհին։ «Լապտերներ»ու պատասխանատուները իրենց աշխատանքը կը կեդրոնացնեն 14-16 տարեկան պատանիներուն վրայ։ «Երեխաները երեխաներու համար» կոչուած ծրագրով կը հովանաւորուի «Լապտերներ» երաժշտախումբը։ Աշխատանքի առանցքային նպատակն է տաղանդաւոր պատանիներուն աւելի ամբողջական ձեւով ծանօթացնել արուեստի բնագաւառը եւ անոնց առջեւ բանալ նոր հորիզոններ՝ որպէսզի հնարաւորութիւն ունենան պատրաստութեան պատշաճ շրջանէ մը անցնելու։ «Երեխաները երեխաներու համար» ծրագիրը կ՚ապահովէ, որ «Լապտերներ»ը ստանան հայ դասական եւ ժողովրդական երաժշտութեան շուրջ խորքային գիտելիքներ՝ յատուկ մասնագէտներէ, նաեւ նախապէս նման ծրագրերու մասնակցութիւն բերած իրենց հասակակիցներէն։

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ այս ամառ «Երեխաները երեխաներու համար» ծրագրին եւ մեր համայնքէն «Մեր պարերը եւ մենք» ծրագրին միջեւ ստեղծուած է համագործակցութիւն մը։ Ամառնային համերգաշարի մը կազմակերպման նպատակով յառաջ կը տարուի այդ համագործակցութիւնը, որու ծիրէն ներս «Լապտերներ» երաժշտախումբը ներկայիս կ՚այցելէ քաղաքս։ Այս այցելութեան կազմակերպչական աշխատանքները կատարուած են «Մեր պարերը եւ մենք» ծրագրին կողմէ, որու գլուխը կը գտնուի պարուսոյց Յակոբ Կիւլէչ։ «Լապտերներ»ու անդամները կը հիւրընկալուին Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ։

Յառաջիկայ օրերուն կղզիներու վրայ նախատեսուած է երեք համերգ։ 14 օգոստոսին, Գնալը կղզիի լողաւազանի ակումբէն ներս տեղի պիտի ունենայ «Լապտերներ»ու առաջին համերգը։ Խումբին պիտի միանան նաեւ մեր համայնքէն պատանիներ։ Այսպէս, «Լապտերներ»ու յայտագրին մասնակից պիտի դառնան՝ Պարէտ Չաղլըչուպուքճու, Ժուլիա Դաւիթ, Երազ Չաղլաեան, Էլլա Ենոքեան, Առլին Տուման եւ Մանէ Մարա Մատէն, որոնք պատրաստուած են երաժիշտ Հրանդ Չիզմէճեանի մականին ներքեւ։ 15 օգոստոսին «Լապտերներ»ու համերգը տեղի պիտի ունենայ Մեծ կղզիի Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։ Երրորդ համերգը նախատեսուած է 16 օգոստոսին՝ Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ։ Այս համերգին ալ պիտի միանան «Մեր պարերը եւ մենք» ժողովրդական պարերու խումբի մասնակիցները։ Կազմակերպիչները համերգաշարի եզրափակիչ ձեռնարկը նախատեսած են երաժշտական խրախճանքի մը ձեւաչափին մէջ։

Ամառնային սոյն համերգաշարի նախօրեակին, երէկ, Կազդուրման կայանի մէջ տեղի ունեցաւ ծանօթացման հաւաքոյթ մը, որու ընթացքին համայնքային մամլոյ ներկայացուցիչներուն բացատրութիւններ տրուեցան կազմակերպչական աշխատանքներուն շուրջ։ «Լապտերներ»ը քաղաքս եկած են՝ գլխաւորութեամբ Աննա Մանասէրեանի եւ Եւա Օրցքայի։ Բացի այս վերջիններէն, երէկուան մամլոյ ասուլիսին մասնակցեցան Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմնի ատենապետուհի Ազնիւ Մեծատուրեան, տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու, պարուսոյց Յակոբ Կիւլէչ, երաժիշտ Հրանդ Չիզմէճեան, համերգաշարի կազմակերպիչներէն Սեւան Աթաօղլու եւ տիկնանց կազմի ներկայացուցիչները։ Բոլոր ատենախօսները բացատրութիւններ տուին տարուած աշխատանքին եւ նախատեսուած համերգներուն շուրջ։ Հայր սուրբն ալ արտասանեց օրհնութեան խօսք մը եւ իր օրհնութիւնները փոխանցեց բոլոր անոնց, որոնք ներգրաւուած են այս աշխատանքին։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/8-08-2018-ամառնային-համերգաշար

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın