İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԻՄ ՍԻՐԵԼԻ «ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ»Ը՝ 37 ՏԱՐԵԿԱՆ Գրեց Ռ. Հ.

4 Օգոստոս 1981, թուական մը որ ինծի համար համազօր է երկրորդ ծննդեան թուականի մը։ 37 տարի առաջուան այդ թուականին է որ Նախախնամութիւնը օգներ է ինծի, որպէսզի այս թերթին առաջին էջին վրայ հաստատեմ «Յուշատետր» կոչուած սիւնակ մը։ Երբ կը հիմնէի այդ սիւնակը ու կը խոստանայի ամէն օր լեցնել այդ սիւնակը, բնականաբար բնաւ գաղափար չունէի թէ այդ սիւնակը մինչեւ ուր պիտի տանէր զիս։ Այնուհանդերձ գիտէի որ ամէն ինչ պիտի ընէի որպէսզի խոստումս յարգէի, որպէսզի ամէն օր բաց ճակատով ու նորանոր նիւթերով ներկայանայի իմ ընթերցողներուն ու անոնց հետ հաստատէի ամենօրեայ հաճելի կապ մը։
Հիմա 37 տարիներ անցեր են այդ սիւնակի հաստատման թուականէն ասդին, եւ ես այդ 37 տարիներու ընթացքին, բացի Շաբաթ օրուընէ, ամէն օր յարգեր եմ ընթերցողներուս հետ իմ ժամադրութիւնը։ Եւ այդ ժամադրութիւնը օրէ օր դարձեր է աւելի հաճելի, աւելի զուարթ, աւելի բովանդակալից։
37 տարի։ Եթէ նկատի առնենք որ ամէն տարի կը հրատարակուի 250 յօդուած, կը նշանակէ որ այս 37 տարիներու ընթացքին մօտաւորապէս 9.250 յօդուած հրատարակուեր է այս սիւնակին մէջ։ Թերեւս անհաւատալի թիւ է, բայց իրական է։ Թերեւս մրցանիշ մըն է հայ իրականութեան մէջ։ Ո՞ր հեղինակը չի հպարտանար այսպիսի վաստակի մը դիմաց։ Բայց ես հպարտութիւն չէ՛ որ կը զգամ, այլ կը զգամ շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան զգացում։ Շնորհակալութիւն՝ ամէն բանէ առաջ Նախախնամութեան, որուն բարի ձեռքը գիտեմ թէ միշտ գլխուս վրայ էր օրհնութեան մը նման, շնորհակալութիւն՝ իմ սիրելի ընթերցողներուս, որոնք այս երկար ժամանակամիջոցի ընթացքին միշտ զգացուցին իրենց սփոփարար ներկայութիւնը։
«Յուշատետր» սիւնակով ստեղծուած տասնամեակներու այս դեգերումներու ընթացքին ես միշտ տուրք վճարեցի իմ հայու ինքնութեան, հայ գրականութեան ու հայ մշակոյթի իմ պաշտամունքին, մեր սքանչելի մայրենիին։ Պտոյտներ ըրի Հայ բանաստեղծութեան պարտէզին մէջ, հայկական առածներու աշխարհին մէջ, հայ գրականութեան քուլիսներուն մէջ, հայոց լեզուի բառարաններուն մէջ, հայկական անձնանուններու աշխարհին մէջ, Հայաստան աշխարհի ու աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու անդաստաններուն մէջ, եւ տակաւին կեանքի անհամար խորհուրդներուն մէջ, իմ սէրս ու յարգանքս յայտնեցի բոլոր այն բարի մարդոց, որոնք այսպէս կամ այնպէս անցած են կեանքիս մէջէն, սիրով ոգեկոչեցի շատերու ու շատերու յիշատակը, մեր մէջ վերստին ապրեցուցի զանոնք։ Մինչեւ այս տարիքս՝ երբեք պահ մը իսկ չդադրեցայ իմ Մեծասքանչը պաշտելէ, սիրեցի զայն եւ ուզեցի որ ամէն հայ նուազագոյն ինծի չափ սիրէ մեր այս Մեծ ու Սքանչելի լեզուն։ Երբեմն ցաւեր ապրեցայ տեսնելով որ հայոց որքան լայն շրջանակ մը անգիտակ էր իր լեզուին, գաղափար իսկ չունէր թէ ի՜նչ հրաշք լեզուի մը տէրն էր, տառապեցայ անոնց պատկերին դիմաց, բայց երբեք չկորսնցուցի հաւատքս ու ամէն անգամ որ առիթը ունեցայ, ո՛չ թէ միայն գիրով, այլ նաեւ խօսքով հնչեցուցի Մեսրոպեան մեր պաշտելի գիրերուն ու լեզուին ձայնը։ Օրուան մէջ մէկ վայրկեան իսկ չդադրեցայ ես զիս Մեսրոպ Մաշտոցին աշակերտը նկատելէ, քանիցս ծունկի եկայ անոր արձանին ու յիշատակին առջեւ ու ո՛չ միայն շնորհակալութիւն յայտնեցի իրեն, այլ նաեւ ուզեցի որ ուժս անպակաս ընէ, խթանէ զիս, զգացնէ թէ իր օրհնութիւնը իմ վրայ է միշտ։
Այս երկար տասնամեակներու ընթացքին իմ սիրելի ընթերցողներուս հետ բաժնեցի ինչ որ տեսայ, ինչ որ իմացայ, ինչ որ զգացի, ինչ որ մտածեցի, ինչ որ սիրեցի։
Այս բոլորէն ի՞նչ պիտի մնայ ապագայ սերունդներուն, կարեւոր չէ։ Կարեւոր չէ, որովհետեւ ամէն գրող, ընդունի կամ չընդունի, կը գրէ իր ժամանակակիցներուն համար, ոչ թէ ապագայ սերունդներու համար։ Ամէն գրող իր ժամանակին եւ իր ժամանակիցներուն մարդն է։ Ապագայ սերունդներն ալ պիտի ունենան իրենց գրողները։ Եթէ մեզմէ ալ շունչ մը, գործ մը, անուն մը փոխանցուի այդ ապագայ սերունդներուն, ատիկա պիտի ըլլայ ո՛չ թէ միայն մեզմէ, այլ մեր ընթերցողներէն ալ ղրկուած տաքուկ ողջոյն մը։
Մինչեւ այսօր հրատարակուած Յուշատետրերուն մէկ մասն է միայն որ գիրքի ձեւով ալ հրամցուած է ընթերցողներուն։ Մնացեալները, որոնք ով գիտէ քանի տասնեակ հատոր պէտք է կազմեն, օր մը գիրքի կը վերածուի՞ն, չեմ գիտեր, եւ չեմ ալ ուզեր մտածել այդ դժուար իրականանալի հարցին մասին։ Միայն կը սիրեմ մաղթել որ յառաջիկայ տարի դարձեալ միասնաբար ողջունենք Յուշատետրի նոր տարեդարձ մը եւ միասնաբար փնտռենք թէ տակաւին հայաշխարհի հրաշալի ո՞ր ապրումներէն ներս կրնանք իրականացնել պտոյտներ։
Այս մտածումներով ու այս ուրախութեամբ է որ տարի մը եւս կը փակեմ Յուշատետր սիւնակի մէջ եւ սիրով կ՚ ողջունեմ մեր սիրելի ընթերցողները։
Ռ. Հ.

-1


http://www.normarmara.com

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın