İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Տ. ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՔ. ՉՈՒԼՃԵԱՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՆԱԽԱՃԱՇԵՑ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Հայաստանէն Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան, որ հիւրաբար կը գտնուի քաղաքս, շաբաթավերջը անցուց Գնալը կղզիի մէջ։ Ան երէկ ներկայ գտնուեցաւ տեղւոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին, որու ընթացքին տուաւ քարոզ մը։ Շաբաթ առաւօտ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան այցելեց Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը, ուր աշակերտներուն հետ համախմբուեցաւ նախաճաշի սեղանի շուրջ։ Նորին սրբազնութիւնը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմնի ատենապետուհի Ազնիւ Մեծատուրեանի եւ գործակից ընկերներուն, տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլուի եւ բոլոր պատասխանատուներուն կողմէ։

Նախաճաշի սեղաններուն շուրջ նորին սրբազնութիւնը անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց տղոց հետ։ Ան բացատրեց, որ իր գլխաւորած Գուգարաց թեմին առընթեր եւս կը գործէ ճամբար մը, որ կը կոչուի Ծիծեռնակ։

Հաւաքոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան նաեւ Կազդուրման կայանի տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու եւ Խնամատար մարմնի նախկին ատենապետներէն Արթին Քիլեճի։

Նախաճաշի մտերմիկ հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Տէրունական աղօթքով եւ Կազդուրման կայանի բարեյիշատակ հիմնադիրներու ոգեկոչումով։ 

Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան այսօրուընէ սկսեալ Գնալը կղզիէն կ՚իջնէ քաղաք։ Ան մինչեւ շաբաթավերջ պիտի մնայ Պոլիս։ Իր կեցութեան օրերուն նորին սրբազնութիւնը կ՚իջեւանի Պատրիարքարանի մէջ։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/6-08-2018-տ-սեպուհ-արք-չուլճեան-շաբաթավերջին-նախաճաշեց-կազդուրման-կայանի

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın