İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԴԱՏԱԿԱՆ 75 ՆԻՍՏ, ԵՒ ՈՉ ՄԷԿ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՄ` ՏԻՆՔԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ

Տեղի ունեցած է Կ.Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող հայկական «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատական հերթական նիստ:

Յայտնենք, որ Տինք սպանուած էր 19 Յունուար 2007-ին: Այս տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած 75 դատական նիստերուն որեւէ շօշափելի արդիւնք չէ արձանագրուած:

Ըստ «Դեմոկրատ Հապէր»ի, Տինքի ընկերները դատական նիստին ընթացքին հաւաքուած են դատարանի շէնքին դիմաց` իրենց աջակցութիւնն ու արդարութեան պահանջը յայտնելու: Անոնք դժգոհութիւն յայտնած են յատկապէս այն բանի համար, որ դատական նիստերուն ընթացքին Տինքի սպանութեան բացայայտումին շուրջ ոեւէ կողմի այլոց հասցէին ուղղած մեղադրանքները նկատի չեն առնուած, եւ այդ անձերէն ոեւէ մէկը պատասխանատուութեան չէ ենթարկուած:


http://www.kantsasar.com/news/2018/07/11/34656/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın