İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՎԱՐԴԱՎԱՌ եւ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ըստ Հայոց Եկեղեցական տօնացոյցի, պայծառկերպութեան տօնը կամ վարդավառը այս տարի կը նշենք, 8 Յուլիս 2018 Կիրակի օր: Ըստ լեզուբաններու վարդավառ  բառը Պարսկական ծագում ունի ,կընշանակէ ջուր-(վարդ)- սրսկելցանել-( վառ): Որոշ հեղինակներու կարծիքով ալ-“Կրակավառ“-,-“Հրավառ“- կը նշանակէ:
Պայծառակերպութեան տօնը Հայոց  եկեղեցւոյ  հինգ տաղաւար տօներէն մին է, որը, հեթանոսական  հինշրջաններուն տօնուէր է հայոց տօմարի  Նավասարդ ամսի  առաջին օրը, այսինքն Օգօստոս 11 ին, աւելի վերջ , Քրիստոնէական  եկեղեցին  վարդավառը յայտարարել է ,որպէս  թափոր լեռան  վրայ Յիսուս Քրիստոսի պայծառակերպութեան  երեւոյթին  նուիրուած տօն:
Պայծառակերպութիւն կը նշանակէ,պայծառ կերպարանք, պայծառ տեսք ունենալ: Հայոց եկեղեցին ,այստօնը կանուանէ  նաեւԱյլակերպութեան Տօն“:
pink-and-roses
Գրիգոր Տաթեւացի  այս մասին կը գրէ հետեւեալը: “Եւ ինչպէս~ վարդը բացուելով  կը յայտնուի ու կերեւի, այնպէս ալ Տէրն ալ այսօր պայծառակերպուելով  կը յայտնէ իր Աստուածութիւնը”:
Ըստ աւանդութիւններու կան շատ հաւատածեալ հայեր ,որոնք կը հաւատան թէ, վարդավառի օրովգիշերը  սուրբերու վրայ լոյս կիջնէ, անոնք որոնք, կը տեսնեն այդ լոյսը կը կատարուի անոնց  նուիրական  ցանկութիւնները:
Վարդավառը Հայոց հնագոյն տօներէն մին է, այս պատճառաւ ալ հեթանոսական շրջանէն մնացածիրարու վրայ ջուր սրսկել, աղաւնի թռցնել ի նմամ , տօնի   վերաբերեալ  կարգ մը սովորութիւններ կըպահպանուած է:
Հին ժամանակներուն  վարդավառը կը տօնուէր, զանազան ջրային խաղերով, աւանդական ուժողովրդական երգերով   ու պարերով, մարդիկ իրարու  կը նուիրէին  վարդեր,վարդաջուր,սիրահարերետասարդներ աղաւնիներ կը թռցնէին, եթէ աղաւնիները  երեք անգամ իր սիրաց աղջիկան տան վրայպտտէին ,նոյն աշնան այդ երետասարներու միջեւ կը կատարուէր հասնախօսութիւն.
Կան շատ հետազօտներ որոնքվարդավառը կը կապեն  ի յիշատակ Արարատ լեռան վրայ յայտնուածՆոյան Տապանի հետ, ըստ որոշ գիտնականերու կողմէ ալ կը կապուիՋրհեղեղի եւ Նոյի  Տապանէնիջնելու պահին հետ. Ըստ անոնց, երբ որ, Նոյ Հայրապետի ուղարկած աղաւնին վերադարձաւ իրկտուցին մէջ ձիթէնիի ճիւղ մը բերելով, տեսնելով այդ ճիւղը  Նոյ  հասկցաւ որ, ջրհեղեղի ջուրերը  աստիճանաբար ցածի իջած է  ու իր որդիներուն պատուիրեց որ,տարին մէկ անգամ իրարու ջուր թափեն, որպէսզի չմոռնան ջրհեղեղը:
Հեթանոսական շրջանին Հայոց սիրոյ եւ գեղեցկութեան աստուածուհին  Աստղիկն էր,ան  ունէր  Վահագն անունով սիրահար մը, ըստ աւանդութեան  ստորագետնեայ  աստուածը  կը գողնայ Աստղիկըիր ընտանիքէն, Աստղիկի սիրացեալ Վահագն յաղթելով Վիշապին կազատէ Աստղիկը եւ  յաղթանակիմեծ ուրախութիւնով  կը շրջի Արարատեան դաշտը ու մարդոց  կը սրսկէ վարդաջուր, անոնց կը նուիրէնաեւ կարմիր վարդեր: Ժողովուրդի լայն շրջանակներու կողմէ այս եղելութիւնը կը կապուի  նաեւվարդավառի աւանդութեան  հետ:
Վարդավառի տօնին կը կատարուէին նաեւ, դէպի նշանաւոր լեռներու սրբավայրեր ու ջուրերուակունքներ ուխտագնացութիւններ, որոնցմէ Մշոյ Սուրբ Կարապէտ Վանքը, այդուխտագնացութիւններու  նշանաւորներէն մին է:
Վարդավառի տօնին  տարիցները  մատաղացուի համար հանգանակութիւններ կը հաւաքէին, այսմատաղի հիմնական նպատակը, դաշտերը չորութիւնէ եւ այլ  զանազան աղէտներէ  պաշտպանել է, իսկերիտասարդներն ալ  բոցավառ  փայտակոյտներ կը վառէին  ու կրակի շուրջ խմբապարով , երգերով, խաղերով կը դիմաւորէին  լուսաբացը:
Ըստ աւանդութեան ինչպէս որ, առաջին խաղողն  խաղողօրհնեքին կուտենք, նոյնպէս ալ հինժամանկանին , մինջեւ  վարդավառ խնձոր չեր ուտուէր. Անցեալին Վարդավառը կը համարուէր նաեւ “Խնձորի Տոն”եւ տարուայ առաջին խնձորը կ’ուտուէր վարդավառին: Վարդավառի նախորդ օր Շաբաթ երեկոյին  ժողովուրդը կը հաւաքուէր  բացօդեայ դաշտվայրի մէջ ,անասուն կը մորթէին ,կրակ կը վառէին ու անասունը կը խորովէին,իսկ լուսաբացին  կրակի  մէջ  խնձոր կ’եփէին ու տարուայ առաջին խնձորը կ’ուտէին ,կ’երգէին ու կրակի շուրջ կը պարէին.Անցեալին մէջ Վարդավառ տօնը կ’անուանուէր նաեւ “ԽՆՁՈՐԻ ՏՈՆ”:
Յուլիս 2018 կիրակի օր, Համայն Հայ Աշխարհը  կը նշէ, Պայծառակերպութեան տօնը կամՎարդավառը,եկեղեցական ու աշխարհիկ բացառիկ արարողութիւներով, հանդէսներով եւ զանազանտօնակատարութիւններով.
Այս առիթով  սրտագին շնորհաւորանքներ  մեր  բոլոր Վարդուհի, Վարդ, Վարդավառ,,Վարդանոյշ,Վարդենի, Վարդերես, Վարդիթեր,Վարսենիկ, Լուսվարդ, Պայծառ, Ռօզա,Սիրվարդ,Վարդգէս,Նուարդ  անուններու անուանակոչութեան տօնին.
Տօքթ.Սարգիս Ատամ
Յուլիս 2018

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın