İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ամառային Կզիչ Օրերու Տաքութեան Յառաջացուցած Առողջական Հաւանական Վտանգներ

Ամառնային օրերուն երբ որ,եղանակի ջերմաստիճանը կը բարձրանայ,անոր զուգահեր ըլլալով կը բարձրանայ նաեւ մեր առողջութեան վերաբերեալ վտանգներու ռիսկերու հաւանականութիւնը:
Առողջ մարմին մը շուտով կրնայ յարմարիլ եղանակի գերատիճան ձեւով բարձացող ջերմութեան ,սակայն երախաները,Սիրտի,Անօթային ,Արեան Ճնշումի ,Շնչարութեան համակարգի խնդիրներ ունեցողները, Յղի կանայք,Ծերերը ,Շաքարախտ եւ Երիկամի  հիւանդները շատ  դժուար կը յարմարին ամառնային  եղանակի  կզիչ տաքութեան , որը  ծնունդ կրնայ տալ առողջութեան  խիստ ու  լուրջ խանգարումներու,որոնցմէ ամենալուրջն  է” Մարմինի  Հեղուկի Կորուստ”ը:
Ամռան ամիսներուն մեր մարմինը  առատ քրտինքի արտադրութիւով , Շնչարութեան համակարգի եւ Երիկամի ճամբով  առատօրէն հեղուկ կը կորսնցնէ, որը եթէ փոխ չի հատուցուի ,այսինքն պակասը չի լրացուի , յատկապէս Յղի կանանց, երեխաներու ,ծերերու եւ երկարատեւ հիւանդներու մօտ անցանկալի ու լուրջ առողջապահական խնդիրներու ծնունդ կուտայ. Հետեւաբար  մարմինի հեղուկի պակասը անպայման անյապաղօրէն  պէտք է որ, հաւասարակշռուի:
kalbi_olan_izlemesin_13917640670_h1125047
Ինչպէս որ,վերը յիշուեցաւ,ամառնային օրերուն , ի մասնաւորին  ծերերու , երկարատեւ հիւանդներու մօտ, կը  բարձրանայ նաեւ ” Ուղեղ”ի ,”Սիրտ”ի կաթուածի  հաւանականութիւնը:
Յատկապէս,Սիրտի,Անօթային ,Արեան ճնշումի խնդիր ունեցողներ ,Շաքարախտի հիւանդներ  ամառնային ամիսներուն ,օրական առնուազն 2-2,5 լիթր հեղուկ պէտք է որ խմեն, խուսափելու են նաեւ, չափէն աւելի ուտելէ, ալքօլային ըմպելիներ խմելէ, ծանր ու աշխոյժ աշխատանքներէ ու սբորթի ծանր մարզաձեւերէ.
Ընդհանուր առմամբ , ամառնային տաք օրերուն ,նախընտրելի է,թեթեւ ու բաց գոյն   հագուստնել հագուիլ,գլխու գլխարկ ու ամառային ակնոնց  գործածել:
Մարմինի հեղուկի կամ ջուրի պակասին հետ միասին կը խանգարուի  մեր մեզիլու համակարգի գործունէուէիւն,կը նուազի մեզի արտաքսումը,մեզը կը թանձրանայ եւ հոսանքը կը դանդաղանայ, որը կրնայ ծնունդ տալ մեզուղիի  բորբոքումի եւ քարերու կազմութեան. Հետեւաբար , թելադրելի է , ամառային ամիսներու հաճախակի մեզի գույնին ստուգումը: Եթէ, մեզի գոյնը ,բաց դեղին եւ մեզը հոսուն է ,այս կը նշանակէ թէ, մարմինը հեղուկի  խնդիր մը չունի, իսկ եթէ, մեզի գոյնը, մութ գոյն է եւ թանձր , այդ պարագային կը նշանակէ թէ, մարմինի հեզուկի պակաս ունի .
Ամառուայ ընթացքին մեր մորթը-մաշկ- երկար ժամանակ կ’երթարկուի ուլթրամանիշակագոյն  ճառագայթներու ազդեցութեան ,որը ծնունդ կրայ տալ  մորթային-մաշկային- փոփոխութիւններու , որոնք մորթի որոշ քացկեղի կրնար վերափոխուիլ , հետեւաբար արեւի ճառագայթներուն ուժեղ ազդեցիք եղող 10-16 ժամերու միջեւ խուսափելու ենք արեւի ճառագայթներու տակ երկար ատեն մնալէ.
Արեւի ճառագայթներէն  կարելի է  մասամբ պահպանուիլ  , մասնաւոր  զգեստներ ու քսուելիքներ օգտագործելով.
Ծայրահեղ քրտինքի արտադրութիւնը կը խոնաւցնէ մեր մորթը, հետեւաբար,ամառնային ամիսներուն հաճախակի է, մարմինի յօդուածներու շուրջ մորթի ծալքերու բորբոքումներ եւ սնկային վարակներ տեսնել. Ամառնային ամիներուն մորթի առողջապահական հաւանական ռիսկերու կամխարգիլման  համար ,թելադրելի է, ամառային օրերու համապատասխան հագուստներ հագուիլ եւ  հաճախակի օրէն խոնաւ ներքազգեստները  չոր ներքազգեստով փոխել, արեւի ճառագայփներէն  պահպանուիլ  ու պահպանիչ քսուքներ, գկխու գլխարկ օգտագործելով: Լուրջ դէպքերուն ի հարկ է մասնագէտ բժիշկի  դիմել:
Ամառային օրերուն սննդակարգի ճիշտ ընտրութիւնն ալ առողջութեան համար շատ կարեւոր է, ի մասնաւորին պէտք է օրական սպառել առնուազն  2 լիթր հեղուկ,ծառաւութիւնը եւ կամ ջրազրկումը  կրնայ ծնունդ տալ անցանակլի  շատ լուրջ առողջական  խանգարումներու :
Ամառնային օրերուն կը թելադրուի մեղր, միրգանուշ ,անուշեղէն,  ճարպային ուտեսեղէններէն խուսափիլ եւ նախընտրել բանջարեղէններ,միրգ, կաթնեղէն,ձաւարեղէն եւ աղցանի տեսակներ:
Սիրտի,Անօթի,Արեան գերճնշումի  հիւանդներ  զգոյշ ըլլալու են ,աղի ուտեսեղէն սպառելէ եւ հաճախակի ձեւով իրենց արեան ճնշումը  ստուգելու են, նոյն ձեւով ալ  իրենց արեան շաքարի քանակութիւնը ստուգելու են շաքարախտի հիւանդները:
Ըստ բժշկագիտական  հետազոտութեան  տուեալներու համաձայն,ամռան օրերուն ջերմաստիճանի իւրաքանչիւր 5 աստիճանի բարձրացումը ,% 7,5 տոկոսով  կը բարձրացնէ , “Միկրէն”-Գլխացաւ- ի յարձակումները եւ նաեւ եղանակի խոնաւութիւնը ու անսպասելի ջերաստիճանի փոփոխութիւնը այլ գործուններ են , որոնք “Միկրէն” ի յարձակումները  կրնան հրահարել:
Տոքթ.Սարգիս Ատամ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın