İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏԱՔ ԱՄԱՌԱՅԻՆ ՕՐԵՐՈՒՆ ՍՊՈՐԹԸ

Ամռան ամիսներուն երբ որ կլիման  կը տաքնայ,մեզմէ շատերուն ներաշխարհին մէջ ,նորութիւն մը կատարելու փափաքը եւ կամ հակումը կ’արթնայ:Այս զգացումի լոյսին տակ ,ամռան ամիսնեուն մարմինի առողջութիւնը պահպանելու  եւ կամ վերանորոգելու միտումին իրականցման համար լաւագոյն միջոցներէն մին  ալ ”Ամառային Սպորթ”ն է: Սակայն ամառային սպորթն ալ ունի իրէն յատուկ այնպիսի  հարկադրանքները եւ կամ մասնայատուկ պայմանները որոնք , անպայման հաշիւի առնել պէտք է, հակառակ պարագային փոխանակ մարմնի առողջութեան օգնական ըլլալու , մարմինը անցանկալի վնասուածքներու  կը հասցնէ.
Ինչ~ եր  են ,այդ  մասնայատուկ պայմանները
Bild einbinden
Ա- Նախ  շատ կարեւոր է ամառային Սպորթի   համար ժամանակի ընտրութիւնը:
     Հիմնականին ամառնային ամիսներուն սպորթի համար յատկապէս բաց օդեայ վայրեր եւ մասնաւորապէս առաւոտեան եւ կամ թէ երեկոյան ժամերը պէտք է որ  նախընտրել,այսինքն, երբ որ, արեւի ճառագայթները սպորթի  համար թոյլատու են.
Բ- Ամառնային ամիսներուն մեր մարմինը շատ աւելի հեղուկ եւ  հանքային աղեր կը  կորսունցնէ քան թէ, այլ եղանակներուն, ամառային սպորթի ընթացքին մեր մարմնի հեղուկի եւ աղի կորուստը  յաւելեալ ձեւով կ’աւելնայ, որը անպայման հաշիւի պէտք է առնել ,հետեւաբար օրուայ  հեղուկի եւ կամ ջուրի ընդնումը  օրական առնուազն 2,5 լիթրի հասցնել եւ այսպէսով  մարմնի հեղուկ  եւ աղի միջեւ համեմատութեան հաւասակշռութիւնը ապահովել.

Bild einbinden

Գ-Սպորթի ընթացքին մկաններու , յօդուածներու եւ կամ ոսկորներու անցանկալի որոշ վնասուածքներէ  հեռու  մնալու համար , պէտք է , ամառային սպորթին  թեթեւ ու դանդաղ ձեւով սկսել եւ աստիճանաբար արագանալ , ի մասնաւորին սիրտի , արեան գերճշնշումի, շաքարախտի, երիկամի  հիւանդները, յղիները,երեխաները եւ յաւելեալ կշիռք ունեցող գէրերը պարտաւորութիւն ունին  վերոյիշեալ այս կէտին  մասնաւոր ուշադրութիւնով մօտենալ  .
Դ-Յատկապէս ամառային սպորթի ընթացքին ,բարակ, թեթեւ, ամառային օրերու յարմար հագուստ պէտք է որ հանգնիլ
Ե- Ամառային Սպորթի ընթացքին մարմինը երբեք պէտք չէ որ բեռնաւորել ,կը թելադրուի  թէ սպորթի դանդաղօրէն սկսիլ եւ աստիճանաբար աշխոյժանալ. Ծայրահեղ  հոգնածութեան, սրտխառնութեան, գլխպտուտեան,իմացականութեան թեթեւ խանգարման պարագաներուն պէտք է անպայման  սպորթը անյապաղ ընդմիջել եւ պահ մը հանգիստանալ.
Ամառուայ օրերուն, բաց օդեայ վայրերու համար թելադրելի  մարզաձեւերէն  մի քանիները.
1-Հեծելանիւ Սպորթ:
Ինչպէս նաեւ կշիռքի կորուստի կողքին,Սիրտ-Անօթային ,Արեան Շրջանի համակարգի առողջութեան կապակցութեամբ ամառնային ամիսներուն  յատկապէս թելադրուած մարզաձեւերն մին է:Այս սպորթի միջոցով մարմինը կը կորսունցնէ շուրջ 200-300 գալօրի էնէրժի.
2-Քալել  եւ  Վազել:
Սիրտ-Անօթային , Արեան շրջանի համակարգի եւ  մարմնին մէթապօլիզմի գործունէուեան վրայ  նպաստին առումով,նախընտրլի ամառային մարզաձեւի  յարմարագոյներէն  մին եւ  թելադրէլի  է.
3-Լողալ:
 Ի մասնաւորին ամառնային ամիսներուն, ի բացարեալ մաշկի-մորթի որոշ հիւանդութիւններու, բոլորի համար  թելադրելի ու յարամագոյն  մարզաձեւ մըն է.
4- Բլաթէս
5- Եւ այլ ամառային մարզաձեւեր.
Տոքթ.Սարգիս Ատամ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın