İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՒԱՏՔԻ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ

Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած համահայկական երիտասարդաց հաւաքը երէկ սկսաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ «Դէպի հայրենիք, դէպի Սուրբ Էջմիածին» կարգախօսով կազմակերպուած այս հաւաքին հիմնական ծրագիրը կեանքի կը կոչուի Ծաղկաձորի մէջ։ Երէկ, համահայկական երիտասարդական հաւաքի սկիզբը տեղի ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Աւելի քան քսան երկիրներէ բազմահարիւր եկեղեցասէր հայ երիտասարդներ համախմբուեցան մայրավանքի տարածքէն ներս, ուր հանդիպում մը ունեցան Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հետ։ Երիտասարդները Նորին Սրբութիւնը դիմաւորեցին Հայրապետական մաղթանքի երգեցողութեամբ։ Ուխտաւոր երիտասարդները հոգեւոր դասու առաջնորդութեամբ աղօթեցին, շարականներ երգեցին եւ Ս. Աւետարանի ընթերցումներու հետեւեցան։ Այս բոլորէն վերջ Վեհափառ Հայրապետը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած ուխտաւոր հայորդիներու եւ աշխարհասփիւռ հայութեան բարօրութեան, Հայաստանի եւ Հայոց Եկեղեցւոյ պայծառութեան ու անսասանութեան համար։ Այս ծրագիրը ձօնուած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան հարիւրամեայ յոբելեանին։

Վեհափառ Հայրապետը երիտասարդներուն ուղղած պատգամին մէջ ըսաւ հետեւեալը. «Այս բոլորի մէջ, սիրելիներ, դուք պիտի անդրադառնաք ձեր կոչման ու առաքելութեան, ձեր դերակատարութեան։ Երիտասարդներդ ներուժն էք ազգի, հզօր ու շարժիչ ուժը եւ դուք պէտք է այդ վստահութեամբ հրաշագործութիւններ ընէք մեր հայրենական, ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ։ Դուք, որ համախմբուած էք եկեղեցւոյ կամարներու ներքեւ, դուք որ ձեր հոգին բացած էք Աստուծոյ, դուք, որ ձեր սիրտերուն մէջ կը կրէք Աւետարանի լոյսը, Քրիստոսի պատուիրաններն ու պատգամները, պիտի դառնաք աղը ազգային մեր կեանքի, համ պիտի տաք մեր կեանքին՝ ձեր արժանաւոր գործերով, ձեր նուիրեալ հաւատքով, ձեր հոգիէն ու շրթներէն առ Աստուած բարձրացող մշտահունչ աղօթքներով։ Ըստ Աւետարանի խօսքին՝ դուք պիտի ըլլաք լոյսը կեանքի՝ ձեր ներուժով ու հաւատքի զօրութեամբ»։

Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան խօսքէն վերջ երիտասարդները միասնաբար երգեցին «Էջ Միածինն ի Հօրէ» շարականը։

Հարկ է նշել, որ 2018 թուականը Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հռչակուած է Երիտասարդութեան տարի։


http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F5-07-2018-հաւատքի-զօրութիւն

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın