İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆԱՍԱ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ԹԵՐԶԵԱՆԸ

Ամերիկահայ գիտնական Տքթ. Երուանդ Թէրզեան կարեւոր նուաճումի մը հասած է իր ընդգրկած ասպարէզէն ներս։ Այսպէս, ՆԱՍԱ-ն իր բարձրագոյն պարգեւը՝ «Նշանակալից հանրային ծառայութեան համար» շքանշանը պիտի յանձնէ աստղագէտ, Քոռնելի համալսարանի դասախօս Երուանդ Թերզեանին:

«Նիուզ.քոռնել» կայքէջը կը հաղորդէ, որ շքանշանը պիտի յանձնէ ՆԱՍԱ-ի վարիչ Ճիմ Պրայտենշթայն՝ ՆԱՍԱ-ի Հիւսթընի մէջ գտնուող «Ճոնսըն» տիեզերական կեդրոնին մէջ: Արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ օգոստոս 2-ին եւ պիտի հեռարձակուի «ՆԱՍԱ Թի.Վի.»էն:

«Տքթ. Երուանդ Թերզեան իր կեանքը նուիրած է կրթութեան, հանրային ծառայութեան եւ գիտական հետազօտութիւններուն։ Ան մեծ ազդեցութիւն ունեցած է երիտասարդ ուղեղները ոգեշնչելու եւ կրթելու գործին մէջ», նշուած է ՆԱՍԱ-ի՝ պարգեւին համար նախապատրաստուած խօսքին մէջ:

Թերզեան 8 տարի
աշխատած է ՆԱՍԱ-ի յանձնախումբերուն
մէջ, 20 տարի ղեկավարած է ՆԱՍԱ-ի՝ Նիւ
Եորքի տիեզերական
դրամաշնորհներու համախմբումը, որ կը ներառէ 19 համալսարան եւ գիտական կեդրոն:

Բացի ատկէ, Թերզեան 12 տարի աստղագիտութեան նիւթով դասախօսութիւններ տուած է Ամերիկացի աստղագէտներու ընկերակցութեան անդամներուն համար՝ այդ ընթացքին ճամբորդելով նահանգէ նահանգ:

Կը նշուի, որ հայ գիտնականը ծանօթ է աստղային եղափոխութեան ոլորտին մէջ իր ուսումնասիրութիւններով, ինչպէս նաեւ հեռաւոր մոլորակային համակարգերու միջեւ ջրածնային գօտիներու յայտնագործումով:

Թերզեան աւելի քան 235 գիտական յօդուածի համահեղինակ է եւ 7 գիրքի խմբագիր:

Նախապէս ան իր ձեռքբերումներուն համար ՆԱՍԱ-ի կողմէ արժանացած է «Լայֆթայմ Աչիվմընթ» մրցանակին:

Թերզեան ծնած է 1939-ին Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքին մէջ: Հայրը հայ էր, մայրը՝ յոյն: Դպրոցը աւարտած է Աղեքսանդրիոյ մէջ եւ ուսանած է Գահիրէի Ամերիկեան համալսարանին մէջ: 1960-ին փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ, 1963-ին Ինտիանա համալսարանէն ստացած է աստղագիտութեան մագիստրոսի, իսկ աւելի ուշ՝ 1965-ին՝ գիտութիւններու տոքթորի աստիճան: Նոյն տարին, Թերզեանի գիտական եւ մանկավարժական գործունէութիւնը առընչուած է Քոռնելի համալսարանին հետ:


http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F4-07-2018-նասա-կը-պարգեւատրէ-թերզեանը

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın